Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Վեհափառ Մօտէն Կը Հետեւի Սուրիոյ Երկրաշարժին Պատճառով Հայ Համայնքին Հասած Մարդկային Եւ Նիւթական Վնասներուն

Արամ Ա. Վեհափառ Մօտէն Կը Հետեւի Սուրիոյ Երկրաշարժին Պատճառով Հայ Համայնքին Հասած Մարդկային Եւ Նիւթական Վնասներուն

Երկուշաբթի, 6 փետրուար 2023-ին ամբողջ օրը, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Սուրիոյ հայ համայնքի հոգեւոր ու աշխարհական պատասխանատուներուն հետ մնայուն կապի մէջ եղաւ՝ մօտէն հետեւելով երկրաշարժին յառաջացուցած վնասներուն ու աւերներուն։ - Ստացուած տեղեկութիւններուն համաձայն, ցարդ ունինք չորս զոհեր. յատկապէս Հալէպի մէջ բաւական նիւթական վնասներ արձանագրուած են։ Լաթաքիոյ եւ Քեսապի վնասները յարաբերաբար աւելի նուազ են։ - Հալէպի մէջ Ազգային առաջնորդարանը եւ համայնքի...

Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Ուսանողական,  Երիտասարդական Եւ Պատանեկան Միութիւններու  Համագումարի (Երեւան-Սիւնիք 6-10 Փետրուար 2023)

Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Ուսանողական, Երիտասարդական Եւ Պատանեկան Միութիւններու Համագումարի (Երեւան-Սիւնիք 6-10 Փետրուար 2023)

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական խորհուրդին եւ գրասենեակին, 6 փետրուար 2023-ին Երեւանի մէջ մեկնարկը կատարուեցաւ ՀՅԴ ուսանողական, երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններու համագումարին: Տարբեր տարածաշրջաններէ (14 երկիրներէ) համագումարին կը մասնակցին ՀՅԴ երիտասարդական, ուսանողական եւ պատանեկան 33 միութիւններէ 58 անդամներ (Հայաստան, Արցախ (հեռակայ), Սուրիա, Լիբանան, Իրան (Թեհրան, Նոր Ջուղա), Քանատա, Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ, Հարաւային Ամերիկա, Հոլանտա, Շուէտ, Ֆրանսա, Աւստրալիա…): Հնգօրեայ...

Երկրաշարժի Սարսափն Ալ Աւելցաւ  Մեր Առօրեայ Մտահոգութիւններուն

Երկրաշարժի Սարսափն Ալ Աւելցաւ Մեր Առօրեայ Մտահոգութիւններուն

Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Դիմատետրի իր էջին վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Լիբանանահայութեան դիմագրաւած վերջին տարիներու ապահովական, տնտեսական, անկայուն իրավիճակին եւ մանաւանդ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին անմոռանալի ցնցումին կողքին, այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերէն աւելցաւ երկրաշարժի սարսափը, որ բնութեան աղէտներէն մէկն է եւ որուն մտահոգութիւնը կ՛ապրինք բոլորս: Մտահոգութիւն մը, որ ա՛լ աւելի ծանրացուց մեր արդէն իսկ առօրեայ պայքարով...

Շրջափակման 56-րդ Օրը.  Ստեփանակերտի Մէջ Վառարան Եւ Վառելափայտ  Կը Տրամադրեն Բնակիչներուն

Շրջափակման 56-րդ Օրը. Ստեփանակերտի Մէջ Վառարան Եւ Վառելափայտ Կը Տրամադրեն Բնակիչներուն

Երէկ այսպէս կոչուած ազրպէյճանցի «բնապահպան»-ներու կողմէ Արցախը Հայաստանին միացնող միակ ճամբուն` Բերձորի միջանցքի փակման 56-րդ օրն էր: Կազամատակարարման վերականգնումէն ետք պետական ծրագիրով վառարանի եւ վառելափայտի տրամադրման ծրագիրը որոշակի փոփոխութիւններու ենթարկուած է: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրային պատկերասփիւռի կայանէն: Առաջնահերթութիւնները վերատեսութեան ենթարկուած են, յստակացուած են: Վառարան ու փայտ կը տրամադրեն նախ եւ առաջ խոցելի հատուածին, այս պարագային անոնց, որոնք կազով...

Ֆրանսա Կոչ Կ՛ուղղէ Անյապաղ Ազատ Արձակելու  Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայ Գերիները

Փարիզ. «Անվերապահօրէն Կ՛աջակցինք Եւրոպական Միջնորդութեան Եւ Կ՛ուզենք, Որ Հայաստան – Ազրպէյճան Բանակցութիւնները Վերսկսին»

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ան Քլեր Լըժանտր «Էռ.Թէ.Վէ.Ի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձած է շրջափակուած Արցախի կացութեան: «Այսօր մենք չափազանց մտահոգ ենք Լաչինի միջանցքի շրջափակումով, մենք անընդհատ կը պահանջենք, որ այդ միջանցքը ապաշրջափակուի, եւ բնակչութեան մատակարարուի պարենային եւ մարդասիրական օգնութիւն: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լուրջ մարդասիրական ճգնաժամի իրական վտանգ կայ: Բացի ատկէ, մենք կ՛ուզենք եւ կ՛աջակցինք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններու...

«Հայաստանը Պէտք Է Սեղմէ Խաղաղութեան Ձեռքը,  Որ Իրեն Երկարած Են Ալիեւն ու Էրտողանը»  Կ՛ըսէ Աքար

«Հայաստանը Պէտք Է Սեղմէ Խաղաղութեան Ձեռքը, Որ Իրեն Երկարած Են Ալիեւն ու Էրտողանը» Կ՛ըսէ Աքար

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար թրքական «Միլլիեթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձած է հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն: «Հայաստանը պէտք է սեղմէ խաղաղութեան ձեռքը, որ իրեն երկարած են Իլհամ Ալիեւն ու Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը: Տրամաբանական չէ, որ Հայաստանը դուրս կը մնայ ազդեցութեան ոլորտէն եւ կ՛երազէ: Խորհուրդ կու տանք օգտագործել ընձեռուած կարելիութիւնը», ըսած է Աքար: «Զանգեզուրի միջանցքը» եւ ատոր ճամբով անցնող երկաթուղիներն ու մայրուղիները...

Թուրքիոյ Առեւտուրի Նախարարը Ըսած Է,  Թէ Ո՛ր Պարագային Պիտի Բացուին  Հայաստանի Հետ Սահմանները

Թուրքիոյ Առեւտուրի Նախարարը Ըսած Է, Թէ Ո՛ր Պարագային Պիտի Բացուին Հայաստանի Հետ Սահմանները

Թուրքիան պատրաստ է բանալու Հայաստանի հետ սահմանները: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ առեւտուրի նախարար Մեհմետ Մուշը` ընդգծելով, որ այդ հարցը կախեալ է Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումէն: «Եթէ քաղաքական կայունութիւն ձեռք բերուի, Կարսի սահմանային անցակէտերը պիտի բացուին, ինչ որ պիտի յանգեցնէ երկկողմանի առեւտուրի զգալի աշխուժացման», ըսած է ան եւ աւելցուցած. «Թուրքիան պատրաստ է կարելի եղածին չափ արագ վերականգնելու ենթակառոյցները...

Ակնարկ.  Անթիլիաս-Պքերքէով Մեկնարկած Զուտ Լիբանանեան Օրակարգը

Ակնարկ. Անթիլիաս-Պքերքէով Մեկնարկած Զուտ Լիբանանեան Օրակարգը

Մարոնի պատրիարքին այցելութիւնը Անթիլիաս հերթական շրջայցի շարքին մէջ չէր տեղաւորուեր: Յատուկ այցելութիւն էր վեհափառ հայրապետին եւ ունէր մէկ օրակարգ` Լիբանանի նախագահի ընտրութիւն: Այս հանգոյցը հիմնական օրակարգ էր նաեւ անցնող ամիս դէպի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն արձանագրուած դիւանագիտական եռուզեռին ընթացքին: Արդարեւ, Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ Քաթար, անցնելով Սէուտական Արաբիայէն եւ Իրանէն, Լիբանանի մէջ գործող դիւանագիտական ներկայացուցիչները խորհրդակցած էին վեհափառ հայրապետին հետ հիմնականին...

Ազրպէյճանի Կողմէ Լաչինի Միջանցքի Փակման  Հետեւանքով Առնուազն 5100 Մարդ Կորսնցուցած Է  Աշխատանքը Եւ Եկամուտի Աղբիւրը

Ազրպէյճանի Կողմէ Լաչինի Միջանցքի Փակման Հետեւանքով Առնուազն 5100 Մարդ Կորսնցուցած Է Աշխատանքը Եւ Եկամուտի Աղբիւրը

Արցախի տեղեկատուական շտապը ներկայացուցած է շրջափակման 54-րդ օրուան տեղեկագիրը 2 փետրուարի դրութեամբ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը, Արցախի տեղեկատուական շտապի հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ 7 երեխայ կը գտնուի մանկական հիւանդանոցի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ: 12 չափահաս բուժառու գտնւում է վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ, անոնցմէ 5-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ է, 568 քաղաքացի զրկուած է վիրահատուելու միջոցով առողջական խնդիրներու լուծման կարելիութենէն:...

Նետերլանտներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնը Բերձորի Միջանցքի  Վերաբացման Համար Ուղիներ Կը Փնտռէ

Նետերլանտներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Բերձորի Միջանցքի Վերաբացման Համար Ուղիներ Կը Փնտռէ

Նետերլանտներու արտաքին գործոց նախարարը խորհրդարանին ուղղուած իր հաշուետուութեան մէջ արձանագրած է, որ 23 յունուարին կայացած Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց խորհուրդի նիստին Նետերլանտները եւ Եւրոպական Միութեան անդամ շարք մը այլ երկիրներ մտահոգութիւն արտայայտած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական կացութեան շուրջ` նշելով, որ 12 դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր Բերձորի միջանցքը փակուած է ազրպէյճանական ինքնահռչակ «բնապահպաններու» կողմէ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, ինչպէս կը տեղեկացնէ Նետերլանտներու...

Միքաթի Կառավարութիւնը Դարձեալ  Նիստի Մը Կը Հրաւիրէ

Միքաթի Կառավարութիւնը Դարձեալ Նիստի Մը Կը Հրաւիրէ

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի կը ծրագրէ կառավարութիւնը նիստի մը հրաւիրել երկուշաբթի, 6 փետրուար 2023-ին` քննարկելու համար կրթական մարզին վերաբերող շարք մը հարցեր եւ կայացնելու որոշումներ, որոնք կարեւոր են կրթութեան մարզը աշխուժացնելու համար: Միւս կողմէ, Միքաթի  երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան եւ պետական պատկերասփիւռի կայանին վերաբերող հարցեր: Կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Միքաթի վարչապետարանին մէջ...

Ակնարկ.  «Թրանս Կովկաս»-ը Փոխան 3+3-ի

Ակնարկ. «Թրանս Կովկաս»-ը Փոխան 3+3-ի

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հրապարակած «Թրանս Կովկաս»-ի նախագիծը կը թուի, որ Անգարայի նոր նախաձեռնութիւնն է: Չաւուշօղլուն, անդրադառնալով տարածաշրջանին մէջ հեռահաղորդակցութիւններու զարգացման հարցերուն, նշած է, որ Թուրքիան, Ազրպէյճանը, Վրաստանը եւ Իրանը եռակողմ եւ քառակողմ ձեւաչափերով կ՛աշխատին օգտագործել այդ կարելիութիւնները: «Թրանս Կովկաս» անուանուող ծրագիրին մասին խօսելով Չաւուշօղլուն յոյս յայտնած է, որ Հայաստանը եւս կը միանայ: Նախքան Հայաստանի միացման ակնկալութիւնը քննելը, նախ նկատենք,...

Արմէն Ռուստամեան Եւ Իշխան Սաղաթէլեան  Հանդիպած Են Ֆրանսայի Դեսպանին Հետ

Արմէն Ռուստամեան Եւ Իշխան Սաղաթէլեան Հանդիպած Են Ֆրանսայի Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան 2 փետրուարին հանդիպած են Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անն Լույոյի հետ: Հանդիպումին քննարկուած հիմնական նիւթը եղած է Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը եւ Բերձորի միջանցքի փակ ըլլալուն հետեւանքով յառաջացած խնդիրները:  

Լաւրով. «Եթէ Հայաստան  Տակաւին Շահագրգռուած Է,  ՀԱՊԿ-ի Առաքելութիւնը Կրնայ Մէկ-Երկու  Օրուան Ընթացքին Տեղակայուիլ»

Լաւրով. «Եթէ Հայաստան Տակաւին Շահագրգռուած Է, ՀԱՊԿ-ի Առաքելութիւնը Կրնայ Մէկ-Երկու Օրուան Ընթացքին Տեղակայուիլ»

Հայաստանի մէջ ՀԱՊԿ-ի առաքելութիւն տեղակայելու Ռուսիոյ առաջարկը տակաւին արդիական է, եթէ Հայաստանը տակաւին շահագրգռուած է, առաքելութիւնը կրնայ մէկ-երկու օրուան ընթացքին տեղակայուիլ: Երէկ այս մասին «Ռոսիա 24» պատկերասփիւռի եւ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: «Առաջարկը տակաւին սեղանի վրայ է, եւ եթէ մեր հայ դաշնակիցներն ու ընկերները տակաւին շահագրգռուած են ատով, ապա...

Ռայի Պատրիարքը Այցելեց  Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Յ. Բագրատունի Կ՛ողջունէ Պքերքէի Հրաւէրը` Հաստատելով, Որ ՀՅԴ-ն Պիտի Ըլլայ Առաջին Ընդառաջողը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Թուիթըրի ընդմէջէն կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Մեկնելով երկխօսութեան զօրակցելու մեր մնայուն կեցուածքէն, բարձր կը գնահատենք Պքերքէի մէջ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն կողմէ հանդիպումի մը հրաւէրը` նախագահական ընտրութեան թղթածրարին մասին քննարկումներ կատարելու եւ լուծումի մը յանգելու երկխօսութիւն կատարելու համար: Համոզուած ենք, որ տագնապներուն լուծման միակ միջոցը երկխօսութիւնն է: Եւ կը հաստատենք,...

Պքերքէի Մէջ.   Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերու  Հանդիպում

Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերը Կոչ Ուղղեցին Քրիստոնեայ Երեսփոխաններուն Պքերքէի Մէջ Ձեռնարկելու Նախագահական Ընտրութեան Նախաձեռնութեան Մը

Նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, նախանցեալ երեկոյեան ժամը 5:00-ին Պքերքէի մէջ տեղի ունեցաւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպում մը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Ներկայ էր նաեւ Միացեալ Արաբական Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Օմանի թեմի առաջնորդ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող ներկայ իրադարձութիւնները, սկսեալ` ընկերային եւ տնտեսական կացութենէն, հասնելով մինչեւ քաղաքական ճնշող տագնապը:...

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար

Մեր Ընթերցողներուն. «Ազդակ»-ը Նոր Հատավաճառով Եւ Նոր Բաժանորդագինով

«Ազդակ»-ի վարչական բաժանմունքը, երկար քննարկումներէ ետք, հարկադրաբար որոշեց բարձրացնել թերթին հատավաճառն ու բաժանորդագինը: Լիբանանեան դրամանիշի շարունակուող արժեզրկումը, որուն դիմաց ծախսերու սրընթաց աճը մեզ կը պարտաւորեցնեն ճշդելու նոր սակագիներ: Կը գիտակցինք, որ դրամանիշի անկումի այս ընթացքը կրնայ իմաստազրկել նաեւ նոր գինը: Այդուհանդերձ պիտի փորձենք սղաճի նոր ոստումներուն չյանձնուիլ եւ թերթին փոխարժէքը  յարափոփոխ չդարձնել, ինչպէս ըրինք մինչեւ հիմա: Գինը անփոփոխ պահելու որոշումը...

Շրջափակման 52-րդ Օրը.  Արցախի Մէջ Շրջափակման Տնտեսական  Եւ Ընկերային Հետեւանքներու Մեղմացումին  Ուղղուած Միջոցառումներ Պիտի Իրականացուին

Շրջափակման 52-րդ Օրը. Արցախի Մէջ Շրջափակման Տնտեսական Եւ Ընկերային Հետեւանքներու Մեղմացումին Ուղղուած Միջոցառումներ Պիտի Իրականացուին

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի ղեկավարութեամբ 1 փետրուարին տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին ներկայացուած են շրջափակման տնտեսական եւ ընկերային հետեւանքներու մեղմացման ուղղուած միջոցառումները: «Մենք կը փորձենք առաւելագոյնս աջակցիլ, որպէսզի աշխատատեղերը պահպանուին: Ցաւօք, այս իրավիճակին մէջ շատերը կորսնցուցած են աշխատանքը: Մշակուած ծրագիրներուն միջոցով պիտի փորձենք ըստ կարելւոյն աջակցիլ թէ՛ տնտեսվարողներուն, թէ՛ ընկերային գետնի վրայ աւելի դժուար վիճակի մէջ յայտնուած քաղաքացիներուն», ինչպէս...

Եւրոպական Խորհրդարանը Խիստ Կերպով  Կը Քննադատէ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ  Թուրքիոյ Ապակայունացնող Դերը

Եւրոպական Խորհրդարանը Դատապարտած Է Արցախի Մէջ Հայկական Մշակութային Արժէքներու Ոչնչացման Ուղղուած Ազրպէյճանի Շարունակական Քաղաքականութիւնը

Եւրոպական խորհրդարանը որդեգրած է «Մշակոյթի համար նոր եւրոպական օրակարգի եւ միջազգային մշակութային յարաբերութիւններու համար Եւրոպական Միութեան նոր ռազմավարութեան իրականացում» բանաձեւը: Բանաձեւին մէջ անդրադարձ կը կատարուի հակամարտային գօտիներու մէջ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան հարցերուն եւ կը դատապարտուի վերջին տագնապներուն ժամանակ պատմական, գեղարուեստական եւ մշակութային ժառանգութեան նպատակաուղղուած ոչնչացումը: Եւրոպական խորհրդարանի անվտանգութեան ու պաշտպանութեան հարցերով ենթայանձնախումբի նախագահ Նաթալի Լուազոյի (Ֆրանսա) ստորագրած եւ նոյն խմբակցութեան...

Ազրպէյճանի Դեսպանի Հետ  Հանդիպումի Ընթացքին.  Բրիտանիոյ Եւրոպայի Հարցերով Պետական  Նախարարը Շեշտած Է Բերձորի Միջանցքը  Վերաբանալու Հրատապ Անհրաժեշտութիւնը

Ազրպէյճանի Դեսպանի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Բրիտանիոյ Եւրոպայի Հարցերով Պետական Նախարարը Շեշտած Է Բերձորի Միջանցքը Վերաբանալու Հրատապ Անհրաժեշտութիւնը

Պէտք է ճնշում գործադրել հայ պատերազմական գերիներու սպանութիւններու անկախ հետաքննութեան եւ Բերձորի միջանցքի վերաբացման ուղղութեամբ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, Բրիտանիոյ Համայնքներու պալատին մէջ հարցուպատասխանի ժամանակ նման խնդիր բարձրացուց երեսփոխան Ռուփա Հաք: Նախքան երեսփոխանի խօսք արտասանելը, Բրիտանիոյ ձեռնարկած քայլերուն մասին խօսեցաւ Բրիտանիոյ Եւրոպայի հարցերով պետական նախարար Լէօ Տոքըրթին: «Մենք կը ձգտինք բանակցութիւններուն վերադառնալ եւ հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման: Ես 18 յունուարին...

Page 253 of 796 1 … 252 253 254 … 796

Արխիւներ