Գլխաւոր լուրեր

Վահրամ Բալայեան. «Հայաստանը Անյապաղ  Պէտք Է Դուրս Գայ Դիտորդի Կարգավիճակէն»

Վահրամ Բալայեան. «Հայաստանը Անյապաղ Պէտք Է Դուրս Գայ Դիտորդի Կարգավիճակէն»

«Հայաստանի իշխանութիւններու դիրքորոշումը, անոնց կողմէ յառաջ տարուող թեզը, թէ Արցախը պէտք է ուղիղ բանակցի Ազրպէյճանի հետ, կեղծ թեզ է: Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Արցախը այդ շփումներէն միայն կը տուժէ, կը կորսնցնէ, քանի որ միջոցներ չունինք», «Փաստինֆօ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նման տեսակէտ յայտնեց Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վահրամ Բալայեան: «Կը կարծեմ, որ պէտք է հեռու մնալ ազրպէյճանցիներու հետ հանդիպումներէն: Ատիկա ոչ մէկ...

Լուրեր` Թրիփոլիի Հայութեան Առօրեայէն

Լուրեր` Թրիփոլիի Հայութեան Առօրեայէն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի նախորդ օրերուն այցելեց Թրիփոլի, ուր ՀՅԴ ակումբին մէջ հանդիպում ունեցաւ «Բերդավայր» կոմիտէութեան անդամներուն հետ: Ապա Յ. Բագրատունի այցելութիւն տուաւ շրջանին մէջ բնակող տարեց հայ ուսուցչուհիներուն, որոնք երկար տարիներ դասաւանդած են ազգային վարժարաններուն մէջ, նաեւ այցելեց ԼՕԽ-ական ընկերուհիի մը, որ ծառայած է միութեան եւ ներդրումը ունեցած Թրիփոլիի հայութեան զօրակցելու աշխատանքներուն: Ան բարձր գնահատեց...

Լիբանանեան Դրամանիշը  Աւելի Եւս Կ՛արժեզրկուի`  Ուղղուելով Դէպի Խայտառակութիւն

Լիբանանեան Դրամանիշը Աւելի Եւս Կ՛արժեզրկուի` Ուղղուելով Դէպի Խայտառակութիւն

Երէկ առաւօտեան լիբանանցիները արթնցան բոթով մը. սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը հասած էր 100.000 լ. ոսկիի: Այլ խօսքով` լիբանանեան դրամանիշը աւելի եւս արժեզրկուած էր, աւելի եւս ընկճելով քաղաքացին: Առաւօտեան ժամերուն, ցասկոտ քաղաքացիներ Շիյյահի Մար Մխայէլ եկեղեցիին դիմաց ճամբան փակեցին` բողոքելով ամերիկեան տոլարի փոխարժէքին արձանագրած բարձրացումին եւ սղաճին դէմ, իսկ կէսօրին փոխադրատարներու եւ բեռնատարներու վարորդները Սայտայի ծովային ճամբան փակեցին նոյն...

Ակնարկ.  Չինական Առանցքը Աշխարհակարգային Տարողութեամբ (Բ.)

Ակնարկ. Չինական Առանցքը Աշխարհակարգային Տարողութեամբ (Բ.)

Փեքինի միջնորդութեամբ կայացած Իրան-Սէուտական Արաբիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման որոշումը նոր շրջափուլի մեկնարկ կը նկատուի Միջին Արեւելքի մէջ: Եմէնի պատերազմի աւարտը կամ դադրեցումը խորքին մէջ կայանալիք համաձայնութեան ցուցանիշ էր: Լարուածութիւնը երկու երկիրներուն մէջ կը դրսեւորուէր տարբեր եղանակներով: Պահրէյնէն մինչեւ Սուրիա, անցնելով Լիբանանէն երկու երկիրները կ՛առճակատէին ուղղակի եւ անուղղակի: Այս համաձայնութենէն հիմնական դժգոհը տարածաշրջանին մէջ Թել Աւիւն է, որուն համար Իրանը կը...

Աշխատանքային Այցելութեամբ  Մոսկուայի Մէջ Են  ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները

Աշխատանքային Այցելութեամբ Մոսկուայի Մէջ Են ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած են Ռուսիոյ Դաշնութիւն: 12 մարտին այցելութիւնը սկսած է Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի առաջնորդ Եզրաս արք. Ներսիսեանի հետ հանդիպումով, ապա Արմէն Ռուստամեան եւ Իշխան Սաղաթէլեան մասնակցած են Մոսկուայի մէջ ՀՅԴ հիմնադրութեան 133-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին:

Փութին. «Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ի Յայտ Եկած  Բոլոր Խնդիրները Անհրաժեշտ Է Լուծել  Կառուցողական Կերպով` Խաղաղապահներու Հետ  Կողմերու Համագործակցութեան Պայմաններուն Մէջ»

Փութին. «Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ի Յայտ Եկած Բոլոր Խնդիրները Անհրաժեշտ Է Լուծել Կառուցողական Կերպով` Խաղաղապահներու Հետ Կողմերու Համագործակցութեան Պայմաններուն Մէջ»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քննարկած են Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը, ներառեալ սահմանին վրայ անվտանգութեան ապահովման քայլերը: Այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը: «Հայկական կողմին նախաձեռնութեամբ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Քննարկուած են 2020-2022 թուականներուն Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի...

«Հաւանական Է, Որ Յունիսին Ունենանք  Հանրապետութեան Նախագահ Մը»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Հաւանական Է, Որ Յունիսին Ունենանք Հանրապետութեան Նախագահ Մը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Լըպնեն էլհըր» ռատիոկայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ իրանեան-սէուտական համաձայնութիւնը արդիւնք էր հետեւողական աշխատանքի, «իսկ երկկողմանի մերձեցումը միայն դիւանագիտական յարաբերութիւններու մակարդակին վրայ չէ արձանագրուած, այլ` փոխադարձ խորհրդակցութեան եւ սուր բանավէճի մեղմացման մակարդակին վրայ», ըսաւ ան: Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Չինաստանը կրնայ նման հովանաւորութիւն մը նախաձեռնել, իսկ...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին  Նախաձեռնութեամբ Հալէպ Հասաւ  Լիբանանահայութեան Մարդասիրական Օժանդակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին Նախաձեռնութեամբ Հալէպ Հասաւ Լիբանանահայութեան Մարդասիրական Օժանդակութիւնը

Կիրակի, 12 մարտի յետմիջօրէին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի հասաւ լիբանանահայութեան կողմէ առաքուած մարդասիրական օժանդակութիւնը: Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մուտքին պատուիրակութիւնը դիմաւորեցին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանը, թեմի Նպաստից մարմինի ներկայացուցիչներն ու պատասխանատու ազգայիններ: Նոյն բեռնակառքով առաքուած էր նաեւ «Ճինիշեան» հիմնարկի ապահոված նպաստը: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Պատուիրակութեան մաս...

Թաղական Խորհուրդներու Ընտրութիւններ`  Լիբանանի Հայոց Թեմի Բոլոր Եկեղեցիներուն Մէջ

Թաղական Խորհուրդներու Ընտրութիւններ` Լիբանանի Հայոց Թեմի Բոլոր Եկեղեցիներուն Մէջ

Կիրակի, 12 մարտ 2023-ին, առաւօտեան  ժամը 9:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 3:00, Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան թաղական խորհուրդներու ընտրութիւնները խաղաղ մթնոլորտի մէջ, ազատ ու ժողովրդավարական սկզբունքներով: Հաւատացեալ հայորդիները խուռներամ շարքերով մասնակցեցան ընտրութեան: Ընտրական աշխատանքներու ընդհանուր ընթացքին եւ մթնոլորտին մօտէն հետեւելու նպատակով Ազգային վարչութեան անդամներն ու Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետը այցելեցին բոլոր եկեղեցիները եւ հանդիպում ունեցան ընթացաւարտ թաղականութիւններուն ու...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ողջունեց  Նետերլանտներու Արտաքին Գործոց Նախարարի  Կեցուածքներն Ու Կառավարութեան Ջանքերը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ողջունեց Նետերլանտներու Արտաքին Գործոց Նախարարի Կեցուածքներն Ու Կառավարութեան Ջանքերը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Նետերլանտներու դեսպան Հանց Փիթըր վան տեր Վուտէի յղեց նամակ մը, որուն մէջ ողջունեց Նետերլանտներու արտաքին գործոց նախարար Վոփքէ Հուքսթրայի կողմէ նետերլանտցի երեսփոխաններու Նետերլանտներու եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպումին վերաբերեալ հարցումներուն ի պատասխան արտայայտած կեցուածքները, ինչպէս նաեւ նետերլանտական կառավարութեան ջանքերը Բերձորի միջանցքի վերաբացման համար, ինչ որ վերջ պիտի տայ Արցախի Հանրապետութեան մէջ 12 դեկտեմբեր...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Աթէնքի Օդակայանին Մէջ  Արժանացաւ Պաշտօնական Ընդունելութեան

Արամ Ա. Կաթողիկոս Աթէնքի Օդակայանին Մէջ Արժանացաւ Պաշտօնական Ընդունելութեան

Շաբաթ, 11 մարտ 2023-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, հովուապետական այցելութեամբ հասաւ Աթէնք (Յունաստան) եւ օդակայանին մէջ արժանացաւ պաշտօնական ընդունելութեան: Վեհափառ հայրապետը դիմաւորելու եկած էին Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Տիգրան Վարդանեան եւ Լիբանանի դեսպան Ղատի Խուրի, Յունաստանի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսին ներկայացուցիչը, Յունաստանի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Յովսէփ Ծ. վրդ. Պեզազեան, Յունաստանի հայ...

Արցախի Զօրակցական Համերգ «Յ. Տէր Մելքոնեան» Թատերասրահին Մէջ

Արցախի Զօրակցական Համերգ «Յ. Տէր Մելքոնեան» Թատերասրահին Մէջ

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Հանրային կապերու մարմինին, ուրբաթ, 10 մարտ 2023-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի զօրակցական համերգ: Հաւաքին բարի գալուստի խօսքը արտասանեցին Արազ Էլէյճեան եւ Ճորճ Տէմիրճեան, որոնք նշեցին, թէ նշեալ համերգը կը միտի երգերու ընդմէջէն զօրակցիլ Արցախին եւ յարգանք մատուցել Արցախի վրայ սանձազերծուած բոլոր պատերազմներու ընթացքին նահատակուած հերոսներուն: Անոնք աւելցուցին. «Թշնամին բոլոր միջոցներով կը փորձէ մեր հայրենիքը...

Ակնարկ.  Չինական Առանցքը Աշխարհակարգային Տարողութեամբ

Ակնարկ. Չինական Առանցքը Աշխարհակարգային Տարողութեամբ

Իրան- Սէուտական Արաբիա դիւանագիտական յարաբերութիւններ վերահաստատելու որոշումը նոր գործընթացներու միտումներ կը նախանշէ: Նախ անմիջապէս պէտք է անդրադառնալ, որ համաձայնագիրը ստորագրուած է Փեքինի մէջ, ինչ որ Չինաստանի միջնորդութեան մասին կը խօսի: Ոչ միայն միջնորդութիւն, այլ նաեւ քաջալերանք կ՛ենթադրէ ստորագրութեան վայրը: Չինաստանը նոր աշխարհակարգի ձեւաւորման գործընթացին մէջ առ այս պահը տնտեսական բեւեռի կարգավճակ ունի: Տակաւին ռազմաքաղաքական առումով բեւեռայնացումի քայլեր չեն երեւիր մոլորակի...

ՀԱՊԿ. «Շրջանին Մէջ Բարդութիւններ  Կը Կանխատեսուին»

Հայաստան ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Տեղակալի` Իր Չափաբաժինէն Հրաժարելու Առաջարկ Ներկայացուցած Է

Հայաստան Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղարի տեղակալի իր չափաբաժինէն հրաժարելու առաջարկ ներկայացուցած է: «Արմէնփրես»-ին այս մասին յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Վահան Յունանեան: «Այո՛, մենք համապատասխան առաջարկ ներկայացուցած ենք ՀԱՊԿ-ին», «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Յունանեան` արձագանգելով մամուլին մէջ շրջանառուող լուրերուն, թէ Հայաստան հրաժարած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալի իր չափաբաժինէն:  

«Եւրոպական Միութիւնը Ազրպէյճանին  Կոչ Կ՛ուղղէ` Դուրս Գալու Հայաստանի Բռնագրաւուած  Տարածքէն, Վերադառնալու Մինչեւ  12 Սեպտեմբերի Սահմանները»  Կ՛ըսէ Հուքսթրա

«Եւրոպական Միութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Դուրս Գալու Հայաստանի Բռնագրաւուած Տարածքէն, Վերադառնալու Մինչեւ 12 Սեպտեմբերի Սահմանները» Կ՛ըսէ Հուքսթրա

Նետերլանտներու արտաքին գործոց նախարար Վոփքէ Հուքսթրա շեշտած է Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածքի բռնագրաւման փաստը` ընդգծելով, որ Եւրոպական Միութիւնը Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` վերադառնալու մինչեւ 12 սեպտեմբեր 2022-ի սահմանները: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` ինչպէս կը տեղեկացնէ Նետերլանտներու հայկական կազմակերպութիւններու դաշնակցութիւնը, նախարարը այս մասին ըսած է` ի պատասխան խորհրդարանական քանի մը խմբակցութիւններու` Տաւոսի մէջ Նետերլանտներու եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպումին վերաբերեալ հարցումներուն: Վոփքէ Հուքսթրա յայտնած է,...

Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ  Միացեալ Նահանգներու Նոր Նշանակուած  Դեսպանը Այցելած Է Բերձորի  Միջանցքի Սկզբնամաս

Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ Միացեալ Նահանգներու Նոր Նշանակուած Դեսպանը Այցելած Է Բերձորի Միջանցքի Սկզբնամաս

Դեսպան Քվին այցելեց Բերձորի (Լաչին) միջանցքի սկզբնամաս, որ շուրջ երեք ամիսէ ի վեր փակ է բնականոն երթեւեկի համար: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը: «Սիւնիքի մարզպետ Ռոպերթ Ղուկասեան դեսպան Քվինին ներկայացուց Լաչինի միջանցքի շրջափակման հետեւանքներն ու ատոր ազդեցութիւնը հարիւրաւոր մասնատուած ընտանիքներու համար: Մարզպետ Ղուկասեան նաեւ անդրադարձաւ շրջափակման հետեւանքով վնասուածներուն պետութեան կողմէ ցուցաբերուած աջակցութեան: Դեսպան Քվին կրկնեց...

125 Հազար Տոլարի Նպաստ`  Սուրիոյ Հայ Համայնքին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ռայի Պատրիարքին Ներկայացուցիչը

Հինգշաբթի, 9 մարտ 2023-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց մարոնի եկեղեցւոյ պետ Ռայի պատրիարքի ներկայացուցիչ Փոլ Սայյահ արքեպիսկոպոսը: Հանդիպման առանցքը Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնն էր: Յայտնենք, որ շուրջ երկու ամիս առաջ, Ռայի պատրիարք այցելած էր Անթիլիասի մայրավանք եւ խորհրդակցութիւններ ունեցած էր յիշեալ հարցին շուրջ: Ապա, Անթիլիասի ու Պքերքէի միջեւ կապերը շարունակուած էին նախագահական շուտափոյթ ընտրութեան նպատակին գծով: Սայյահ արք. վեհափառ...

Զախարովա. «Պաքուն Եւ Երեւանը Պէտք Է  Խստօրէն Պահպանեն Եռակողմ Համաձայնութեան Բոլոր,  Ներառեալ Բերձորի Միջանցքին Վերաբերեալ Դրոյթները»

Զախարովա. «Պաքուն Եւ Երեւանը Պէտք Է Խստօրէն Պահպանեն Եռակողմ Համաձայնութեան Բոլոր, Ներառեալ Բերձորի Միջանցքին Վերաբերեալ Դրոյթները»

Ռուսիան կը շեշտէ Պաքուի ու Երեւանի կողմէ եռակողմ համաձայնութիւններու բոլոր դրոյթները, ներառեալ Բերձորի միջանցքի օգտագործման վերաբերեալ դրոյթները պահպանելու անհրաժեշտութիւնը: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա: Անդրադառնալով Ազրպէյճանի` Արցախի հասցէին հնչեցուցած նոր սպառնալիքներուն վերաբերեալ հարցումին` Զախարովա ըսած է. «Որեւէ կողմի ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը անարդիւնաւէտ է, անիկա չ՛օգներ խաղաղութեան օրակարգի յառաջ մղման: Մենք կը մեկնինք...

Հայաստանի Եւ Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց  Նախարարները Կարեւոր Նկատած Են Հարաւային  Կովկասի Մէջ Շահագրգիռ Դերակատարներու  Կառուցողական Ներգրաւուածութիւնը

Հայաստանի Եւ Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց Նախարարները Կարեւոր Նկատած Են Հարաւային Կովկասի Մէջ Շահագրգիռ Դերակատարներու Կառուցողական Ներգրաւուածութիւնը

Արաբական պետութիւններու լիկայի խորհուրդի նախարարական նիստին հրաւիրուած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 9 մարտին Գահիրէի մէջ հանդիպում ունեցած է Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրիի հետ: Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն, զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնած են Հայաստանի եւ Եգիպտոսի ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու, բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան կապակցութեամբ: Երկուստեք համոզմունք յայտնուած է, որ յունուարին Եգիպտոսի...

Լիբանանցիներուն Մեծամասնութիւնը Կ՛ընդառաջէ Ընդհանուր Զօրաշարժի Դրութեան

Դրամատուները Իրենց Դռները Վերստին Պիտի Փակեն 14 Մարտ 2023-Էն Սկսեալ

Դրամատուներու միութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ դրամատուները իրենց դռները վերստին պիտի փակեն 14 մարտ 2023-էն սկսեալ: Դրամատուները անհրաժեշտ նկատեցին, որ իրենց հաշուոյն արձակուած դատական անարդար որոշումներն ու վճիռները սրբագրուին: Միւս կողմէ, երէկ շրջանառութեան մէջ դրուած էին տեղեկութիւններ, թէ կաթողիկէ վարժարանները կ՛ուղղուին 2022-2023 կրթական տարեշրջանը աւարտելու յառաջիկայ ապրիլ ամսուան աւարտին, եւ հաստատուած էր, որ վերջնական որոշում պիտի...

Page 246 of 796 1 … 245 246 247 … 796

Արխիւներ