Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զախարովա. «Հայաստանի Ղեկավարութիւնն Է, Որ Ճանչցած Է Լեռնային Ղարաբաղի Նկատմամբ Ազրպէյճանի Իրաւունքները. Հայաստանի Ժողովուրդին Որոշելիքն Է, Թէ Ինչպէ՛ս Ատոր Կ՛արձագանգէ»

September 14, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ռուսիան չէր, որ ճանչցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ Ազրպէյճանի իրաւունքները, ատիկա Հայաստանի ղեկավարութիւնը կատարեց: Իրենց` Հայաստանի ժողովուրդին որոշելիքն է, թէ ատոր ինչպէ՛ս կ՛արձագանգէ: Սակայն Երեւանի մէջ տրուած որոշումներուն մեղքն ու պատասխանատուութիւնը պէտք չէ Ռուսիոյ վրայ բարդել: Ռուսիոյ մէջ թշնամի փնտռելու կարիք չկայ. Ռուսիան երբեք Հայաստանին թշնամի չէ եղած եւ պիտի չըլլայ: Ատիկա երբեք պիտի չըլլայ», ընդգծած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

Զախարովա նաեւ աւելցուցած է, որ Ռուսիոյ վերաբերեալ Երեւանի կտրուկ յայտարարութիւններուն Մոսկուայի կարծր արձագանգը «պայմանաւորուած է հասկացութիւններու փոխարինումով»:

«Մենք նոյնիսկ այդքան ուշադրութիւն չէինք դարձներ անձնական բնոյթի եւ վիրաւորական բաներուն, այն կոպտութեան, որ կար, մենք ուշադրութիւն չէինք դարձներ անոնց: Մենք ուշադրութիւն կը դարձնէինք անոր, որ անոնք հիմնուած էին կեղծիքի, անճշդութեան կամ փաստերը փոխարինելու փորձի վրայ: Ճիշդ այդ ալ յառաջացուց մեր արձագանգը, այդ պատճառով ալ (Հայաստանի) դեսպանը կանչուեցաւ արտաքին գործոց նախարարութիւն», նշած է Զախարովա:

Ըստ անոր, «եթէ ռուսական կողմը իրեն ուղղուած ամէնօրեայ կոպիտ կոչերուն արձագանգէ, ապա այլեւս կարելի պիտի չըլլայ աշխատիլ, այլ միայն բողոքագիրներ գրել»:

«Երկրորդ, մեր ոճը չէ արձագանգել այս կոպտութեան: Ատիկա պարզապէս մեր գործելաոճը չէ: Մենք չենք արձագանգած այս ամէնօրեայ վէճէն ի վեր, բացառութեամբ այն կացութիւններուն, երբ խօսքը կը վերաբերի հիմնարար նշանակութիւն ունեցող հասկացութիւններու փոխարինման», բացատրած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Բացի ատկէ, Զախարովա զգուշացուցած է «մեղաւորը գտնելու գայթակղութեան» վտանգի մասին, երբ «բան մը չի յաջողիր կամ սխալ կ՛ըլլայ, որովհետեւ ատիկա կրնայ յանգեցնել աղէտալի հետեւանքներու, ասիկա վտանգաւոր է Հայաստանի համար»:

Անցեալ ուրբաթ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կանչած է Մոսկուայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վաղարշակ Յարութիւնեանը` Երեւանի կողմէ ձեռնարկուած շարք մը ոչ բարեկամական քայլերու, ներառեալ` հանրապետութեան մէջ Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կարգավիճակի վաւերացման հոլովոյթի մեկնարկի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կնոջ Ուքրանիա մեկնելու եւ Քիեւին մարդասիրական օգնութիւն յանձնելու, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու մասնակցութեամբ երկրին մէջ ռազմափորձերու կատարման պատճառով:

