Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Երկրորդ Փուլի Արդիւնքէն Անկախ

May 18, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ  համապետական ընտրութիւններու խորհրդարանական պատկերը պարզ է: Կայ յստակ համաձայնական մեծամասնութիւն: Էրտողանի վերընտրուելու պարագային այս մեծամասնութիւնը աւելի կ՛ամրապնդէ նախագահական համակարգով ղեկավարուող Թուրքիան: Ներքին առումով Էրտողանը կ՛ունենայ օրէնսդիրի հեզասահ համաձայնութիւնները նախագահական գերլիազօրութիւնները կատարելու ընթացքին: Քըլըչտարօղլուն խոստացած էր ընտրուելու պարագային հետամուտ ըլլալ Սահմանադրական հիմնական փոփոխութիւններ իրականացնելու եւ համակարգը դարձնելու խորհրդարանական, փոխհակակշիռ հաստատութիւններու կայացման առաջադրանքով:

Քաղաքագիտական կանխատեսումները ընդհանրապէս կեդրոնացած էին արդէն երկրորդ փուլի բարձր հաւանականութեան վրայ: Հիմա կանխատեսական ճնշիչ մեծամասնական տեսակէտ կայ, որ Էրտողանը կը վերընտրուի: Ոմանք անշուշտ չեն բացառեր, որ հակառակորդը յաջողի ընտրազանգուածի ընդհանուր դաշտին մէջ բեկում յառաջացնել եւ իրավիճակ ստեղծել:

Ընդհանուր առմամբ կարելի է ըսել, որ տնտեսական  ճգնաժամը, ֆինանսական արժեզրկումի կացութիւնը եւ մանաւանդ երկրաշարժի հետեւանքները ակնկալուած արագութեամբ չյաղթահարելու իրողութիւնները ճակատագրական չեղան Էրտողանի վարկանիշի անկումին առումով: Էրտողանը նախընտրեց ազգայնական եւ իսլամական սկզբունքներու գերադասումով յատկանշել իր ընտրարշաւի գաղափարախօսութիւնը: Փաստօրէն ազգայնակրօնականութիւնը գերակշռեց ընկերատնտեսական խնդիրներուն:

Երկրորդ փուլին, ըստ յայտարարութիւններուն, հինգ առ հարիւրի շուրջ քուէ հաւաքած երրորդ թեկնածուն կոչ պիտի ընէ իր ընտրազանգուածին ձայները կեդրոնացնելու Էրտողանին վրայ: Կարեւոր է այս հանգամանքը: Օղանը Ռուսիա ուսանած, ընդհանրապէս ռուսամէտ քաղաքականութեան ջատագով քաղաքական գործիչ է եւ բնականաբար ջերմ պաշտպան Էրտողան-Փութին համաձայնութեան վրայ հիմնուած համակարգուած քաղաքականութեան:

Քըլըչտարօղլուն հանդէս կու գար ամբաստանելով Մոսկուան միջամտած ըլլալու Թուրքիոյ ընտրութիւններուն: Եթէ Օղանի դիրքորոշումը ճակատագրական պիտի ըլլայ, ապա այն պարագային ռուսական գործօնի ազդեցութիւնը կամ Էրտողանը պահելու Փութինի բացայայտ քաղաքականութիւնը պիտի արդիւնաւորուի:

Տեսականօրէն, Ռուսիան մեկուսացնելու Արեւմուտքի քաղաքականութիւնը արգելքներու պիտի հանդիպի, ընդ որում` Կովկասի մէջ: Կայ սակայն երանգային այլ իրողութիւններ, որոնց հաշուարկը պէտք է կատարել անպայման:

Թուրքիոյ հասարակութիւնը կիսուած է: Պարզ է, որ Էրտողանը պաշտօնի պահպանման կամ քաղաքական վերապրումի կռիւն է, որ կը մղէ եւ չունի նախկին առաւելութիւնները: Ներթրքական հասարակութեան կրնան սպասել նոր ցնցումներ եւ Անգարան կրնայ յայտնուիլ այդ ցնցումները զսպելու դիրքերու վրայ:

Ներքին խնդիրներու վրայ կեդրոնացումը չ՛ենթադրեր արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւններու փոփոխութիւն: Կ՛ենթադրէ սակայն աւելի դիւրին ազդեցութիւններու տակ ինկող Թուրքիա մը, որ Ուաշինկթընի առաջադրանքն է: Չի բացառուիր ուրեմն, որ Թուրքիան քայլ մը խորացում երթայ Միացեալ Նահանգներու կախեալութեան առումով:

Տնտեսական վիճակը կարեւորագոյն խաղաթուղթ է: Ճգնաժամ յաղթահարելու համար Թուրքիան պէտք պիտի ունենայ նոր ներդրումներու: Երկու կարեւորագոյն ազդանշան այդ կախեալութեան վերադարձի ցուցանիշներ կարելի է նկատել: Առաջինը Ֆինլանտայի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան դէմ Անգարայի արգելքի վերացումն է եւ երկրորդը տնտեսական պատժամիջոցներու չենթարկուելու համար Թուրքիոյ վրայով դէպի Ռուսիա գացող արեւմտեան ապրանքներու հոսքի կասեցումը:

Տեսանելին այն է, որ ինչ ալ ըլլան երկրորդ փուլին արդիւնքները Թուրքիան պիտի ներկայանայ բեւեռացած հասարակութեամբ մը. այդ կը նշանակէ, որ արտաքին ազդեցութեան ենթակայ ըլլալու հաւանականութիւնը աստիճան մը աւելի պիտի ըլլայ: Խօսքը առաջին հերթին ամերիկեան ազդեցութեան մասին է:

«Ա.»

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Ժամանակն Է Վերջ Դնելու Այս Հակաժողովրդավարական Քաղաքականութեանը

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.