Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին վերահաստատեց այն, ինչ որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ համաձայնած էր Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ վերջին հանդիպման ընթացքին` Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը ճանչնալու իմաստով: Այսպիսով Հայաստանի իշխանութիւնները եկան ընդգծելու, որ իրենք արդէն պատրաստ են երթալու երկրորդ յանձնուողական համաձայնագիրի կնքումին` Արցախը վերջնականապէս ընդունելու Ազրպէյճանի կազմին մէջ:
Փաշինեան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ, որ Հայաստանը պատրաստ է ճանչնալու Ազրպէյճանի 86.600 քառ. քմ տարածքային ամբողջականութիւնը, որ կը ներառէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը, սակայն Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքներու, անվտանգութեան հարցը պէտք է քննարկուի Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեամբ:
«86.600 քառ. քմ-ն կը ներառէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը: Բայց նաեւ պէտք է արձանագրել, որ մենք կ՛ըսենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան եւ իրաւունքներու, անվտանգութեան հարցը պէտք է քննարկուի Պաքու-Ստեփանակերտ ձեւաչափին մէջ», ըսաւ Փաշինեան:
Անդրադառնալով գործող կառավարութեան դիրքորոշումին` Փաշինեան ըսաւ` Հայաստանի Հանրապետութեան այսօրուան կառավարութիւնն ինչ ըսէ-չըսէ միեւնոյնն է, Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր կառավարութիւնները ճանչցած են Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը:
«Ազրպէյճանի 86.600 քառ. քմ տարածքային ամբողջականութիւնը Հայաստանը պատրաստ է ճանչնալու: Եւ մեր ընկալումով` Ազրպէյճանը պատրաստ է ճանչնալու Հայաստանի Հանրապետութեան 29.800 քառ. քմ տարածքային ամբողջականութիւնը: Եթէ մենք այս հարցին մէջ Ազրպէյճանի հետ ճիշդ կը հասկնանք զիրար, Հայաստանը, այո՛, կը ճանչնայ Ազրպէյճանի 86.600 քառ. քմ տարածքային ամբողջականութիւնը` այն ըմբռնումով, որ Ազրպէյճանը կը ճանչնայ Հայաստանի 29.800 քառ. քմ տարածքը», ըսաւ Փաշինեան:
Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցը պէտք է քննարկուի Ստեփանակերտ-Պաքու երկխօսութեան ձեւաչափով: Վարչապետը շեշտեց, որ հայկական կողմը կարեւոր կը նկատէ այդ բանակցութիւններու միջազգային երաշխիքներու ստեղծումը: «Նկատի ունինք, օրինակ, որ կրնայ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցը ուղղակի մոռացութեան մատնուիլ, եւ Ազրպէյճանը շարունակէ ուժային լծակի գործադրումով Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան ցեղային զտման եւ ցեղասպանութեան քաղաքականութիւնը», նշեց Փաշինեան` շեշտելով, որ կարեւոր կը նկատեն երաշխիքները, որ այդ քաղաքականութիւնը պիտի չշարունակուի:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ արդեօք տարածքային ամբողջականութիւնը կը ներառէ՞ անքլաւները` Փաշինեան դրական պատասխան տուաւ: 29.800 քառ. քմ-ի մէջ անքլաւները նոյնպէս կը մտնեն, ատոր մէջ կը մտնէ նաեւ Արծուաշէնը: 86.600-ի մէջ այդ հաշուարկներով կը մտնեն նաեւ անքլաւները: «Սա քաղաքական դիրքորոշում է, բայց հարցի իրաւական մասը դեռ պէտք է դիտարկել եւ նայիլ», նշեց Փաշինեան: