Գլխաւոր լուրեր

Պատուոյ Պահակախումբ` Արամ Մանուկեանի  Ծննդեան 144-Ամեակին Առիթով

Պատուոյ Պահակախումբ` Արամ Մանուկեանի Ծննդեան 144-Ամեակին Առիթով

Երէկ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի ծննդեան 144-ամեակն էր: Այս առիթով Երեւանի մէջ Արամ Մանուկեանի արձանին մօտ կանգնեցուած է պատուոյ պահակագունդ: Միւս կողմէ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամները, ՀՅԴ Երեւանի քաղաքային կոմիտէի անդամներն ու քաղաքացիներ Արամ Մանուկեանի ծննդեան 144-ամեակին առիթով ծաղիկ դրին անոր յուշարձանին:

«Թուրքիան Ձգած Է Ցեղասպանութեան Դրոշմ».   Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արձագանգը Ազրպէյճանին Աջակցելու Յայտարարութիւններուն

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Ազրպէյճանը Ամէն Ինչ Կ՛ընէ Շրջանին Մէջ Խաղաղութիւնը Անկարելի Դարձնելու Համար»

Պաշտօնական Երեւանը կը յայտարարէ, որ Ազրպէյճանը ամէն ինչ կ՛ընէ շրջանին մէջ խաղաղութիւնը անկարելի դարձնելու համար: Արձագանգելով շաբաթ օր Թալիշի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ելոյթին` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛ընդգծէ, որ Ազրպէյճանը իր յարձակողապաշտ խօսոյթով եւ գործելակերպով Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը ցեղասպանութեան ենթարկելու եւ Հայաստանի նկատմամբ նոր նախայարձակումի նախապատրաստութիւններ կը տեսնէ: «Ստեղծուած իրավիճակին մէջ անհրաժեշտ է ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման միջազգային մեքանիզմներու գործարկումը,...

Լիբանանի Տնտեսական Տագնապը  Կը Շարունակէ Ինքզինք Ամրապնդել

Լիբանանի Տնտեսական Տագնապը Կը Շարունակէ Ինքզինք Ամրապնդել

Ցաւալի բայց իրաւ. լիբանանեան լուրերուն եւ իրադարձութիւններուն հետեւող իւրաքանչիւր քաղաքացի անմասն չի մնար նաեւ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքին հետեւելէ, հետեւաբար ան քաջ գիտէ, որ ամէն կիրակի կէսօրէ ետք եւ շատ հաւանաբար նաեւ ուշ գիշերին, լիբանանեան դրամանիշը աւելի եւս պիտի արժեզրկուի: Այդպէս ալ եղաւ. տոլարայնացած այս երկրին մէջ երէկ յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին սեւ շուկայի վրայ ամերիկեան դրամանիշին սակը հասաւ...

Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը Արժանավայել Հանդիսութեամբ Նշեց Միութեան Հիմնադրութեան 95-Ամեակը

Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը Արժանավայել Հանդիսութեամբ Նշեց Միութեան Հիմնադրութեան 95-Ամեակը

Ուրբաթ, 17 մարտ 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 95-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ յարանուանութիւններու եւ կուսակցութիւններու, երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներու, կրթական եւ բարեսիրական հաստատութիւններու տնօրէններու, երեսփոխաններու, քաղաքապետերու, նախկին նախարարի, արուեստագէտներու եւ մտաւորականներու, համազգայնականներու եւ հոծ բազմութեան մը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպումներ ունեցաւ Յունաստանի Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպումներ ունեցաւ Յունաստանի Մէջ

 Եղբայրական Հանդիպում Յունաստանի Եկեղեցւոյ Պետին Հետ Երեքշաբթի, 14 մարտ 2023-ին Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Յունաստանի եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոնը, ուր ան ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի արքեպիսկոպոս Երոնիմոս Բ.-ին կողմէ: Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայ եւ Յոյն եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող դարաւոր սերտ յարաբերութեան ու գործակցութեան: Ան ըսաւ, որ պատմութեան ընթացքին, պայմաններու բերումով, աստուածաբանական տարբեր մօտեցումներ ու մեկնաբանութիւններ...

Հայաստան Գործուն Քայլեր Կ՛ակնկալէ Դաշնակից  Երկիրներէն` Ազրպէյճանի Կողմէ Ուժի Կիրարկման  Դրսեւորումները Բացառելու Ուղղութեամբ

Հայաստան Գործուն Քայլեր Կ՛ակնկալէ Դաշնակից Երկիրներէն` Ազրպէյճանի Կողմէ Ուժի Կիրարկման Դրսեւորումները Բացառելու Ուղղութեամբ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունած է Հաւաքական անվտանգութեան մասին պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթովը: «Արմէնփրես»-ին այս մասին յայտնեցին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն: Հանդիպման սկիզբը նախարար Միրզոյեան շնորհաւորած է Իմանկալի Թասմակամպեթովը ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով` մաղթելով արդիւնաւէտ աշխատանք եւ յաջողութիւն: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են շրջանին մէջ առկայ ռազմաքաղաքական իրադրութեան վերաբերեալ: Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան...

Զախարովա. «Ռուսիոյ Բոլոր Պարտաւորութիւնները  Յստակ Ձեւակերպուած Են 9 Նոյեմբերի  Եռակողմ Յայտարարութեան Մէջ»

Զախարովա. «Ռուսիոյ Բոլոր Պարտաւորութիւնները Յստակ Ձեւակերպուած Են 9 Նոյեմբերի Եռակողմ Յայտարարութեան Մէջ»

Ռուսիոյ բոլոր պարտաւորութիւնները յստակ ձեւակերպուած են 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան մէջ, հինգշաբթի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` արձագանգելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքերուն: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Փաշինեան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած էր, թէ Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդին կայացուցած որոշումով արձանագրուած է, որ Ղարաբաղի անվտանգութեան երաշխաւորը Ռուսիան է, եւ որ պատերազմէն ետք...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ  Յունաստանի Վարչապետին Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Յունաստանի Վարչապետին Հետ

Հինգշաբթի, 16 մարտ 2023-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս շուրջ մէկ ժամ հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ: Հինէն ծանօթ ըլլալով վարչապետին, հանդիպումը տեղի ունեցաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ: Հանդիպման սկիզբը ներկայ էր Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ապա զրոյցը շարունակուեցաւ առանձին` վեհափառ հայրապետին եւ վարչապետին միջեւ: Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ չորս մարզերու.- ա) Յունաստանի հայ գաղութ, բ) Լիբանանի այժմու...

Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան 95-Ամեակի Յոբելենական Հանդիսութիւն

Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան 95-Ամեակի Յոբելենական Հանդիսութիւն

Ուրբաթ, 17 մարտ 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 95-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւնը: Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամ Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան: Օրուան բանախօսն էր Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան «Գուսան» երգչախումբը, «Եռեակ»-ը, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը, ժողովրդական գործիքները` տհոլ...

Խմբագրական.  Համազգայինը Զարգացման Ուղիին Վրայ  (Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով)

Խմբագրական. Համազգայինը Զարգացման Ուղիին Վրայ (Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով)

Յոբելենական տարեթիւերու նշումը տօնակատարութեան առընթեր, պահ է արժեւորումի եւ մանաւանդ յառաջիկայի ընելիքները ուղենշելու: Խորքին մէջ ա՛յս է հիմնական առաջադրանքը` գործին շարունակականութիւնը ապահովելու, ո՛չ միայն պահպանման սկզբունքով, այլեւ ծաւալման ու զարգացման նպատակով: Պահպանումը գոյավիճակային հասկացողութիւն է եւ կրնայ նահանջի իմաստ ստանալ, եթէ անոր հիման վրայ չկայանայ կարեւորագոյն առաջադրանքը` զարգացումը: Ժառանգութեան պահպանում եւ անոր հիման վրայ նորի կերտում: Կարելի է ըսել, որ...

Միրզոյեանն Ու Լաւրովը 20 Մարտին  Պիտի Քննարկեն Բերձորի Միջանցքին  Շուրջ Իրավիճակի Կարգաւորումը

Միրզոյեանն Ու Լաւրովը 20 Մարտին Պիտի Քննարկեն Բերձորի Միջանցքին Շուրջ Իրավիճակի Կարգաւորումը

20 մարտին Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարները պիտի քննարկեն Բերձորի միջանցքին շուրջ ստեղծուած իրավիճակի կարգաւորումը, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու իրականացումը: Այս մասին, ըստ ռուսական լրատուամիջոցներուն, տեղեկացուցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա: «Մենք կ՛ակնկալենք, որ յառաջիկայ հանդիպումը կը նպաստէ Երեւանի հետ երկխօսութեան որակի կատարելագործման», յոյս յայտնած է ռուս դիւանագէտը: Վարչապետ Փաշինեան...

Ստեփանակերտը Պատրաստ Է Հանդիպման,  Բայց` Ո՛չ Պաքուի Մէջ  Եւ Ո՛չ Ալ Ազրպէյճանի Օրակարգով

Ստեփանակերտ Կը Հերքէ, Թէ 5 Մարտին Ազրպէյճանի Ներկայացուցիչը Հանդիպած Է Ղարաբաղի Հայերուն Հետ

Պաշտօնական Ստեփանակերտը հերքեց Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնը, թէ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչը 5 մարտին հանդիպած է Ղարաբաղի հայերուն հետ: 14 մարտին Պերլինի մէջ Գերմանիոյ նախագահի հետ հանդիպումին Իլհամ Ալիեւ պնդած էր, թէ 5 մարտին, երբ ազրպէյճանական յարձակման հետեւանքով Ղարաբաղի մէջ երեք ոստիկան սպաննուած էր, Ազրպէյճանի ներկայացուցիչը հանդիպած է Ղարաբաղի հայերուն հետ: Թէ ի՛նչ հանգամանքներու մէջ հանդիպումը կայացած էր, Ալիեւ չէր յայտնած:...

Ֆրանչիսկոս Պապը Կոչ Ուղղեց Լիբանանցի Պատասխանատուներուն Համախոհութիւն Գոյացնելու  Եւ Ընտրելու Հանրապետութեան Նոր Նախագահ Մը

Ֆրանչիսկոս Պապը Կոչ Ուղղեց Լիբանանցի Պատասխանատուներուն Համախոհութիւն Գոյացնելու Եւ Ընտրելու Հանրապետութեան Նոր Նախագահ Մը

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանչիսկոս պապին հետ: Կէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին պապը վերահաստատեց Լիբանանի պատգամ երկիր ըլլալուն հանդէպ իր հաւատքը` անոր մշակութային եւ կրօնական բազմազանութեան ընդմէջէն, որովհետեւ այդ յատկանիշն է, որ ամբողջ շրջանին մէջ զայն իւրայատուկ կը դարձնէ: Պապը կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն` համախոհութիւն գոյացնելու եւ ընտրելու հանրապետութեան նոր նախագահ մը: Իր կարգին,...

Ճափոնցի Հայագէտ Դոկտ. Թաքայուքի  Եոշիմուրա Այցելեց «Ազդակ»

Ճափոնցի Հայագէտ Դոկտ. Թաքայուքի Եոշիմուրա Այցելեց «Ազդակ»

Ճափոնցի յայտնի հայագէտ, Թոքիոյի համալսարանին մէջ արեւելահայերէնի դասախօս դոկտ. Թաքայուքի Եոշիմուրա այցելեց «Ազդակ», ուր հանդիպում մը ունեցաւ խմբագրութեան հետ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան դոկտ. Եոշիմուրայի նոր ծրագիրները հայագիտութեան բնագաւառին մէջ: Թաքայուքի Եոշիմուրա նախապէս բազմիցս այցելած է «Ազդակ» եւ անգամ մըն ալ «Հայագիտութիւնը Ճափոնի մէջ» նիւթով դասախօսութիւն տուած է «Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ: Ան հեղինակ է հայերէն-ճափոներէն պզտիկ բառարանի...

Արցախի Մէջ, Ռազմական Դրութեան Պարագային,  Ազգային Ժողովը Նախագահ Պիտի Ընտրէ.  Որոշումը Առաջին Ընթերցումով Ընդունուեցաւ

Արցախի Մէջ, Ռազմական Դրութեան Պարագային, Ազգային Ժողովը Նախագահ Պիտի Ընտրէ. Որոշումը Առաջին Ընթերցումով Ընդունուեցաւ

Արցախի մէջ ռազմական դրութեան պարագային նախագահ ընտրելու իրաւունքը պիտի վերապահուի Ազգային ժողովին. Արցախի խորհրդարանը երէկ առաջին ընթերցումով, միաձայն ընդունեց Սահմանադրութեան փոփոխութեան մասին նախագիծը: Նախագիծին վերաբերեալ գրաւոր առաջարկներու ներկայացման ժամկէտ սահմանուած է մինչեւ 21 մարտ: Փոփոխութիւններու նախաձեռնութիւնը նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանինն է: Գործող Սահմանադրութեամբ, նախագահի հրաժարականի, մահուան, լիազօրութիւններու դադրեցման կամ անոր անվստահութիւն յայտնելու, պաշտօնանկ ընելու պարագային խորհրդարանը կը լուծարուի, նախագահի եւ Ազգային...

Շոլց. «Մեր Ընդհանուր Նպատակը Պէտք Է Ըլլայ  Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Արագ Եւ Կենսունակ  Լուծում Գտնելը` Ի Շահ Տեղւոյն Բնակչութեան»

Շոլց. «Մեր Ընդհանուր Նպատակը Պէտք Է Ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Արագ Եւ Կենսունակ Լուծում Գտնելը` Ի Շահ Տեղւոյն Բնակչութեան»

Գերմանիան պատրաստ է իր աջակցութիւնը ցուցաբերելու Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տիրող կացութեան երկարաժամկէտ եւ իրագործելի լուծում գտնելու ուղղութեամբ` ի բարօրութիւն տիրող տեղւոյն բնակիչներուն: Գերմանիոյ վարչապետի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին: Ան վերահաստատած է Գերմանիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկկողմանի համագործակցութեան հետագայ աշխուժացումը: «Անցեալ տարի նշեցինք...

Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական  Վեհաժողովի Համազեկուցողներուն  Կոչը Հայաստանի Իշխանութիւններուն

Եւրոպական Խորհրդարանը Նոր Զեկուցումով Կը Դատապարտէ Հայաստանի Դէմ Ազրպէյճանի Յարձակումը Եւ Բերձորի Միջանցքի Փակումը

Եւրոպական խորհրդարանի Եւրոպական Միութիւն-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ նոր զեկուցումին մէջ կը յիշատակուին Բերձորի միջանցքով քաղաքային երթեւեկի փակումը, սեպտեմբերեան մարտերուն ժամանակ պատերազմական գերիներու խոշտանգումները, 2020-ին եւ 2021-ի սկիզբը քաղաքային անձերու, ներառեալ տարեցներու նկատմամբ ոտնձգութիւնները եւ արտադատական հաշուեյարդարները: «Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է գործօն դերակատարութիւն ունենալու` իբրեւ յուսալի առեւտրական գործընկեր եւ արդար միջնորդ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու գործին մէջ` իր քայլերը...

«Արտերկրի Լիբանանցիները Ներկայ  Լիբանանը Ամբողջացնող Ներուժն Են»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Արտերկրի Լիբանանցիները Ներկայ Լիբանանը Ամբողջացնող Ներուժն Են» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Արտերկրի Լիբանանցիներու Միջազգային Օրուան Առիթով  Արտերկրի լիբանանցիներու միջազգային օրուան առիթով եւ հովանաւորութեամբ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի, երէկ Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքայի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ «Արտերկրի լիբանանցին. իրականութիւն եւ մարտահրաւէրներ» խորագիրը կրող խորհրդաժողով մը: Այս առիթով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի արտասանեց հետեւեալ խօսքը. «Արտերկրի լիբանանցիներու միջազգային...

Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւն

Մի քանի օրից կը լրանայ Արցախի Հանրապետութեան 120 հազար բնակչութեանը Ազրպէյճանի կողմից շրջափակելու 100 օրը: Արհամարհելով Արցախի ապաշրջափակման վերաբերեալ Լա Հէյի միջազգային դատարանի որոշումը` Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնն ուժի սպառնալիքով եւ կիրառմամբ շարունակում է Արցախը հայաթափելու քաղաքական ուղեգիծը: Արցախի Հանրապետութիւնն իրեն բռնակցելու մտադրութեան մէջ Ազրպէյճանը չի խորշում հակամարդկային միջոցներից եւ ահաբեկչական գործողութիւններից: Բնական կազի եւ ելեկտրականութեան մատակարարման խափանումները, խաղաղ բնակչութեան ահաբեկումն ու...

Ստեփանակերտը Պատրաստ Է Հանդիպման,  Բայց` Ո՛չ Պաքուի Մէջ  Եւ Ո՛չ Ալ Ազրպէյճանի Օրակարգով

Ստեփանակերտը Պատրաստ Է Հանդիպման, Բայց` Ո՛չ Պաքուի Մէջ Եւ Ո՛չ Ալ Ազրպէյճանի Օրակարգով

Պաշտօնական Ստեփանակերտը կը յայտարարէ, թէ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումները կրնան տեղի ունենալ ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ եւ այնտեղ, ուր նախորդ հանդիպումը կատարուած էր: 1 մարտին կողմերը հանդիպած էին Իւանեանի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահ զօրակազմի կեդրոնին մէջ: Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ պնդած է, թէ օրակարգին մէջ պէտք է ըլլան մարդասիրական, ենթակառուցուածքային, թեքնիք հարցեր` «առանց անոնց անհարկի քաղաքականացման»: Ազրպէյճանի իշխանութիւնները, մինչդեռ, նախանցեալ...

Page 245 of 796 1 … 244 245 246 … 796

Արխիւներ