Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Խորհուրդը Քանատան Ընդգրկած Է  Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան  Դիտորդական Առաքելութեան Կազմին Մէջ

Եւրոպական Խորհուրդը Քանատան Ընդգրկած Է Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դիտորդական Առաքելութեան Կազմին Մէջ

Եւրոպական խորհուրդի քաղաքական եւ անվտանգային հարցերու յանձնախումբը հաւանութիւն տուած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան աջակցելու` Քանատայի առաջարկին: Այս մասին նշուած է յանձնախումբի 18 յուլիսի որոշումին մէջ: «Քանատայի` Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ներդրումը ընդունուած եւ նշանակալի է: Քանատան ազատուած է առաքելութեան պիւտճէ կատարուող ֆինանսական ներդրումներէն», կը նշուի որոշումին մէջ: Որոշումը արդէն ուժի մէջ է:

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբ.  «Եւրոպական Խորհրդարանին Որոշումը Կը Հակադրուի  Լիբանանեան Սահմանադրութեան Եւ Գաղթականներու  Ժընեւի Համաձայնագիրին»

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբ. «Եւրոպական Խորհրդարանին Որոշումը Կը Հակադրուի Լիբանանեան Սահմանադրութեան Եւ Գաղթականներու Ժընեւի Համաձայնագիրին»

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէ` ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի անդամ այլ երեսփոխաններուն, երէկ խորհրդարանին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը: Ասուլիսին ընթացքին Ալամէ թուեց յանձնախումբին կողմէ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող յանձնարարականները: Ալամէ նշեց, որ յանձնախումբը մեծ զարմանքով ստացած է Եւրոպական խորհրդարանին տուած որոշումը`...

Եւրոպական Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ`  Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Եւրոպական Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ` Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը Անգարային կոչ ուղղած է ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է յանձնախումբի` Թուրքիոյ վերաբերեալ հաշուետուութեան մէջ: Կը նշուի, որ յանձնախումբը կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման` մեկնելով հաշտեցման, շրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան շահերէն: Յանձնախումբը կոչ կ՛ուղղէ` շուտափոյթ իրականացնելու յատուկ ներկայացուցիչներու համաձայնութիւնները, ինչպիսիք են օդային տարածքի եւ...

Արցախի Նախագահը Նստացոյցի Կը Սկսի  Ստեփանակերտի Վերածնունդի Հրապարակին Մէջ

Արցախի Նախագահը Նստացոյցի Կը Սկսի Ստեփանակերտի Վերածնունդի Հրապարակին Մէջ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը նախանցեալ օր նստացոյցի սկսաւ Ստեփանակերտի մէջ` միանալով Վերածնունդի հրապարակին մէջ սկսած շարժումին: Այս մասին յայտարարեց ինք` Յարութիւնեան` հանդէս գալով ուղերձով: «Սա լրացուցիչ ճիգ է միջազգային ուշադրութիւն գրաւելու, յորդորելու միջազգային հանրութեան պարտադրել կատարել իր ստանձնած պարտաւորութիւնները` մղելու հայ ժողովուրդը եւ մեր բոլոր բարեկամները աշխուժ եւ անյապաղ գործողութիւններու», ըսաւ Արայիկ Յարութիւնեան: Յարութիւնեան նշեց, որ եթէ մէկ շաբթուան...

Պայրամով Ռուսիոյ Նոր Դեսպանին Հետ  Հանդիպումի Ընթացքին Կրկնած Է  Աղտամի Ճամբու Առաջարկը

Պայրամով Ռուսիոյ Նոր Դեսպանին Հետ Հանդիպումի Ընթացքին Կրկնած Է Աղտամի Ճամբու Առաջարկը

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով 17 յուլիսին ընդունած է Պաքուի մէջ Ռուսիոյ նոր դեսպան Միխայիլ Եւտոքիմովը: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Ըստ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան, հանդիպումին մասնակիցները նշած են Պաքուի եւ Մոսկուայի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման կարեւորութիւնը երկկողմանի եւ բազմակողմանի համաձայնագիրներու ծիրին մէջ` բարեկամութեան եւ փոխըմբռնման պայմաններու մէջ, քննարկած են նաեւ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթը: ԱՓԱ...

Տոհայի Նիստին Քննարկուած Են Նախագահական  Ընտրութիւնը Խոչընդոտողներուն Դէմ Միջոցառումներ

Տոհայի Նիստին Քննարկուած Են Նախագահական Ընտրութիւնը Խոչընդոտողներուն Դէմ Միջոցառումներ

Լիբանանի քաղաքական տագնապին լուծման եւ յատկապէս նախագահական ընտրութեան հարցը լուծելու նպատակով նախանցեալ օր Տոհայի մէջ տեղի ունեցաւ հնգակողմանի երկրորդ հանդիպումը, որուն ներկայ գտնուեցան ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի` Լիբանանի համար յատուկ անձնական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու, Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի եւ Եգիպտոսի ներկայացուցիչները: Քաթարի մէջ տեղի ունեցած հնգակողմանի նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը ընդգծեց նախագահական ընտրութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին...

