Հայաստանը Բերձորի միջանցքի ազրպէյճանական ապօրինի անցակէտին հարցով 2-րդ անգամ դիմած է Լա Հէյի դատարան: Այս մասին Պետական պատկերասփիւռէն ըսաւ Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան:
«Հայաստան կը պահանջէ որոշումին մէջ ներառել նաեւ անցակէտին առնչուած խնդիրը, որովհետեւ փետրուարէն ետք կացութիւնը փոխուած է, եւ անցակէտին առնչուած նոր միջոցի անհրաժեշտութիւն կայ: Ազրպէյճանին մինչեւ մայիսի վերջ ժամանակ տրուած է հայկական կողմի միջնորդութեան պատասխանելու, որմէ ետք դատարանը պէտք է որոշում տայ», ըսաւ Կիրակոսեան:
«Երեւան Լա Հէյէն կ՛ակնկալէ մինչեւ մեր հայցով վերջնական վճիռը միջանկեալ քայլ կիրարկել Պաքուի նկատմամբ` պահանջելով Լաչինի միջանցքով անխափան տեղաշարժի ապահովում», ըսաւ Կիրակոսեան եւ նշեց, որ Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչի գրասենեակը Ազրպէյճանի անպատասխանատուութեան հարցը արծարծած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին (ՄԻԵԴ) մէջ:
Պաքուն ոչ միայն չի կատարեր ՄԱԿ-ի դատարանի միջանկեալ որոշումները, այլ նաեւ կ՛անտեսէ ՄԻԵԴ-ի վճիռները: Այդ փաստը ներկայացուած է վճիռներու կատարումը վերահսկող մարմինին` Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու յանձնախումբին:
Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչը ընդգծած է նաեւ Եւրոպական դատարանին կողմէ կիրարկուող միջանկեալ քայլերու կատարման վերահսկողութեան մեքանիզմներու ներդրման անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ Ազրպէյճանը կ՛անտեսէ վճիռներու կատարումը:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը անցակէտի հարցով առաջին անգամ դատարան դիմած էր 25 ապրիլին: