Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւիթ Իշխանեանի Նամակը Պիտի Յանձնուի Իրանի Իսլամական Խորհրդարանի Նախագահին

September 12, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինչպէս կը հաղորդէ «Ալիք» օրաթերթը` Իրանի Իսլամական խորհրդարանին մէջ իրանահայութեան երկու պատգամաւորներ Արա Շահվերդեանի եւ Ռոպերթ Բեգլարեանի միջնորդութեամբ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի նամակը պիտի փոխանցուի Իրանի Իսլամական խորհրդարանի նախագահին:

Օրեր առաջ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը նամակներ յղած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան խորհրդարանի, Ռուսիոյ Դաշնութեան Պետական տումայի, Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ծերակոյտի, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի, Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի, ինչպէս նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահներուն:

«Ալիք» օրաթերթին համաձայն, Իրանի օրէնսդիր իշխանութիւններուն կողմէ սպասուող հաւանական արձագանգներուն ծանօթանալու նպատակով զրոյց կատարուած է Իրանի Իսլամական խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ Հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեանի հետ: Թերթը հետաքրքրուած է, թէ արդեօք Դաւիթ Իշխանեանի կիրարկած նոր գործելաձեւը կրնա՞յ ազդեցիկ գործիք դառնալ ազրպէյճանական արգելափակման վերացման եւ Իրանի կողմէ միջամտութեան տեսանկիւնէն:

Արա Շահվերդեանը նախ տեղեկացուցած է, որ նամակէն օրինակ մը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ յանձնուած է Իրանի Իսլամական խորհրդարանին մէջ Սպահանի եւ Հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր Ռոպերթ Բեգլարեանին, եւ արդէն Իրանի մէջ երկուքով կը պատրաստուին զայն յանձնելու Իսլամական խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պադեր Ղարիպաֆին:

Ապա պատգամաւորը ընդգծած է, որ այսօրուան դրութեամբ շատ կարեւոր է տարբեր գործիքակազմերու կիրարկումը եւ, ըստ պատգամաւորին, բոլոր քայլերն ալ կրնան ազդել Արցախի ազգային բնակչութեան շահերու պաշտպանութեան առումով:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպիսի՞ գործընթացներ կը նախատեսէ Իրանի Իսլամական խորհրդարանը նման օրակարգային հարցերու առնչութեամբ, Արա Շահվերդեան նշած է, որ իրենք կը պատրաստուին իբրեւ միջնորդ հանդէս գալ նամակի յանձնման ուղղութեամբ, ինչ որ կը նշանակէ, որ ուղղակիօրէն զայն պիտի ստանայ խորհրդարանի նամակը:

Իրանի Իսլամական խորհրդարանի պատգամաւորը շեշտած է, որ իբրեւ իրանահայութեան զոյգ պատգամաւորներ, անպայման պիտի շարունակեն հետեւողական ըլլալ արցախահայութեան շահերու պաշտպանութեան հարցերու նկատմամբ` ընդգծելով, որ իբրեւ երկրի օրէնսդիր իշխանութեան մէկ մասնիկ, բազմիցս դիմած են պետական անձերու` խնդրելով տարբեր քաղաքական ու դիւանագիտական միջոցներ կիրարկել, ճնշումներ գործադրել ազրպէյճանական սադրանքները զսպելու գործիքակազմեր կիրարկելու եւ Արցախի  բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ:

Արա Շահվերդեան ընդգծած է, որ հետամուտ պիտի ըլլան, որ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի յղած նամակ-պահանջը Իսլամական խորհրդարանի նախագահին կողմէ հասցէական եւ համապատասխան արձագանգ ստանայ:

Նախորդը

Փաշինեան-Էրտողան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Յաջորդը

Քենաանի. «Պաքուն Մեզի Ըսած Է, Որ Մտադիր Չէ Զինուորական Յարձակումներ Կատարելու»

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

January 14, 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ն Որոշեց Մասնակցիլ 2026-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Նախապատուութիւնը Տալով Դաշինքային Ձեւաչափին

January 14, 2026
Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը  Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի»  Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն
Հայկական

Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի» Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.