«Հայաստան կը շարունակէ խուսափիլ ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարումէն», երէկ Պաքուի մէջ Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու ծառայութեան Արեւելեան գործընկերութեան գծով յատուկ բանագնաց Տերք Շուպըլի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«Մտահոգիչ է, որ Հայաստանի կողմէ վերջին շրջանին գործուող սադրանքներու աշխուժացումը համընկնած է Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան տեղակայման հետ: Երեւանը պէտք չէ չարաշահէ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ներկայութիւնը` զայն իբրեւ պատրուակ օգտագործելով երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած հոլովոյթին վնասելու նպատակով», յայտարարած է ան: