Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի ըսած է, որ Թեհրան զգայուն է հիւսիսային դրացիներու հետ իր հասարակաց սահմաններու անվտանգութեան նկատմամբ: Ան ընդգծած է, որ Իրանի սահմանները ապահով են, եւ երկիրը կը շարունակէ ուշադիր հետեւիլ Կովկասի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն: Այս մասին հաղորդեց ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը:
«Մենք կապի մէջ ենք Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ, Հայաստանի իշխանութիւնները իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են Ազրպէյճանի կողմէ նոր զինուորական տագնապի կարելիութեան վերաբերեալ: Սակայն Պաքուի իշխանութիւնները մեզի հաղորդագրութիւն ուղարկած են, ըստ որուն բովանդակութեան, իրենք մտադիր չեն զինուորական յարձակումներ կատարել, իսկ զօրքերու վերջին տեղաշարժերը աւանդական զինուորական գործողութիւններ են, որոնք կը կատարուին ձմրան շեմին, որովհետեւ տեղաշարժը լեռնային տարածքներով կը դառնայ դժուար ու խճճուած», ըսած է բանբերը:
«Թասնիմ» իր կարգին հաղորդեց, որ Քենաանի նոյն մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է. «Իրանի դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ քանի մը անգամ յստակօրէն յայտարարուած է եւ գաղտնի չէ: Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի Հանրապետութեան մաս է, եւ անոր բնակիչներու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը պէտք է սահմանուին յստակ շրջանակի մէջ», աւելցուցած է ան:
Կրկնելով պետութիւններու տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելու եւ լարուածութենէն խուսափելու Իրանի կոչը` Քենաանի ըսած է, որ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ վէճերու լուծման եւ խաղաղութեան ու անվտանգութեան հասնելու համար կարեւոր քայլ է երկու երկիրներուն կողմէ իրարու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը: