Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական կացութիւնը արագօրէն կը վատանայ: Այս մասին «Էքս» ընկերային ցանցին վրայ գրած է Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան («Եու. Էս. Էյտ») ղեկավար Սամանթա Փաուըր:
«Կարեւոր է, որ Լաչինի եւ Աղտամի (Ակնա) երթուղիները անյապաղ վերաբացուին, որպէսզի փրկարար օգնութիւնը հասնի Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին», գրած է ամերիկացի պաշտօնատարը: