Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաթել. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Ուղիղ Երկխօսութեան` Անկախ Բանակցութիւններու Վայրէն»

May 20, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ուղիղ երկխօսութեան, անկախ անկէ, թէ ո՛ր հարթակի վրայ կ՛ընթանան բանակցութիւնները: «Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալ Վետանթ Փաթել:

«Կողմերուն միջեւ ուղիղ բանակցութիւնները սկզբունքօրէն կարեւոր են` անկախ անկէ, թէ անոնք ո՛ւր տեղի ունեցած են` Արլինկթընի, Պրիւքսելի, թէ Մոսկուայի մէջ», յայտարարած է Փաթել` մեկնաբանելով 25 մայիսին Մոսկուայի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը հինգշաբթի օր կառավարութեան նիստի ընթացքին տեղեկացուցած է, որ իր եւ Իլհամ Ալիեւի` Եւրոպական խորհուրդի նախագահի միջնորդութեամբ պրիւքսելեան հանդիպումէն ետք եւ Քիշնեւի մէջ Ֆրանսայի ու Գերմանիոյ ղեկավարներու մասնակցութեամբ ծրագրուած յունիսմէկեան հանդիպումէն առաջ յաւելեալ բանակցութիւն մը կը նախատեսուի Մոսկուայի մէջ` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ:

«Ռուսական կողմէն ստացած ենք առաջարկ` Ռուսիոյ նախագահին միջնորդութեամբ բարձրագոյն մակարդակով եռակողմ հանդիպում կատարել Մոսկուայի մէջ` 25 մայիսին: Եւ մենք ընդունած ենք այդ առաջարկը», ըսած է Փաշինեան:

Ան նաեւ յիշեցուցած էր, որ նաեւ 19 մայիսին, Մոսկուայի մէջ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպում կը սպասուի:

 

Նախորդը

Ապագայ Լրագրողները Այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք

Յաջորդը

Մոսկուայի Մէջ Միրզոյեան-Լաւրով-Պայրամով Հանդիպում

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.