Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պերճ Աբգարեան Այցելեց «Ազդակ»

April 5, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան նախագահ Պերճ Աբգարեան այցելեց «Ազդակ»-ի խմբագրատուն եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ: Հիւրին կ՛ընկերակցէր Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան:

Խորհրդակցութեան ընթացքին վեր առնուեցան բժշկական առաքելութեան գործունէութեան վերաբերող քանի մը կարեւոր կէտեր:

Նախ նշուեցաւ այն, որ առաքելութիւնը կը յատկանշուի իր գործունէութեան շարունակականութեամբ: Անցեալ տարի 7 բժիշկներ ներառած  գործուղումը այս տարի համալրուած է եւ ներառած հայ եւ ամերիկացի բժիշկներ, թիւով` 24: Առաքելութեան նախագահը հաստատեց, որ այս աշխատանքային այցելութիւնը թէ՛ թիրախային է եւ թէ՛ աւելի լայնածաւալ, նկատի ունենալով նաեւ յարակից աջակցութիւններ:

Բժիշկներու այս խումբը ծառայողական ոգիով կը շարունակէ իր աշխատանքները` իր գործադաշտին մէջ ներառելով ինչպէս լիբանանահայութիւնը, այնպէս նաեւ սուրիահայութիւնը: Օժանդակութեան նման աշխատանքներ կ՛իրականացուին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ:

Պերճ Աբգարեան հաստատեց. «Մեր առաքելութիւնը ո՛չ պարտականութիւն է, ո՛չ ալ պարտաւորութիւն. այլ անիկա կը բնորոշուի միայն ծառայութեամբ, ինչ որ հոգեկան խոր գոհունակութիւն կ՛ապահովէ բոլոր մասնակից կամաւոր բժիշկներուն»: Ապա, ան խօսեցաւ համասփիւռքեան առումով լիբանանահայութեան ներկայացուցած կարեւորութեան մասին եւ հաստատեց, որ յատկապէս տնտեսական նման ծանրագոյն պայմաններու մէջ շատ կարեւոր է, որ հետեւողական ձեւով շարունակուին բժշկական օգնութեան աշխատանքները:

Յիշենք, որ բացի կատարուած բժշկական քննութիւններէն եւ համապատասխան դեղորայքի յատկացումներէն, այս առաքելութիւնը ֆինանսաւորեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնը արեւային վահանակներով օժտելու ծրագիրը:

Պատուոյ հիւպատոսը արժեւորեց նաեւ «Ազդակ»-ի հետեւողական լուսաբանումները բժշկական առաքելութեան տարած նկատառելի աշխատանքներու իւրաքանչիւր փուլին: Ան եզրափակեց. «Մեր գործադաշտը համահայկական հարթակի վրայ է. Լիբանանը այդ հարթակին վրայ կարեւորագոյն տեղ կը գրաւէ. այս գիտակցութեամբ եւ այս ոգիով անպայման պիտի վերադառնանք»:

Նախորդը

Դամասկոսի Մերձակայքին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումի Հետեւանքով 2 Քաղաքայիններ Զոհուեցան

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.