Մաուլաուի Հոգեւոր Եւ Քաղաքական  Հեղինակութիւններու Հետ Քննարկեց  Մար Մըխայէլի Եւ Ժըմմէյզէի Կացութիւնը

Մաուլաուի Հոգեւոր Եւ Քաղաքական Հեղինակութիւններու Հետ Քննարկեց Մար Մըխայէլի Եւ Ժըմմէյզէի Կացութիւնը

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց հոգեւոր եւ քաղաքական հեղինակութիւններ, որոնց հետ քննարկեց Պէյրութի, յատկապէս` Մար Մըխայէլի եւ Ժըմմէյզէի կացութիւնը: Հանդիպումին ներկայ էին մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Ապտել Սաթեր եպիսկոպոսը, յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդի ներկայացուցիչ հայր Նեքթարիոս Խէյրալլա, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի...

Ակնարկ.  Պրիւքսելի Կատարած Աղտամի Նշումին Կապուած Հանգամանքները

Ակնարկ. Պրիւքսելի Կատարած Աղտամի Նշումին Կապուած Հանգամանքները

Պրիւքսելեան եռակողմ հանդիպումէն բխած Շարլ Միշելի կատարած յայտարարութիւնները, ինչպէս կ՛ակնկալուէր բեկումնային կամ շրջադարձային նորութիւն չեն բերեր: Հանդիպումը կը ծառայէ բանակցային գործընթացի ղեկը Եւրոպական Միութեան ձեռքերուն մէջ պահելու ծրագիրի գործնականացման: Փաստօրէն կը նշուի, որ կայ համաձայնութիւն  աշնան երկու տարբեր հանդիպումներ կազմակերպելու: Միշելը վերահաստատած է իր մտադրութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները հրաւիրելու այս ամառուընէ ետք Պրիւքսելի մէջ կայանալիք յաւելեալ մէկ հանդիպումին, ինչպէս...

Մոսկուա Պիտի Չմասնակցի  Վենեզուելայի Շուրջ Միջազգային Ժողովին

Ռուսիան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Մօտիկ Ապագային Մոսկուայի Մէջ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Եռակողմ Հանդիպում Կազմակերպելու

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ոչ պատշաճ կոչած է Պաքուի գործընկերներու յայտարարութիւնները եւ հաստատած մօտիկ ապագային Մոսկուայի մէջ արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպում կազմակերպելու իր պատրաստակամութիւնը: Այս մասին հաղորդեց «Սփութնիք Արմենիա»-ն: Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօ Ազրպէյճանի դեսպանին հետ հանդիպումի ժամանակ նշած է Բերձորի միջանցքի ամբողջական եւ անյապաղ ապաշրջափակման, ատոր երկայնքին երկու ուղղութիւններով փոխադրութեան կապերու վերականգնման անհրաժեշտութիւնը: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց...

Ազրպէյճան Տեղեկատուութիւն Տրամադրած Է  Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին  Առեւանգուած 2 Հայ Զինուորի Վերաբերեալ

Վերահաստատելով Իր Նախկին Որոշման Կատարման Անհրաժեշտութիւնը` ՄԻԵԴ. «Ազրպէյճանը Պարտադիր Պէտք Է Բանայ Լաչինի Միջանցքը»

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը, ուսումնասիրելով Բերձորի միջանցքը ապաշրջափակելու առնչութեամբ Ազրպէյճանի նկատմամբ միջանկեալ քայլեր կիրարկելու Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան պահանջը, 12 յուլիսին որոշած է վերահաստատել իր 21 դեկտեմբեր 2022 թուականին տուած որոշումը` Ազրպէյճանին պարտաւորեցնել ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ եւ բաւարար քայլերը` ապահովելու «Լաչինի միջանցքով» Հայաստանի մէջ բժշկական օգնութիւն ստանալու կարիք ունեցող ծանր հիւանդ անձերու տեղաշարժը, ինչպէս նաեւ ճամբուն վրայ անապաստան մնացած կամ ապրուստի...

