Պքերքէի Մէջ. Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերու Հանդիպում
Նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին Պքերքէի մէջ տեղի ունեցաւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպում. անոնց շարքին էր նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Կը նախատեսուէր, որ այս հանդիպումէն ետք հրապարակուի հաղորդագրութիւն մը: Նշենք, որ Ռայի պատրիարքին կողմէ Արամ Ա. վեհափառին այցելութեան ընթացքին քննարկումներուն ընդմէջէն ծնած էր քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումին մասին առաջարկ մը, որմէ...




















