Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն. «Հինգ Կէտի Մէջ Ազրպէյճանական Կողմը Սահմանէն 100-էն 300 Մեթր Աւելի Առջեւ Տեղակայուած Է»

March 31, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համաձայն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ նախօրէին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու, երկու երկիրներու սահմանապահները մարտի վերջին օրերուն Կոռնիձորի կամուրջի հատուածի երկայնքին պէտք է տեղակայուէին սահմանի երկու կողմերուն մէջ, կը յայտարարէ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը` ըստ էութեան արձագանգելով Պաքուի պնդումներուն:

Ո՛չ Երեւանը, ո՛չ ալ Պաքուն տակաւին չեն յստակացներ, թէ ո՛ւր եւ յստակ ինչի՛ շուրջ պայմանաւորուած են:

Տեղակայման ընթացքին, սակայն, ըստ հայկական Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, ի յայտ եկած են քարտէսներու տարընթերցումներ:

«Որոշ տեղերու մէջ ազրպէյճանական կողմը, չսպասելով նախապէս պայմանաւորուած ճշգրտումներուն, սկսած է դիրքաւորուիլ եւ իրականացուցած է  աշխատանքներ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ»:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կ՛աւելցնէ, որ հայկական կողմի հաշուարկներով հինգ այդպիսի կէտ կայ, ուր ազրպէյճանական կողմը սահմանէն 100-է 300 մեթր աւելի առջեւ տեղակայուած է:

«Խնդրոյ առարկայ հատուածին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան բանակը դիրքեր չէ ունեցած, որովհետեւ դիրքեր կը տեղակայուին ոչ թէ սահմանի գիծին վրայ, այլ մօտակայ ռազմավարական բարձունքներուն վրայ: Իսկ սահմանի այդ հատուածին պահպանութիւնը պէտք է անցնէր սահմանապահ զօրքերուն` համաձայն վերը յիշատակուած պայմանաւորուածութեան», կը նշէ ծառայութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ իրաւապահ կառոյցը յիշատակած է 2022 թուականի օգոստոսին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, համաձայն որոնց` 1 ապրիլ 2023-էն Արցախը Հայաստանին կապող Բերձորի միջանցքը պէտք է աւարտի Կոռնիձորի կամուրջին մօտ: Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը Բերձորի միջանցքին կապող երթուղին 1 ապրիլէն պիտի անցնի Կոռնիձոր-Տեղ երթուղիով` միայն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով: Նախորդ օգոստոսէն ետք Բերձորի միջանցքը Հայաստանի Հանրապետութեան կապող ճամբուն մէկ հատուածը` Կոռնիձորի կամուրջէն ետք կրկին կ՛անցնէր Ազրպէյճանի տարածքով: Ճամբու այդ հատուածը իր ամբողջ երկայնքով եւ իր յարակից տարածքով կը վերահսկուէր Ռուսիոյ դաշնութեան խաղաղապահ ուժերուն կողմէ, կը հաղորդէ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը` կրկին յղում կատարելով օգոստոսեան պայմանաւորուածութիւններուն:

Այժմ, ըստ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է, որ երկու կողմերու քարտէսագիրները ճշգրտեն իրավիճակը:

Նախորդը

Ազրպէյճանի Զինեալ Ուժերը Աղաւնոյ Եւ Տեղ Գիւղերուն Միջեւ Փակած Են Գորիս-Ստեփանակերտ Մայրուղին

Յաջորդը

Ինչո՞ւ Գարունը 21 Մարտին Կը Սկսի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.