Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն. «Միացեալ Նահանգներ Պիտի Շարունակեն Աջակցիլ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Կայուն Եւ Արդար Խաղաղութեան»

Մայիս 22, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Ազրպէյճանի անկախութեան օրուան` 28 մայիսին ընդառաջ շնորհաւորական նամակ յղած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Պայտըն իր նամակին մէջ գրած է, որ Ազրպէյճանի եւ Միացեալ Նահանգներու գործընկերութիւնը շրջանին մէջ զարգացում ապահոված է:

Սպիտակ տան ղեկավարը նշած է, որ երկու երկիրները միասնաբար կը պայքարին թմրեցուցիչներու ապօրինի շրջանառութեան դէմ եւ կը կանխարգիլեն զանգուածային ոչնչացման զէնքի տարածումը:

Պայտըն անդրադարձած է ուժանիւթի նիւթին` գրելով, որ «Ուքրանիոյ ժողովուրդին դէմ Ռուսիոյ շղթայազերծած դաժան պատերազմի պայմաններուն մէջ Միացեալ Նահանգներն ու Ազրպէյճանը համատեղած են ջանքերը Եւրոպայի ուժանիւթային անվտանգութիւնը ապահովելու համար»:

Պայտըն նաեւ գրած է. «Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն խրախուսել Հարաւային Կովկասի անվտանգութիւնն ու զարգացումը ապագայ սերունդներուն համար եւ պիտի շարունակեն աջակցիլ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կայուն ու արդար խաղաղութեան»:

 

Նախորդը

Սպասելով Ժետտայի Վեհաժողովի Որոշումներու Արդիւնաւորման` Լիբանանցի Վարիչներ Կը Փութան Կարգաւորել Երկրի Կնճռոտ Հարցերը

Յաջորդը

Ռուսիոյ Պատրիարքը Իր Միջնորդութիւնը Կ՛առաջարկէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Կրօնական Ղեկավարներուն

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?