Վիթալի Բալասանեան Հերքեց Արցախի  Պաշտպանութեան Բանակի Կազմալուծման Լուրերը

Վիթալի Բալասանեան Ազատ Արձակուեցաւ

Արցախի Հանրապետութեան ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանը մերժած է Արցախի հերոս Վիթալի Բալասանեանը կալանաւորելու միջնորդութիւնը: Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Վիթալի Բալասանեանի շահերու պաշտպան Ռաֆայէլ Մարտիրոսեան: Փաստաբանը տեղեկացուցած է, որ ներկայիս Վիթալի Բալասանեան ազատութեան մէջ է:

Այս Շաբաթավերջին Համա-ՀՄԸՄ-ական  12-րդ Բանակումին Բացումը` Բիւրականի Մէջ

Այս Շաբաթավերջին Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Բանակումին Բացումը` Բիւրականի Մէջ

Այս շաբաթավերջին Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» բանակավայրին մէջ տեղի կ’ունենայ համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակումին բացումը` մասնակցութեամբ միութեան շրջանային եւ մեկուսի շրջաններէն 750 սկաուտներու: Բանակումին հիւրաբար կը մասնակցին Իրանի «Արարատ, «Սիփան» եւ «Նայիրի» միութիւններու սկաուտական պատուիրակութիւնները: Համա-ՀՄԸՄ-ական բոլոր նախաձեռնութիւններուն նման, սկաուտական բանակումը եւս տարիով մը յետաձգուեցաւ Քորոնայի համաճարակին պատճառով: Համա-ՀՄԸՄ-ական վերջին բանակումը կատարուած էր միութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններու սեմին, յուլիս 2018-ին: Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակումը...

Համազգային Ուսանողական Հաւաքը  Կը Շարունակէ Իր Աշխատանքները

Համազգային Ուսանողական Հաւաքը Կը Շարունակէ Իր Աշխատանքները

7 յուլիս 2023-ին Երեւանի մէջ ընթացք առած Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ուսանողական հաւաքը (ֆորում) աշխուժ կերպով շարունակեց իր աշխատանքները: Արդարեւ, 10 յուլիսին, ընկերակցութեամբ  Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանի, ֆորումականներուն օրը սկսաւ Երեւանի պետական համալսարան (ԵՊՀ) այցելութեամբ: Համալսարանի Հայագիտական ամպիոնի հետազօտութիւններու փոխտնօրէն Ալիք Ղարիպեան առաջնորդեց ֆորումականները ԵՊՀ-ի թանգարան, ուր հակիրճ ձեւով ներկայացուց այնտեղ գտնուող մեր հարստութիւնները: Ղարիպեան նաեւ...

Պրիւքսելի Մէջ Տեղի Ունեցաւ  Փաշինեան-Միշել-Ալիեւ Եռակողմ Հանդիպումը

Պրիւքսելի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Փաշինեան-Միշել-Ալիեւ Եռակողմ Հանդիպումը

Շաբաթ օր Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եռակողմ հանդիպումը, որուն աւարտին Միշել կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Քիչ առաջ աւարտած ենք նախագահ Ալիեւի եւ վարչապետ Փաշինեանի հետ վեցերորդ հանդիպումը: Մեր միտքերու փոխանակումները կրկին եղած են անկեղծ, ազնիւ եւ առարկայական: «Մեր հանդիպումը վերջինն էր Պրիւքսելի, Քիշնեւի, Ուաշինկթընի ու Մոսկուայի...

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Հայաստանի  Եւ Ազրպէյճանի Սահմանին Վրայ  Տիրող Կացութեան Նկատմամբ

Մոսկուա. «Երեւանը Լեռնային Ղարաբաղը Ճանչցած Է Իբրեւ Ազրպէյճանի Մաս. Լեռնային Ղարաբաղի Հայ Բնակչութեան Ճակատագիրի Պատասխանատուութիւնը Պէտք Չէ Դնել Երրորդ Երկիրներու Վրայ»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը 15 յուլիսին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «2022 թուականի հոկտեմբերին եւ 2023 թուականի մայիսին Եւրոպական Միութեան հովանիին տակ տեղի ունեցող վեհաժողովներուն ընթացքին Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղը ճանչցաւ իբրեւ Ազրպէյճանի տարածքի մաս: «Մենք կը յարգենք Հայաստանի ղեկավարութեան գերիշխան որոշումը, սակայն ատիկա արմատական կերպով կը փոխէ այն հիմնարար պայմանները, որոնց մէջ ստորագրուած է Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 9 նոյեմբեր...

Գուրգէն Ներսիսեան. «Յանուն Ինչի՞  Կը Կատարուին Այդ Զիջումները,  Մեզի Այս Գինով Խաղաղութիւն Պէտք Չէ»

Գուրգէն Ներսիսեան. «Յանուն Ինչի՞ Կը Կատարուին Այդ Զիջումները, Մեզի Այս Գինով Խաղաղութիւն Պէտք Չէ»

Արցախի մայրաքաղաքի Ստեփանակերտի մէջ երկրորդ օրը շարունակուող համաժողովրդական հանրահաւաքին մէջ շաբաթ օր ելոյթ ունենալով` Արցախի պետական նախարարը արձագանգած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան: «Ամէնէն տարբեր հարթակներուն մէջ պարբերաբար կը հնչեն յայտարարութիւններ, կը տրուին մեկնաբանութիւններ, որոնց համաձայն մենք ունինք բազմաթիւ կամ ամէնէն տարբեր բացթողումներ` բանակցային այս կամ այն գործընթացներուն մէջ, որոնց մէջ ներգրաւուած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը», յայտարարած է Գուրգէն...

«Իրան Մտադիր Է Հայաստանի Տարածքով  Միանալ Ռուսական Ելեկտրական Ցանցին»  Կ՛ըսէ Իրանի Ուժանիւթի Նախարարը

«Իրան Մտադիր Է Հայաստանի Տարածքով Միանալ Ռուսական Ելեկտրական Ցանցին» Կ՛ըսէ Իրանի Ուժանիւթի Նախարարը

Իրանի ուժանիւթի նախարար Ալի Աքպար Մեհրապեան յայտարարած է, որ Իրանն ու Ռուսիան ելեկտրականութիւն պիտի փոխանակեն Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի տարածքներով: «Մեհր» կայքը կը հաղորդէ, որ Ալի Աքպար Մեհրապեան այս մասին ըսած է ԻՍՆԱ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Ռուսիոյ հետ ելեկտրականութիւն փոխանակելու համար մենք հետեւած ենք Ազրպէյճան, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Վրաստան երկու երթուղիներուն, եւ կը գտնուինք վերջնական բանակցութիւններու եւ իրականացման փուլի...

Նախագահական Ընտրութիւնը Կը Մնայ  Տեղքայլի Մէջ, Մինչ Պուխարի  Կը Մասնակցի Տոհայի Նիստին

Նախագահական Ընտրութիւնը Կը Մնայ Տեղքայլի Մէջ, Մինչ Պուխարի Կը Մասնակցի Տոհայի Նիստին

Նախագահական ընտրութեան թղթածրարը կը մնայ տեղքայլի մէջ` սպասելով Տոհայի մէջ տեղի ունենալիք հնգակողմանի հանդիպումին, որուն ներկայ պիտի գտնուի ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի Լիբանանի` համար յատուկ անձնական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան: Կը նախատեսուի, որ Լը Տըրիան այդ ժողովէն բխած արդիւնքին հիման վրայ վերադառնայ Պէյրութ` կայացնելու համար երեսփոխանական պլոքներուն միջեւ երկխօսութիւն մը: Նշենք, որ վստահելի աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ Լիբանանի մէջ Սէուտական...

Համաժողովրդային Խաղաղ Շարժումի  Մեկնարկ` Ստեփանակերտի Մէջ

Համաժողովրդային Խաղաղ Շարժումի Մեկնարկ` Ստեփանակերտի Մէջ

Երէկ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ համաժողովրդական անժամկէտ շարժման հանրահաւաք: «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին հաղորդումով` հանրահաւաքը սկսած է հայրենիքի պաշտպանութեան համար հերոսաբար ինկածներու յիշատակը մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելով եւ Տէրունական աղօթքով: Հանրահաւաքին մասնակցեցան նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, պաշտօնատար այլ անձեր եւ հազարաւոր արցախցիներ: Մէկ օր առաջ Արցախի դիմագրաւած օրհասական ներկայ վիճակին վերջ...

Ձերբակալուած Է Վիթալի Բալասանեանը

Ձերբակալուած Է Վիթալի Բալասանեանը

Արցախի Հանրապետութեան մէջ նախանցեալ օր ձերբակալուած է Արցախի հերոս, Անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար Վիթալի Բալասանեանը, կը հաղորդէ վերջինիս պաշտպանութիւնը ստանձնած Ռաֆայէլ Մարտիրոսեան: Փաստաբանը չնշեց, թէ ի՛նչ գործի շրջանակներու մէջ եւ ո՛ր մեղադրանքով, միայն պնդեց, թէ Բալասանեանի «մարմինին վրայ առկայ են բազմաթիւ վնասուածքներ»: Արցախի պաշտօնական աղբիւրները այս տեղեկութիւնները առայժմ չեն հաստատած, մանրամասնութիւններ չեն հաղորդած: Երէկ դատարանը մերժեց ձերբակալման իրաւաչափութեան վերաբերեալ Բալասանեանի...

Page 225 of 796 1 … 224 225 226 … 796

Արխիւներ