Եռակողմ Հանդիպումի Ընթացքին. Լաւրով. «Կողմնակից Ենք, Որ Բոլոր Եռակողմ Համաձայնագիրները Ամբողջութեամբ Եւ Փոխյարաբերուած Յարգուին Ու Կիրարկուին»
Կողմնակից ենք, որ բոլոր եռակողմ համաձայնագիրները ամբողջութեամբ եւ փոխյարաբերուած յարգուին ու կիրարկուին: Այս մասին Մոսկուայի մէջ եռակողմ հանդիպումի բացման ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: Լաւրով նշած է, որ Ռուսիան ամբողջութեամբ շահագրգռուած է Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեամբ եւ կայունութեամբ: «Կողմերու համաձայնութեամբ, որ ինչպէս կը հասկնամ, հաստատուած է, մենք պիտի շարունակենք մեր ջանքերը` ուղղուած...




