Զախարովա նաեւ յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ կողմէ յեղաշրջում նախապատրաստելու մասին տեղեկութիւնները կեղծ են: Պատասխանելով լրագրողի այն մեկնաբանութեան, թէ ռուսական «Վակներ» սեփական զինուորական ընկերութեան շուրջ 3000 անդամներ Հայաստան կը գտնուին եւ կը պատրաստուին տապալել վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, ան ըսած է. «Կա՞ն լուսանկարներ, թերեւս տեսանի՞ւթ: Ինչի՞ հիման վրայ կատարուած են այդ յայտարարութիւնները… ո՞ւր են փաստերը… Հայաստանը այնքան ալ մեծ բնակչութիւն չունի, եւ հաւանաբար այդ մարդոց (վակներականներուն, «Ա.») պիտի նկատէին: Այս ամէնը դիցաբանութեան դասակարգին կը պատկանի: Ես ասիկա կրնամ դասակարգել իբրեւ տեղեկատուական աղբ»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը աւելցուցած է, որ այդ հաղորդագրութիւններուն նոյն գնահատականը արդէն տուած է Դաշնակցային խորհուրդի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Կրիկորի Քարասինը, որուն համաձայն` ատիկա «սուտ է, անհեթեթութիւն»:

«Ռուսիան կ՛անկնալէ, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը երկու երկիրներու ժողովուրդները գժտեցնելու աղէտալի ծրագիրներ չունի», յայտարարած է Զախարովա:

«Յոյսով եմ, որ ատիկա տեղի չ՛ունենար: Ես անկեղծօրէն յոյսով եմ, որ Հայաստանի ղեկավարութեան մէջ ոչ ոք նման նպատակ եւ խնդիր ունի, որովհետեւ, իմ կարծիքովս, ատիկա աղէտալի պիտի ըլլայ ինքնին Հայաստանի համար», ըսած է ան:

Զախարովա ըսած է, թէ պատմականօրէն Ռուսիան «ոչ միայն ինքզինք դրսեւորած է, այլ նաեւ վերահաստատած է իբրեւ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի վստահելի դաշնակից, բարեկամ, ամէնէն մօտ գործընկեր` օգնութեան հասնելով ամէնէն դժուար պահերուն, աջակցելով»:

Ռուսիան նոյնպէս միշտ կրցած է ուրախանալ Հայաստանի ձեռքբերումներով եւ ընդունիլ անոր ընտրութիւնը, նոյնիսկ երբ չէ կիսած որեւէ որոշում: Սակայն ընդունած է, որովհետեւ յարգած է այդ երկրին գերիշխան ընտրութիւնը», ըսած է ան:

«Վստահ չեմ, որ Հայաստանի նկատմամբ նման վերաբերմունքէն հրաժարիլը օգուտ պիտի բերէ թէ՛ այդ երկրին, թէ՛ ժողովուրդին», նշած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը` աւելցնելով. «Նման յարաբերութիւնները չեն կրնար կառուցուիլ մէկ կամ հինգ տարուան մէջ»:

Զախարովա յայտարարած է, թէ Մոսկուայի մօտ հետզհետէ աւելի շատ հարցականներ կը ծագին` ուղղուած Երեւանին եւ Հայաստանի վերջին քայլերուն վերաբերեալ, յատկապէս` Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կարգավիճակի սպասուող վաւերացման լոյսին տակ:

«Ոչ թէ մենք, այլ հայկական կողմը ինք պէտք է գնահատէ, բացատրէ Երեւանի շարժառիթները: Անոնք, ի դէպ, ներկայացուցած են իրենց գնահատականները, սակայն մենք զանոնք ոչ բարեկամական քայլեր կ՛որակենք: Այդ մասին մենք բազմիցս ըսած ենք մեր հայ գործընկերներուն երկկողմ խողովակներով, որոշ պահէ սկսած` նաեւ հրապարակաւ, որովհետեւ հարցականները հետզհետէ կը շատնան», պնդած է ան:

Անդրադառնալով Հռոմի կանոնադրութեան Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ վաւերացման ուղարկելուն` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նշած է. «Ատիկա պարզապէս քայլ մը չէ: Հայկական կողմը ակնյայտօրէն կը հասկնար, որ ատիկա մեր մօտ հարցեր պիտի յառաջացնէ: Ատիկա քայլերու մէկ ամբողջութիւն է: (Հայաստանի) դեսպանը (Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն) հրաւիրելու ընթացքին, երբ կը ներկայացնէինք մեր բացատրութիւնները, խօսած ենք այդ մասին: Խօսած ենք նաեւ հրապարակաւ»:

 

 

Նախորդը

Միշել. «Աղտամ-Ասկերան Ճամբու Բացումը Պէտք Է Նպաստէ Լաչինի Միջանցքի Բացման»

Յաջորդը

Սան Սթեֆանոն Եւ Պերլինը` Նաեւ Այսօր

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.