Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այն Հելուէ Կը Շարունակէ Մնալ Բուռն Զինեալ Բախումներու Կեդրոն` Սպառնալով Նաեւ Սայտայի Անվտանգութեան

September 12, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ երէկ երեկոյեան անակնկալ յայտարարութեամբ մը Իրանը ամբաստանեց հարաւային Լիբանանի մէջ օդակայան մը կառուցելու յանցանքով` աւելցնելով, որ անոր կառուցման նպատակն է Իսրայէլի վրայ յարձակումներ սանձազերծել:

Կալանթ հաստատեց, որ իսրայէլեան սահմաններէն 20 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող այդ օդակայանը բաւարար է ընդգրկելու միջակ չափի օդանաւեր:

Միւս կողմէ, հինգերորդ օրն ըլլալով երէկ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ զինեալ բախումները բուռն թափով շարունակուեցան` զոհերուն թիւը հասցնելով 7-ի, իսկ վիրաւորներունը` 86-ի:

Ֆաթհ շարժումի եւ իսլամական խմբաւորումներու զինեալներուն միջեւ երէկուան բախումները կեդրոնացան հիմնականին մէջ Ժապալ Հալիպ, Ֆաուքանի փողոց, Թիրի, Ռաս Ահմար, Սաֆսաֆ եւ Հըթթին թաղամասերուն մէջ:

Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ արձանագրուած ռմբակոծումին եւ կրակոցներուն պատճառով Սայտայի ապահովութիւնը վտանգուեցաւ:

Սայտայի մէջ երթեւեկն ու աշխատանքները դադրեցան` ապահովելու համար քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը:

Այն Հելուէի մէջ արձակուած ռումբերուն բեկորներն ու փամփուշտները հասան Սայտա, յատկապէս` Մուսալլի մզկիթ եւ պատճառեցին վիրաւորներ:

Ապահովութեան ուժերը փակեցին Սայտայի հարաւային մուտքը` Հասպէ շրջանին մէջ, իսկ քաղաքին պետական ու վարչական գրասենեակները փակ պահեցին իրենց դռները:

Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Պասսամ Պատրանի որոշումով փակ պահուեցան նաեւ համալսարանի Սայտայի տարբեր մասնաճիւղերը:

Այս շրջագիծին մէջ Մաքասետի դպրոցները որոշեցին 2023-2024 կրթական տարեշրջանի վերամուտը, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի սկսէր առկախել:

Նշենք, որ Պետական անվտանգութեան գրասենեակի պաշտօնեաները, որոնք Սայտայի իրենց գրասենեակին մէջ կ՛աշխատէին, հրաշքով փրկուեցան այն կոյր փամփուշտներէն, որոնք գաղթակայանէն հասած էին իրենց գրասենեակները:

Բախումները կասեցնելու առումով, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուրը, որուն հետ քննարկեց Այն Հելուէի զարգացումները:

Իր կարգին, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի պաղեստինեան խմբաւորումներն ու Լիբանանի մէջ պաղեստինեան միացեալ աշխատանքի խորհուրդը հրաւիրեց արտակարգ նիստի մը, որուն ընթացքին որոշուեցաւ անմիջական ու մնայուն զինադուլ յայտարարել եւ Ֆաթհ շարժումի դերգնդապետ, Ազգային անվտանգութեան պատասխանատու Ապու Աշրաֆ Արմուշին ու անոր ընկերակիցները, ինչպէս նաեւ Ապտել Ռահման Ֆարհուտը սպաննող յանցագործները յանձնել լիբանանեան իշխանութիւններուն:

Իր կարգին, Հըզպալլա երէկ երեկոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ պահանջեց Այն Հելուէի մէջ անմիջապէս զինադուլ յայտարարել:

«Մենք դէմ ենք այս բախումներուն եւ բացարձակապէս կը մերժենք զանոնք, որովհետեւ այդ բախումները միայն թշնամի սիոնական գոյացութեան շահերուն կը ծառայեն», կը նշէ Հըզպալլայի հաղորդագրութիւնը:

Նախորդը

Կառավարութիւնը Չկրցաւ Քննարկել Սուրիացի Տեղահանուածներու Թղթածրարը` Օրինաթիւի Չգոյութեան Պատճառով

Յաջորդը

Փեսքով. «Տակաւին ՀԱՊԿ-էն Դուրս Գալու Մասին Հայաստանէն Որեւէ Պաշտօնական Ազդանշան Չենք Ստացած»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.