Աղտամ-Ասկերան ճամբու բացումը կարեւոր քայլ է, որ պէտք է նպաստէ Լաչինի միջանցքի բացման: Այս մասին նշուած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահի ներկայացուցիչ Շարլ Միշելի յայտարարութեան մէջ:
«1 սեպտեմբեր 2023-ի յայտարարութեան մէջ շարադրուած տարրերուն եւ առաջարկներուն համաձայն, նախագահ Միշել կը շարունակէ աշխուժօրէն ներգրաւուած ըլլալ այս եւ այլ մօտեցումներու յառաջ մղման գործին մէջ` կեդրոնանալով ղարաբաղցի հայերուն առջեւ ծառացած լարուածութեան եւ մարդասիրական կացութեան թուլացման վրայ:
«Մասնաւորաբար, նախագահ Միշել վերջին քանի մը օրերուն աշխուժ կապեր պահպանած է թէ՛ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, թէ՛ ալ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ 9 սեպտեմբեր 2023-ին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու ժամանակ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ` 10 սեպտեմբերին Նիւ Տելհիի մէջ «Քսաններու խմբակ»-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ:
«Այս ջանքերը, որոնք կ՛աջակցէին անոր գրասենեակի եւ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի ամէնօրեայ համագործակցութեան Պաքուի, Երեւանի եւ ղարաբաղահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ, ուղղուած էին լարուածութեան թուլացման եւ Ղարաբաղի հայերուն համար մարդասիրական հասանելիութեան ապաշրջափակման լուծում մշակելուն:
«Այս ծիրին մէջ մենք կը նշենք ռուսական մարդասիրական բեռներու անցումը Աղտամ-Ասկերան ճամբով: Կը հասկնանք այս զարգացման առնչուած զգայնութիւնը: Մենք յոյսով ենք, որ ատիկա խթան պիտի դառնայ տեղւոյն բնակչութեան կանոնաւոր մարդասիրական մատակարարումներու վերականգնման համար:
«Կացութիւնը տեղւոյն վրայ արագօրէն կը վատանայ. չափազանց կարեւոր է ապահովել առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու մատակարարումը ղարաբաղցի հայերուն: Աղտամ-Ասկերան երթուղիի բացումը կարեւոր քայլ է, որ պէտք է նպաստէ Լաչինի միջանցքի բացման: Բոլոր շահագրգիռ կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք ցուցաբերելու պատասխանատուութիւն եւ ճկունութիւն` ապահովելու թէ՛ Լաչինի ճամբու, թէ՛ ալ Աղտամ-Ասկերան ճամբու օգտագործումը:
«Այդտեղ այս բարդ կացութիւնը շատ երկար կը տեւէ. այժմ կարեւոր է գտնել կայուն եւ փոխընդունելի լուծումներ` ապահովելու մարդասիրական հասանելիութիւնը, ներառեալ աշնան եւ ձմեռնային եղանակներուն ընդառաջ:
«Մենք կը վերահաստատենք մեր հաստատակամ համոզումը, որ Լաչինի միջանցքը պէտք է ապաշրջափակուի նախորդ համաձայնութիւններուն եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի վճիռին համաձայն, եւ կ՛ընդգծենք մեր համոզումը մատակարարման այլ ուղիներու օգտակարութեան վերաբերեալ` ի շահ տեղւոյն բնակչութեան:
«Եւրոպական Միութիւնը կ՛ակնկալէ, որ յառաջիկայ օրերուն եւ շաբաթներուն այսօրուան իրադարձութիւններուն պիտի հետեւին աւելի որոշակի քայլեր, ներառեալ Պաքուի եւ Ղարաբաղի հայերու միջեւ իրենց իրաւունքներու եւ անվտանգութեան շուրջ երկխօսութեան, հաշտեցման ջանքերու եւ հայ-ազրպէյճանական ընդհանուր խաղաղութեան հոլովոյթի վերաբերեալ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ: