Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հազարաւոր Ժողովուրդով Անթիլիասը Ծաղկազարդուեցաւ

Ապրիլ 3, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նաեւ` Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Երէկ` կիրակի, 2 ապրիլ 2023-ին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:

Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը պատմական ակնարկ մը նետեց Քրիստոսի Երուսաղէմ հանդիսաւոր մուտքի յիշատակին` հաստատելով, որ իւրայատուկ այս տօնին առիթով մենք ալ հայ եկեղեցւոյ սովորութիւններուն ու աւանդութեան համապատասխանող բարեպաշտ հոգիով, մեր զաւակներուն հետ միասին, այսօր կը հաւաքուինք մեր եկեղեցիներուն մէջ, որպէսզի հանդիսաւորապէս նշենք Յիսուսի փառահեղ Երուսաղէմ մուտքին յիշատակը:

«Անկասկած, Ծաղկազարդ անունը հայկական է` իւրայատուկ մեր ժողովուրդին, որ Տիրոջ անցած ճամբան կ՛ուզէ ծաղիկներու գեղեցկութեամբ զարդարուած տեսնել: Այլ խօսքով, տօնական այս առիթով, մեր ժողովուրդը կ՛ուզէ քրիստոնէական առաքինութիւններու գոյնն ու բուրմունքը զգալ իր կեանքին մէջ` քաջ գիտնալով, որ առանց քրիստոնէական կրօնին եւ անկէ մեր կեանքին մէջ ճառագայթող ճշմարտութիւններուն, անյոյս է մեր վիճակը», ըսաւ առաջնորդ սրբազանը:

Շարունակելով իր պատգամը, սրբազան հայրը նկատել տուաւ, որ աշխարհի մէջ Աստուած կը մնայ  մեր միակ ապահով յենարանը, հետեւաբար, պարտաւոր ենք գեղեցկութիւններով զարդարել ու յարդարել այն ճամբան, ուրկէ կ՛անցնի մեր Տէրն ու Փրկիչը` դէպի մեր սիրտը տանող ուղիներով, շեշտելով, որ Աստուծոյ համար բարի հաւատքը, արդար խորհուրդներն ու մտածումները, ուղիղ գործերը, անայլայլ նկարագիրը, անբիծ սէրն ու վարքը արժանիքներ են:

Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ անկասկած, Ծաղկազարդի տօնին առիթով մեր ուշադրութիւնը դէպի մեր զաւակները ուղղելը հրամայական անհրաժեշտութիւն է ու պահանջ բոլորիս համար, եւ հաստատեց, որ ժամանակները փոխուած են, եւ կ՛ապրինք համեմատաբար աւելի զարգացած եւ աւելի հանգիստ պայմաններու մէջ, այլ սակայն, բարոյական ու ազգային մարզերու մէջ նահանջ արձանագրելով: Ան ըսաւ, որ մեր զաւակները վաղուան մեր յոյսն են, այսինքն` կեանքէն ունեցած մեր ակնկալութիւններն ու սպասումները  իրականացնող դէմքերն են անոնք, հետեւաբար,  աչալուրջ պէտք է ըլլանք, որպէսզի մեր դաստիարակութեան շնորհիւ անոնք տիրապետեն իրենց քրիստոնէական ու ազգային աւանդին եւ արժէքներուն:

Առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, որ այսօր ժամանակները փոխուած են, սակայն, փաստօրէն, այսօր ալ, մօր նայուածքին տակ, մօր գուրգուրանքով ու աղօթանուէր կրթութեամբ, վստահաբար տարբեր ոճով պիտի մեծնան մեր զաւակները: Ան ըսաւ, որ պէտք է լաւ ըմբռնենք, թէ մեր ժառանգած ազգային ու կրօնական սովորութիւններուն մէջ պիտանի բաներ կան, որոնց պէտք ունինք այսօր: Արդարեւ,  ոչ միայն Ծաղկազարդի առիթով, այլեւ` ամէն օր, պէտք է խստապահանջութեամբ հսկենք, որ մեր զաւակները սրբութեան զգացումով հասակ առնեն, հաւատարիմ հետեւողները ըլլան մեր եկեղեցւոյ հաւատալիքներուն  եւ հաւատարիմ զաւակները մեր ազգին, որպէսզի հաւատքով ոտքի մնանք եւ հոգեղէն արժէքներով պաշտպանենք մեր համայնական ու եկեղեցական կեանքը:

Պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր, կազմուեցաւ մանուկներու թափօրը, որ շրջեցաւ եկեղեցւոյ շրջակայքը:

Նախորդը

Քաթարցի Պատուիրակը Այսօր Կ՛այցելէ Պէյրութ, Իսկ Ֆրենժիէ Ֆրանսացիներուն Ներկայացուց Սէուտական Մտավախութիւնները Փարատող Երաշխիքներ

Յաջորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Մհեր Սահակեանը Իր Ամբողջ Գործունէութեան Ընթացքին Դրսեւորած Է Արժանապատիւ Հայու Կեցուածք»

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?