Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Յանուն Արցախի, Ընդդէմ Ազրպէյճանի». Հանրահաւաք` Կոռնիձորի Եւ Արցախի Մէջ

Մայիս 22, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

20 մայիսին Կոռնիձորի մէջ տեղի ունեցաւ  «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնած բազմահազարանոց հանրահաւաքը, որուն կը մասնակցէին Հայաստանի տարբեր մարզերէն եւ Երեւանէն ժամանած քաղաքացիներ, քաղաքական- հասարակական գործիչներ:

Հանրահաւաքը սկսաւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Սիւնեաց թեմի հոգեւորականներու օրհնութեամբ եւ Տէրունական աղօթքով:

Ելոյթներ ունեցան Սիսական գունդի հրամանատար Աշոտ Մինասեանը («Աշոտ երկաթ»), ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Գոռ Սարգսեանը, «Համախմբում» շարժման խորհուրդի անդամ Աւետիք Չալաբեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը, «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Հրանդ Մարգարեանը:

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այսօրուան մեր հաւաքը ոչ միայն խորհրդանշական է, այլ նաեւ մեկնարկ պիտի ըլլայ մեծ պայքարի, որ անպայման յաղթանակով պիտի աւարտի: Այդ պայքարը անպայման պիտի աւարտի յաղթանակով, ես ատոր մէջ չեմ կասկածիր: Մենք մեր առաջին ազատամարտը այդպէս ալ սկսանք: Մենք հասկցանք, թէ ուր է մեր ուժը, մեր ուժի աղբիւրը. ատիկա մեր միասնութիւնն է: Այսօր թշնամին ցոյց կու տայ իր գլխաւոր հարուածի ուղղութիւնը` անցակէտը դնելով: Ան կ՛ուզէ մեզի բաժնել, քանի որ գիտէ` բաժնելով կարելի է տիրել այս ժողովուրդին: Ուրիշ ձեւ չկայ, որ այս ժողովուրդը յանձնուի: Անոր միայն ներսէն պէտք է պառակտել»:

«Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Հրանդ Մարգարեան իր կարգին ըսաւ. «Մենք կանգնած ենք մեզ պարտադրուած սահմանի վրայ եւ մեզմէ աջ եւ ձախ կը գտնուի մինչեւ ատամները սպառազինուած թշնամին: Մենք ասած ենք` մենք ձեզմէ վախցողը չենք: Մենք եկած ենք ըսելու, որ մենք մեր երկրի տէրն ենք: Մենք եկած ենք ըսելու, որ այն, ինչ որ դուք կ՛ուզէք մեզ պարտադրել, մենք պիտի չընդունինք, մենք կ՛ընդվզինք ատոր դէմ: Առ ոչինչ պիտի նկատենք բոլոր այն փաստաթուղթերը, որոնք ժողովուրդի կամքին հակառակ պիտի ստորագրուին»:

Հանրահաւաքի աւարտին հնչեց ուղերձ` ուղղուած հայութեան եւ ի լուր աշխարհին:

Նշենք, որ նոյն պահուն Արցախի մէջ նոյնպէս երթ եւ հանրահաւաք  տեղի ունեցած է` ի աջակցութիւն Կոռնիձորի հանրահաւաքին: Արցախցիները` Ստեփանակերտի Զինուորական պանթէոնէն քայլերթով շարժած են դէպի Արցախը Մայր Հայաստանին կապող մայրուղիի Զառին Բաղ կոչուող տեղամաս:

Երթին նպատակը Արցախի ու Հայաստանի ժողովուրդի միասնականութեան ընդգծումն էր, Արցախը հայկական պահելու միասնական պայքարի ու կամքի արտայայտումը եւ անհամաձայնութիւնը` պարտադրուող սահմաններին:

Քայլերթի աւարտին ելոյթներ ունեցել են ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Տիրուհի Գասպարեանը, «Ո՛չ Արցախի ցեղային զտման» շարժման եւ «Արցախի անվտանգութեան եւ զարգացման ճակատ»-ի անդամներ Արշակ Աբրահամեանն ու Դաւիթ Բաղրեանը:

Կոռնիձորի Մէջ Կայացած Հանրահաւաքի
Մասնակիցներուն Ուղերձը

Մենք` Արցախի եւ արցախահայութեան զօրակցութեան հանրահաւաքի մասնակիցներս, յայտարարում ենք, որ`

– հայութիւնն ունի բաւարար ներուժ յաղթահարելու առկայ մարտահրաւէրները եւ բեկում մտցնելու վիճակի մէջ,

– հայութեան դիմադրութեան ոգին անկոտրում է, Ազրպէյճանը մեծ գին է վճարելու իր ցանկացած սադրանքի ու նախայարձակ գործողութեան համար,

– Արցախի ազատութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի իրացման դէմ կատարուող ցանկացած գործողութիւն արժանանալու է հակազդեցութեան, ում կողմից էլ որ այն կատարուի,

– Արցախի ինքնիշխանութեան եւ արցախահայութեան անվտանգութեան ապահովմանն ուղղուած ռազմավարական ծրագրի մշակումը եւ գործադրումը Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւնների պարտաւորութիւնն է,

– Հայաստանի որեւէ իշխանութեան իւրաքանչիւր գործողութիւն, որը կասկածի տակ կը դնի Արցախում անցկացուած հանրաքուէների արդիւնքները, Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնն ու դրա անքակտելի մասը կազմող անկախութեան հռչակագիրը, ի սկզբանէ առ ոչինչ են,

– Կանխելու ենք խաղաղութեան անուան տակ կենսական զիջումներ պարտադրող յանձնուողական պայմանագրի ընդունումը, չենք հանդուրժելու առանց ժողովրդի անմիջական մասնակցութեան որեւէ համաձայնութեան կայացում,

– Իրական եւ երաշխաւորուած խաղաղութիւն կարող է լինել, եթէ այն հաստատուած է արդարութեան ու ճշմարտութեան վրայ: Չի կարող լինել խաղաղութիւն, քանի դեռ գերուած են Հադրութն ու Շուշին, քանի դեռ շրջափակուած է Արցախը, վտանգուած է արցախահայութեան ազատ ապրելու իրաւունքը,

– Մեր պայքարը շարունակական է` հարկ եղած դէպքում մենք պատրաստ ենք մէկ մարդու պէս զինուորագրուել եւ պաշտպանել մեր հայրենիքը: Ստեղծուած իրավիճակում ինքնակազմակերպմամբ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հրատապ խնդիրների լուծումը այլընտրանք չունի,

– Որպէս արժանապատիւ եւ հայրենատէր հայեր մենք վճռական ենք ու տէր ենք Արցախին: Մենք բոլորս արցախցի ենք եւ ունենք կամք ազատագրելու Արցախը շրջափակումից, վերականգնելու Արցախի տարածքային ամբողջականութիւնը:

Արցախը եղել ու շարունակելու է լինել հայկական:

Կեցցէ՛ Արցախը, կեցցէ՛ Հայաստանը, կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը:

 

Նախորդը

Ռուսիոյ Պատրիարքը Իր Միջնորդութիւնը Կ՛առաջարկէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Կրօնական Ղեկավարներուն

Յաջորդը

Ինթեր Միլան Պիտի Երկարաձգէ Ինցակիի Պայմանագրութիւնը

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?