Պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ իրավիճակը նախանցեալ երեկոյեան սկսաւ դարձեալ փոթորկիլ, երբ զինեալ բախումները դարձեալ խախտեցին յայտարարուած զինադուլը:
Սակայն այսօր զգուշաւոր լռութիւնը եղաւ տիրական եւ զինադուլի խախտումները համեմատաբար աւելի նուազ թափով էին, այլ խօսքով` նռնականետերու եւ ռումբերու պայթիւններու փոխարէն արձանագրուած էին կրակոցներ: Նախանցեալ երեկոյ եւ երէկ տեղի ունեցած բախումներուն գաղթակայանին մէջ սպաննուեցաւ Բարեկարգումի հոսանքի զինուորական պատասխանատու Խալետ Ապուլ Նաաժ, ինչպէս նաեւ սպաննուեցաւ Ֆաթհի պատասխանատուներէն Խալետ Շայեպի անձնական թիկնապահ Ժալալ Ապտալլա: Ընդհանուր առմամբ խօսուեցաւ 6 զոհի եւ աւելի քան 20 վիրաւորի մասին:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ նախագահեց ժողովի մը, որուն ներկայ գտնուեցան Ֆաթհի յարաբերական կապերու կեդրոնական խորհուրդի ներկայացուցիչ Ազզամ Ահմետ, Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուր, Ֆաթհի ընդհանուր քարտուղար Ֆաթհի Ապուլ Արտաթ, լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի եւ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն գնդապետ Թոնի Քահուաժի:
Ժողովին ընթացքին քննարկուեցաւ Այն Հելուէի կացութիւնը` ընդգծելով գաղթակայանին ապահովական կայունութիւնը վերահաստատելու անհրաժեշտութիւնը:
Ժողովէն ետք Ազզամ Ահմետ յայտնեց, որ Այն Հելուէի մէջ զինադուլ յայտարարուած է եւ որոշուած է Ազգային անվտանգութեան պատասխանատու Ապու Աշրաֆ Արմուշին սպաննող յանցագործները լիբանանեան իշխանութիւններուն յանձնել:
Ահմետ նկատել տուաւ, որ այս իմաստով լիբանանեան բանակը հաղորդակցութիւններ պիտի կատարէ բոլոր կողմերուն հետ` յստակ որոշումի յանգելու նպատակով:
Ան նկատել տուաւ, որ արտաքին ուժեր ու կողմեր գաղթակայանին մէջ գտնուող իսլամական շարժումներուն շռայլ նուիրատուութիւններ կը կատարեն, որպէսզի անոնք Լիբանանի մէջ քաոս ստեղծեն:
Ահմետ աւելցուց, որ բոլորը կը վստահին լիբանանեան իշխանութիւններուն իմաստութեան` նման փորձերուն դէմ դնելու առումով:
Նշենք, որ գիշեր մը առաջ Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպանատունը հիւրընկալեց ընդարձակ հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցան Ֆաթհի եւ Համասի պատասխանատուները: Անոնք քննարկեցին Լիբանանի տարածքին գտնուող գաղթակայաններուն կացութիւնը, յատկապէս Այն Հելուէի զարգացումները:
Անոնք ընդգծեցին, որ Այն Հելուէի մէջ զինադուլը անխախտ պահելու իմաստով յանձնառութիւն պէտք է ցուցաբերուի, իսկ Արմուշին, անոր ընկերակիցներն ու Ապտել Ռահման Ֆարուտը սպաննողները պէտք է յանձնուին լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն: