«Հայաստանի եւ Սլովաքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր Սլովաքիան Հայաստանի կարեւոր գործընկերներէն է: Վստահ եմ, որ խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը էական դեր պիտի խաղայ հայ-սլովաքեան երկկողմանի օրակարգի յառաջխաղացման գործին մէջ, եւ բարեկամական խումբերը պիտի կարենան վճռորոշ դեր ունենալ այդ հարցին մէջ», ընդունելով Սլովաքիոյ Ազգային խորհուրդի արտաքին յանձնախումբի նախագահ Մարիան Քերիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը` այս մասին ըսած է Ազգային ժողովի Հայաստան-Սլովաքիա բարեկամական խումբի ղեկավար Արծուիկ Մինասեան:
Արծուիկ Մինասեան բարձր գնահատած է Մարիան Քերիի անձնական ներդրումը Սլովաքիոյ խորհրդարանին մէջ 2020-2021 թուականներուն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ երկու բանաձեւերու ընդունման գործին մէջ: Անոնցմով Ազրպէյճանէն կը պահանջուէր ազատ արձակել հայ ռազմագերիները եւ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ պաշտպանել հայկական մշակութային ժառանգութիւնը: «Ցաւօք, մինչեւ հիմա Ազրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւնները կը շարունակուին մարդկութեան դէմ», շեշտած է Մինասեան:
«Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղարը բարձր գնահատած է Սլովաքիոյ աջակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հետ կապուած Եւրոպական Միութեան դիրքորոշման ձեւաւորման, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան երկարաժամկէտ քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան տեղակայման հարցերուն մէջ: Անոր համաձայն, այս առաքելութիւնը պէտք է դիտարկուի Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման, այլ ոչ թէ շրջանին մէջ Արեւմուտք-Ռուսիա փոխյարաբերութիւններու պարունակին մէջ:
Արծուիկ Մինասեան հիւրերուն ներկայացուցած է Բերձորի միջանցքի շրջափակումէն ետք Արցախի մէջ ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակը: Ան նշած է, որ Ազրպէյճանը հրապարակային կերպով կ՛արհամարհէ միջազգային հանրութեան կարծիքը, չի կատարեր ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումը: Ըստ անոր, Ազրպէյճանի այս գործողութիւնները կոպտօրէն կը խախտեն ոչ միայն եւրոպական արժէքները, այլ նաեւ եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները: «Կարեւոր է, որ միջազգային հանրութիւնը մեծցնէ ճնշումը Պաքուի վրայ` դադրեցնելու հակահայ քաղաքականութիւնը եւ ցեղային զտումը», ըսած է բարեկամական խումբի ղեկավարը եւ աւելցուցած, որ Ազրպէյճանը ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան նկատմամբ իր յարձակողապաշտութիւնը կը դրսեւորէ, այլեւ բռնագրաւած է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներ:
Բարեկամական խումբի ղեկավարը ընդգծած է երկու երկիրներու քաղաքական երկխօսութեան ուժականութիւնը, կարեւոր նկատած է խորհրդարանական փոխադարձ գործակցութիւնը, փոխադարձ այցելութիւններու անհրաժեշտութիւնը: Խօսելով միջազգային կառոյցներուն մէջ խորհրդարանական պատուիրակութիւններու համագործակցութեան մասին` Արծուիկ Մինասեան կարծիք յայտնած է, որ պէտք է ջանքեր գործադրել այդ շփումները աշխուժացնելու ուղղութեամբ: «Լաւագոյն օրինակը Եւրոպական խորհրդարանի սլովաք պատգամաւորներու հետ մեր աշխատանքն էր Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ կարեւոր բանաձեւերու ընդունման ժամանակ», ըսած է ան:
Սլովաքիոյ խորհրդարանի արտաքին յանձնախումբի նախագահը նշած է, որ իրենք տեղեկացուած են Բերձորի միջանցքի շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած դժուարին իրավիճակի, ազրպէյճանական կողմի` բնապահպանական խնդիրներու մասով կեղծ յայտարարութիւններու մասին: Ըստ անոր, հայ-սլովաքեան բարեկամական յարաբերութիւններու հաստատումն է նաեւ այն, որ իրենց խորհրդարանին մէջ քննարկումներու ժամանակ սուր մօտեցումներ կը հնչեն Ազրպէյճանի գործունէութեան հետ կապուած: Մարիան Քերի գոհունակութեամբ նշած է այն հանգամանքը, որ Եւրոպական Միութիւնը կը ձգտի դառնալ երրորդ կողմ` նպաստելով այս տագնապի ժամանակին եւ ճիշդ հանգուցալուծման: