Գլխաւոր լուրեր

Հայաստան Ցամաքային Սահմանով 100 Թոն  Մարդասիրական Օգնութեամբ Բեռնաւորուած  Բեռնատարներ Ուղարկած Է Թուրքիա

Հայաստան Ցամաքային Սահմանով 100 Թոն Մարդասիրական Օգնութեամբ Բեռնաւորուած Բեռնատարներ Ուղարկած Է Թուրքիա

Հայաստան 11 փետրուարին ցամաքային սահմանով մարդասիրական օգնութեամբ բեռնաւորուած բեռնատարներ ուղարկած է Թուրքիա: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան: «Այսօր Հայաստանը մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած է Թուրքիա: Մարդասիրական օգնութեամբ բեռնատարները սահմանին հատած են Մարգարայի կամուրջը եւ կ՛ուղեւորուին երկրաշարժէն տուժած շրջան», յայտնած է բանբերը «Թուիթըր»-ի իր էջին մէջ: Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու հարցով Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ...

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը, Գերագոյն Մարմինի  Անդամներն ու «Հայաստան» Խմբակցութեան  Պատգամաւորները Հանդիպած Են Սուրիոյ Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը, Գերագոյն Մարմինի Անդամներն ու «Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Սուրիոյ Դեսպանին Հետ

10 փետրուարին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորութեամբ, ՀՅԴ Բիւրոյի, Հայաստանի Գերագոյն մարմինի եւ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներու միացեալ պատուիրակութիւնը այցելած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան դեսպանատուն: Դեսպան դոկտ. Նորա Արիսեանին ՀՅ Դաշնակցութեան համահայկական ընտանիքին անունով Յակոբ Տէր Խաչատուրեան յայտնած է Սուրիոյ ղեկավարութեան ու ժողովուրդին ուղղուած ցաւակցութիւններն ու զօրակցութիւնը: Ան յոյս յայտնած է, որ տասնամեայ ահաբեկչական...

Երկրաշարժին Հետեւանքով Ալեքսանտրէթի Մէջ  Հայ Ընտանիքի 3 Անդամներ Զոհուած Են

Երկրաշարժին Հետեւանքով Ալեքսանտրէթի Մէջ Հայ Ընտանիքի 3 Անդամներ Զոհուած Են

Երկրաշարժին հետեւանքով Ալեքսանտրէթի մէջ հայ ընտանիքի 3 անդամներ զոհուած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար» շաբաթաթերթը: «Երէկ երեկոյեան, Հալէպի Հայ մարմնակրթական միութեան (ՀՄՄ-ի) վարչութիւնը խոր կսկիծով գուժեց մահը երկուշաբթի, 6 փետրուար 2023-ին աղէտալի երկրաշարժին հետեւանքով Ալեքսանտրէթի (Իսկենտերուն-Թուրքիա) մէջ զոհուած Մեսրոպեան ընտանիքի անդամներուն` Հալէպի ՀՄՄ-ի տիկնանց վարչութեան նախկին ատենապետուհի Դշխուն Մեսրոպեանի եւ իր երկու զաւակներուն` Արմիկ եւ Մեսրոպ Մեսրոպեաններուն, որոնք եղած...

Երկրաշարժի Լիբանանցի Զոհերու  Եւ Փրկուածներու Լուրերուն Զուգահեռ Երկրին  Տագնապները Աւելի Եւս Կը Սրին

Երկրաշարժի Լիբանանցի Զոհերու Եւ Փրկուածներու Լուրերուն Զուգահեռ Երկրին Տագնապները Աւելի Եւս Կը Սրին

Թուրքիան եւ Սուրիան հարուածած երկրաշարժին, տակաւին արձանագրուող յետցնցումներուն, զոյգ երկիրներուն մէջ որոնողական աշխատանքներու շարունակութեան եւ մարդկային ահաւոր այս աղէտին լուրերը տակաւին կը մնան տիրական Լիբանանի մէջ, որ իր բաժին ցնցումը կրած էր եւ հրաշքով փրկուած հսկայ աղէտէ մը: Թուրքիոյ մէջ լիբանանցի քաղաքացիներու որոնողական աշխատանքները եւս կը շարունակուին, սակայն աւելի տկար թափով, իսկ երկրաշարժի գօտիին մէջ գտնուող լիբանանցիներուն մասին պաշտօնական լուրերը...

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Հանդիպած Է  ՀՅԴ Հայաստանի Կառոյցի Մարմիններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Հանդիպած Է ՀՅԴ Հայաստանի Կառոյցի Մարմիններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

8 փետրուարին Երեւանի մէջ` ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնի մեծ սրահին մէջ, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախաձեռնութեամբ հանդիպած է ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցի մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ներկայացուցած է աշխարհաքաղաքական զարգացումները եւ անոնց ազդեցութիւնները Հայաստանի վրայ: Տէր Խաչատուրեան անդրադարձած է ինչպէս համընդհանուր զարգացումներով պայմանաւորուած իրողութիւններուն, այնպէս ալ առանձին երկիրներու մէջ ստեղծուած իրավիճակներու...

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը  Հրատապ Մարդասիրական Աջակցութիւն  Կը Ցուցաբերէ Սուրիոյ Հայ Համայնքին

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը Հրատապ Մարդասիրական Աջակցութիւն Կը Ցուցաբերէ Սուրիոյ Հայ Համայնքին

Հաշուի առնելով 6 փետրուարին տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժը, ինչ որ աւելի խորացուց Սուրիոյ մէջ արդէն տարիներ շարունակուող մարդասիրական ճգնաժամը, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը նիւթական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ գործող 15, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի հայ կրթական հաստատութիւններուն: Հիմնադրամի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինին` «Ֆրանսայի հայկական հիմնադրամ»-ին կողմէ տրամադրուած 100...

«Ֆրանսան Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Վերականգնելու  Լաչինի Միջանցքով Ազատ Տեղաշարժը»  Կ՛ըսէ ԵԱՀԿ-ի Մէջ Ֆրանսայի Ներկայացուցչութիւնը

«Ֆրանսան Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Վերականգնելու Լաչինի Միջանցքով Ազատ Տեղաշարժը» Կ՛ըսէ ԵԱՀԿ-ի Մէջ Ֆրանսայի Ներկայացուցչութիւնը

Ֆրանսան պիտի շարունակէ ներդրում ունենալ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան զարգացման ջանքերուն մէջ: Այս մասին յայտնած է ԵԱՀԿ-ի մէջ Ֆրանսայի ներկայացուցչութիւնը: «Եւրոպական Միութեան հետ միատեղ, Ֆրանսան պիտի շարունակէ ներդրում ունենալ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան զարգացման ջանքերուն մէջ, ներառեալ ԵԱՀԿ-ի ծիրին մէջ: Ֆրանսան Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ վերականգնելու անցեալ տարուան 12 դեկտեմբերէն փակուած Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժը», կը նշուի ներկայացուցչութեան «Թուիթըր»-ի...

«Իրանն ու Հայաստանը Պիտի Չարտօնեն Որեւէ  «Միջանցք» Ստեղծուի, Իրանը Ուշադրութեամբ  Կը Հետեւի Սահմանային Իրողութիւններուն»  Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը

«Իրանն ու Հայաստանը Պիտի Չարտօնեն Որեւէ «Միջանցք» Ստեղծուի, Իրանը Ուշադրութեամբ Կը Հետեւի Սահմանային Իրողութիւններուն» Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը

«Մենք այժմ շատ կարեւոր եւ զգայուն ժամանակահատուածի մէջ կը գտնուինք, այսօր կարեւոր հարցերէն են պատմական խեղաթիւրումները», այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի դեսպան Ապպաս Պատախշան Զոհուրին: Ան նշեց, որ Հայաստանի եւ Իրանի ղեկավարութիւնները ուշադիր կը հետեւին շրջանային զարգացումներուն` ընդգծելով, որ պէտք է ստեղծել յատուկ օրակարգ: «Մենք երկու դրացիներ ենք, եղած ենք եւ պէտք է ըլլանք դրացիներ:...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Եւ Ռայի Պատրիարք  Պքերքէի Մէջ Հանդիպում Ունեցան

Արամ Ա. Կաթողիկոս Եւ Ռայի Պատրիարք Պքերքէի Մէջ Հանդիպում Ունեցան

Ուրբաթ, 10 փետրուար 2023-ի երեկոյեան, մարոնի եկեղեցւոյ կեդրոնատեղի Պքերքէի մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Ռայի պատրիարքին հետ: Հանդիպման ներկայ էին Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ պատրիարքական փոխանորդ Փոլ Սայյահ արքեպիսկոպոսը: Այցելութեան հիմնական նպատակն էր 27 յունուարին 2023-ին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ կայացած երկու հոգեւոր պետերու հանդիպումէն բխած` քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու ժողովն ու քրիստոնեայ երեսփոխանները նախագահական ընտրութեան...

Սէյրան Օհանեան Զրկուեցաւ  Պատգամաւորական Անձեռնմխելիութենէ

Սէյրան Օհանեան Զրկուեցաւ Պատգամաւորական Անձեռնմխելիութենէ

Երէկ ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան զրկուեցաւ պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէ: Այսպիսով քննչական մարմինը կարելիութիւն պիտի ունենայ Օհանեանը իբրեւ մեղադրեալ ներգրաւել քրէական գործերով: Խորհրդարանին մէջ քուէարկութեան կը մասնակցէին միայն իշխանական պատգամաւորները, բոլորը կողմ քուէարկեցին: Ընդհանուր դատախազը երկրորդ օրն ըլլալով խորհրդարանին մէջ կը միջնորդէ, որ ընդդիմադիր պատգամաւորներ Սէյրան Օհանեանն ու Արմէն Չարչեանը զրկուին անձեռնմխելիութենէ, որպէսզի քրէական գործերով մեղադրեալներ դառնան: Պաշտպանութեան նախկին նախարարին...

ՀՅԴ Բիւրօ. «Հայաստանի Իշխանութեանը  Զգուշացնում Ենք` Փորձ Չանե՛լ Դաշնակիցների Հետ  Յարաբերութիւններ Հաստատել  «Առեւտր»-ի Տրամաբանութեամբ»

Ռուստամեան. «Մեծամասնութիւնը Իշխանութեան Եկած Է Խոստումով Մը, Բայց Կ՛իրականացնէ Բոլորովին Այլ Ծրագիր»

«Ես մինչեւ հիմա չեմ յիշեր, որ որեւէ ժամանակ ընդդիմութիւնն ու իշխանութիւնը այսքան տրամագծօրէն տարբեր մօտեցումներ ունենան, մասնաւորապէս արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ», Ազգային Ժողովի ամպիոնէն յայտարարեց ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան: «Որեւէ երկիր դուրսը երբ կ՛աշխատի պէտք է համակարգուած աշխատի, եւ ատիկա կարելի է, եթէ մենք առնուազն նոյն ուղղութեան մէջ ենք, եթէ տարբեր ուղղութիւններու...

ՀՅԴ- ՍԴՀԿ-ՌԱԿ Հանդիպում

ՀՅԴ- ՍԴՀԿ-ՌԱԿ Հանդիպում

Չորեքշաբթի, 8 փետրուար 2023-ին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան եւ Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան ներկայացուցիչները գումարեցին հերթական նիստ մը «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ: Ժողովը առաջին առիթով անդրադարձաւ 6 փետրուարին տեղի ունեցած երկրաշարժին հետեւանքով սուրիահայութեան կրած մարդկային եւ նիւթական վնասներուն` արձանագրուած զոհեր, բնակարաններու, հաստատութիւններու, եկեղեցիներու եւ համայնքային կեդրոններու ծանր վնասներ: Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները այս առիթով կը յայտնեն իրենց ցաւակցութիւնը, ինչպէս նաեւ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ցաւակցութիւն  Կը Յայտնէ Սուրիոյ Նախագահ Պաշշար Ասատին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ցաւակցութիւն Կը Յայտնէ Սուրիոյ Նախագահ Պաշշար Ասատին

Երեքշաբթի, 7 փետրուար 2023-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատին յղած ցաւակցագիրով, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան իր խորազգաց վշտակցութիւնը կը յայտնէ Սուրիան հարուածած ծանր երկրաշարժին հետեւանքով ինկած զոհերուն համար, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն` վերապրողներուն: Վեհափառ հայրապետը նամակին մէջ կը գրէ, որ կսկիծով կը հետեւի աղէտին պատճառած ահաւոր աւերին եւ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ օգնութեան ձեռք երկարելու Սուրիոյ ժողովուրդին:...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Միջին Արեւելքը հարուածած երկրաշարժը դժնդակ կացութեան մատնած է արդէն իսկ տնտեսական, ընկերային եւ կենցաղային բազմաթիւ տագնապներ դիմագրաւող հալէպահայութիւնը, որ 2011-էն ի վեր կ’անցնի սուրիական պատերազմի ահաւոր փորձութիւններուն ընդմէջէն: Երկրաշարժը ծանր հարուած հասցուցած է հալէպահայ հայրենակիցներու անձնական թէ համայնքային ինչքերուն: Վնասուած են բնակարաններ, գործատեղիներ, ինքնաշարժներ, եկեղեցիներ եւ դպրոցներ: Զոհուած է երկու հայրենակից: Ցնցուած է ամբողջ հալէպահայութիւնը: ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը Սուրիոյ իր...

Միրզոյեան. «Հայաստանը Խաղաղութեան  Պայմանագիրի Վերաբերեալ Հերթական  Առաջարկը Ստացած Է Ազրպէյճանէն»

Միրզոյեան. «Հայաստանը Խաղաղութեան Պայմանագիրի Վերաբերեալ Հերթական Առաջարկը Ստացած Է Ազրպէյճանէն»

Ազրպէյճան արձագանգած է խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծի վերաբերեալ հայկական կողմի առաջարկներուն: «Երեւան ստացած է Պաքուի պատասխանը եւ այժմ կ՛աշխատի անոր վրայ», երէկ Պերլինի մէջ պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին` յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան: «Քանի մը օր առաջ ստացած ենք ազրպէյճանական հերթական արձագանգը եւ առաջարկները: Ես կը կրկնեմ` սա շարունակական գործընթաց է, եւ մենք կը շարունակենք աշխատիլ բնագիրի վրայ`...

Ընդհանուր Դատախազը Սէյրան Օհանեանի  Նկատմամբ Քրէական Հետապնդում Իրականացնելու  Գծով Երեք Միջնորդութիւն Ներկայացուց

Ընդհանուր Դատախազը Սէյրան Օհանեանի Նկատմամբ Քրէական Հետապնդում Իրականացնելու Գծով Երեք Միջնորդութիւն Ներկայացուց

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը երէկ դռնփակ դրութեամբ քննարկեց պաշտպանութեան նախկին նախարար, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելուն համաձայնութիւն տալու` Հայաստանի ընդհանուր դատախազի միջնորդութիւնը: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` Օհանեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելուն համաձայնութիւն տալու մասին Հայաստանի ընդհանուր դատախազի երկրորդ միջնորդագիրի ներկայացումէն առաջ ընդհանուր դատախազ Աննա Վարդապետեան խնդրեց դռնփակ դրութեամբ քննարկել միջնորդութիւնը, քանի որ ներկայացուելիք միջնորդագիրը կը պարունակէ...

Կոչ

Ցաւակցագիր

6 փետրուարին Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժին առիթով ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը ցաւակցութիւն յայտնած է Հայաստանի մէջ այդ երկրի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նորա Արիսեանին: Ցաւակցագիրին մէջ նշուած է. Հայաստանի Հանրապետութիւնում Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, ՆԳ տիկին Նորա Արիսեան Ազնուափայլ տիկի՛ն Արիսեան, ՀՅԴ Բիւրոն իր խորազգաց ցաւակցութիւններն է յայտնում Սուրիոյ բարեկամ ժողովրդին...

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքը Փութինի  Անմիջական Միջնորդութեամբ Բերձորի Միջանցքի  Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Բացումը Խնդրած Է

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքը Փութինի Անմիջական Միջնորդութեամբ Բերձորի Միջանցքի Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Բացումը Խնդրած Է

6 փետրուարին, Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարան այցելած է Իսրայէլի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Վիքթորով եւ հանդիպում ունեցած է պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանի հետ: Այս մասին կը յայտնէ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Աղան աբղյ. Գոգչեան: Հանդիպումի ընթացքին Նուրհան սրբազանը խնդրած է, որ դեսպանը իր խնդրանքը ներկայացնէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին, որպէսզի անոր անմիջական միջնորդութեամբ կարելի եղածին չափ շուտ բացուի Բերձորի միջանցքը, եւ...

Երկրաշարժին Հետեւանքները  Հալէպահայութեան ու Անոր Կառոյցներուն Վրայ

Երկրաշարժին Հետեւանքները Հալէպահայութեան ու Անոր Կառոյցներուն Վրայ

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ երեքշաբթի, 7 փետրուար 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան, ընկերակցութեամբ Մանուկ վրդ. Պարիխանեանի, ազգայիններու եւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեանի, այցելեց երկրաշարժէն փրկուած եւ մարմնական վնասներ կրած հայորդիներուն, «Ֆրիշօ» հիւանդանոց: Սրբազան հայրը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ եւ ի խորոց սրտի աղօթեց ահաւոր երկրաշարժէն Տիրոջ նախախնամութեամբ փրկուած հայորդիներուն համար` գօտեպնդելով զիրենք եւ մաղթելով Ամենակալին...

Հայ Օգնութեան Միութեան Կոչը` Սուրիահայութեան Օժանդակութեան

Հայ Օգնութեան Միութեան Կոչը` Սուրիահայութեան Օժանդակութեան

Հայ օգնութեան միութիւնը մեծ յուզմունքով կը հետեւի  6 փետրուար 2023-ի վաղ առաւօտեան Սուրիոյ եւ տարածաշրջանին մէջ պատահած 7,8 աստիճան ուժգնութեամբ ցնցած երկրաշարժին աղէտալի հետեւանքներուն: Հիւսիսային Սուրիոյ քաղաքները, մանաւանդ Հալէպը մեծապէս ցնցուած են եւ անգամ մը եւս մեր զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը կը յայտնենք սուրիահայ գաղութին, որոնք կրկին անգամ կը գտնուին ծանր պայմաններու մէջ: Ցնցումներուն պատճառով կան` մարդկային զոհեր, վիրաւորներ,  քարուքանդ եղած...

Page 252 of 796 1 … 251 252 253 … 796

Արխիւներ