Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի նախագահութեամբ 31 մարտին հրաւիրուած է Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ ընդլայնուած նիստի, այս մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցած են Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմէն:
Քննարկուած են Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան շրջափակման խստացման եւ չդադրող սադրանքներու պայմաններուն մէջ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան, բնակչութեան անվտանգութեան եւ կենսագործունէութեան ապահովման առնչուող հարցեր: Զեկուցումներով հանդէս եկած են պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան եւ պաշտպանութեան նախարար, զօրավար-գնդապետ Կամօ Վարդանեան:
Նախագահ Յարութիւնեան կարեւոր նկատած է ուժային եւ քաղաքացիական կառոյցներու, պետական կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու սերտ եւ համակարգուած համագործակցութիւնը հրատապ եւ երկարաժամկէտ խնդիրներու լուծման հարցին մէջ:
Քննարկուած հարցերու շրջագիծին մէջ նախագահը տուած է շարք մը յանձնարարականներ լիազօր մարմիններուն: