Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեսփոխանական Գրասենեակին Հրաւէրով Տագնապը Դիմագրաւելու Հանդիպում

Մայիս 22, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեսփոխանական գրասենեակին հրաւէրով, ուրբաթ, 19 մայիսին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ կեանքին մէջ գործող ընկերային ծառայութեան կեդրոններու, միութիւններու եւ համայնքային բաժանմունքներու ներկայացուցիչներու հանդիպում: Հրաւէրին ընդառաջած էին Ազգային վարչութեան փոխատենապետ, ընկերային բաժանմունքի ներկայացուցիչ, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Հայ կաթողիկէ համայնքէն Թալին Թերզեան եւ «Հիւմանթաս» կեդրոնէն Անի Գալուստ, Հայ աւետարանական համայնքի ընկերային ծառայութեան կեդրոնէն եւ Հայ ծերանոցի տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թերզեան, Երեսփոխանական գրասենեակի տնօրէն Րաֆֆի Մարգարեան, ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն Յակոբ Լատոյեան, ՀԿԲՄ-ի ներկայացուցիչ Տիգրան Միհրանեան, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի տնօրէն Նազելի Աւագեան եւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Սապունճեան, «Գարակէօզեան» հաստատութեան ներկայացուցիչ Գօգօ Այնէլեան, «Ճինիշեան» հաստատութեան տնօրէն եւ ընկերային ծառայողներու միութեան ատենապետ Քրիսթին Դանիէլեան-Սարգիսեան:

Հայկական երեսփոխանական գրասենեակի հրաւէրին ընդառաջ պատասխանատուներուն իր խօսքը ուղղելով երեսփոխան Բագրատունի բարձրօրէն գնահատեց յատկապէս այս տագնապի օրերուն մեր բարեսիրական միութիւններուն եւ կեդրոններուն ու համայնքային միաւորներուն կատարած բացառիկ աշխատանքը եւ բացատրեց հանդիպումին նպատակը` քննել տագնապի այս փուլին դժուարութիւնները, կատարել ախտաճանաչումներ, աւելիով հասնիլ կարիքներուն, փոխադարձաբար օգտուիլ փորձառութիւններէն, ներդաշնակել աշխատանքը եւ ծառայութիւնները կատարել անխտրական ոգիով, արդար բաշխումի հիմունքով:

Ժողովականները հերթաբար ծանօթացուցին աշխատանքները, ապա լայն քննարկում կատարուեցաւ ծառայութիւնները աւելիով ներդաշնակելու եւ յատկապէս առողջապահական, բժշկական եւ հիւանդանոցային մարզերուն մէջ ցցուող նոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու ձեւերուն շուրջ:

Քննարկումի նիւթ դարձան նաեւ յատկապէս երիտասարդութեան մօտ երեւցող մոլութիւններու եւ ընտանեկան կապերու տկարացման ու գործի ասպարէզի տագնապները:

Հանդիպումները հերթական դրութեամբ պիտի շարունակուին:

Նախորդը

Կոռնիձորի Հաւաքը Նոր Մեկնակէտ Է

Յաջորդը

Պայտըն Ճէյմզ Օ՛Պրայընը Առաջադրած Է Եւրոպայի Եւ Եւրասիոյ Հարցերով Արտաքին Գործոց Նախարարի Տեղակալի Պաշտօնին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?