Լիբանանի համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան երէկ Պէյրութի մէջ շարունակեց իր հանդիպումները երեսփոխանական պլոքներու նախագահներուն, ինչպէս նաեւ քաղաքական այլ անձնաւորութիւններու հետ` քննարկելու համար երկխօսութեան իր նախաձեռնութեան մասին անոնց կեցուածքներն ու տեսակէտները:
Լը Տըրիան, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի, հանդիպում մը ունեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի հետ, անոր զաւկին` երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէի բնակարանին մէջ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ նախագահական ընտրութիւնը կատարելու միջոցները` ճնշող բոլոր տագնապներուն լոյսին տակ:
Լը Տըրիանի եւ Ֆրենժիէի հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը` իբրեւ հիմնական ելք` նախագահական ընտրութիւններու անյապաղ կայացման:
Լը Տըրիան այցելեց Քլեմանսօ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին նախագահ Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ անոր զաւկին` Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթի հետ:
Հանդիպումէն ետք Ուալիտ Ժոմպլաթ հաստատեց, որ ինք կը զօրակցի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Լը Տըրիանի նախաձեռնութիւններուն:
Ան մերժեց նախագահական թեկնածուներու անուանումներու խաղին մաս կազմել եւ աւելցուց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը միշտ ալ ունի իր տեսակէտները, սակայն այս պարագային մենք կը նախընտրենք Պըրրիի եւ Լը Տըրիանի երկխօսութեան հրաւիրող տեսակէտը:
«Կոչ կ՛ուղղեմ երեսփոխանական պլոքներու նախագահներուն, որոնց շարքին նաեւ զաւկիս` Թէյմուր Ժոմպլաթին` ընդառաջելու երկխօսութեան հրաւէրին», շեշտեց Ժոմպլաթ:
Լը Տըրիան այցելեց նաեւ Հարեթ Հըրէյք` Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի կեդրոնատեղիին մէջ հանդիպում մը ունենալու պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի հետ:
Քննարկուեցաւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու նպատակով առաջադրուած ֆրանսական նախաձեռնութիւնը, որ կ՛ենթադրէ միջլիբանանեան երկխօսութիւն:
Այս շրջագիծին մէջ Ռաատ նկատել տուաւ, որ Պըրրիի նախաձեռնած երկխօսութիւնը նոյն նպատակին կը ծառայէ եւ կը լրացնէ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը:
Ռաատ ընդգծեց լիբանանեան ազգային երկխօսութեան կարեւորութիւնը` զայն նկատելով միակ միջոցը` դուրս գալու նախագահական ընտրութեան ներկայ տագնապէն:
Ֆրանսական դեսպանատան մէջ Լը Տըրիան ընդունեց երեսփոխաններ Միշել Մուաուատն ու Ֆուատ Մախզումին, ինչպէս նաեւ Եասին Եասինը:
Հանդիպումէն ետք Եասին յայտնեց, որ Լը Տըրիան յորդորած է ընդառաջել Պըրրիի երկխօսութեան կոչին` աւելցնելով, որ ինք պատասխանած է, որ այդ երկխօսութիւնը հակասահմանադրական է:
«Այս պատասխանին Լը Տըրիան հակադարձեց ըսելով. այդ երկխօսութիւնն է միակ միջոցը, որ լուծում կրնայ ապահովել: Կա՛մ երկխօսութեան կը մասնակցիք, եւ կա՛մ Լիբանան գոյութենական վտանգի դիմաց կը գտնուի», ըսաւ Եասին:
Յետմիջօրէին Լը Տըրիան այցելեց Սայֆի, ուր ան Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի հետ ունեցաւ հանդիպում մը:
Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենց փոխանցելիք հիմնական պատգամը այն է, որ երկրին պետական հաստատութիւններն ու ժողովրդավարական վարչակարգը Դիմադրութեան զէնքին պատանդն են:
«Այնքան ատեն որ այս է տիրող կացութիւնը, ապա սահմանադրական գործընթացները վիրաւոր դուրս կու գան», ըսաւ ան:
Ժեմայէլ նշեց, որ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը առաջադրեցին Ժիհատ Ազուրի թեկնածութիւնը` երեսփոխան Միշել Մուաուատի հետ համաձայնելով, որ ան յետս կոչէ իր թեկնածութիւնը: «Մեր այս քայլը երկխօսութեան հրաւիրող քայլ մըն էր, որ կտրականապէս մերժուեցաւ եւ Պըրրիի կողմէ ստացաւ հետեւեալ պատասխանը. նախագահական ընտրութեան խորհրդարանական նիստերու կասեցում եւ նախագահական ընտրութեան Հըզպալլայի թեկնածուին կառչածութիւն», ըսաւ ան:
Ժեմայէլ շեշտեց, որ Հըզպալլա պարտադրելու, սպառնալու եւ երկրին ժողովրդավարական հաստատութիւններուն աշխատանքը յեղաշրջելու տրամաբանութեամբ կը վարուի, «այդ պատճառով ալ անկարելի է անոր հետ հաւասարէ հաւասար երկխօսութեան սեղան նստիլ», շեշտեց ան:
Լը Տըրիան երէկ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:
Հանդիրումէն ետք Ժահժահ յայտարարեց, որ ներկայ փուլը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու փուլն է եւ ոչ թէ երկխօսութիւններով ժամանակ կորսնցնելու փուլը: Արդէն երկխօսութիւնը ամէն օր տեղի կ՛ունենայ ուղղակիօրէն թէ անուղղակիօրէն:
Ժահժահ դիտել տուաւ, որ մինչեւ հիմա նախագահական ընտրութիւնը խանգարողը Դիմադրութեան առանցքն է: «Մենք վեթօ չունինք բանակի հրամանատար Ժոզեֆ Աունի անունին շուրջ, եւ ամէն ինչ լաւ կ՛ընթանայ իր ժամանակին», նշեց Ժահժահ: