Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին. «Եթէ Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի Մաս Ճանչցած Է, Վե՛րջ, Ալ Ինչի՞ Մասին Է Խօսքը»

September 13, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Արեւելեան տնտեսական համախմբումի լիագումար նիստի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձած է Արցախի հարցին:

«Մենք կ՛առաջարկէինք ղարաբաղեան տագնապի լուծման մեր տարբերակները, եւ թաքցնելիք ոչինչ կայ. կը կարծեմ` ատիկա լաւ յայտնի է», յայտնած է ան:

«Հայաստանը հայ-ազրպէյճանական տագնապէն ետք կը վերահսկէր եօթը շրջաններու: Մենք կ՛առաջարկէինք Ազրպէյճանի հետ այնպէս համաձայնիլ, որ երկու շրջան` Քելբաջարը (Քարվարճառ «Ա.») եւ Լաչինը (Բերձոր, «Ա.»), ամբողջ Ղարաբաղը փաստացի մնային Հայաստանի օրէնսդրութեան տակ: Սակայն Հայաստանի ղեկավարութիւնը չհամաձայնեցաւ, հակառակ անոր որ մենք 10-15 տարի փորձած ենք Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը համոզել: Տարբեր տարբերակներ կային, սակայն վերջնական արդիւնքը ճիշդ այդպէս պիտի ըլլար: Մեր հարցումին, թէ ի՞նչ պիտի ընէք, անոնք կը պատասխանէին` պիտի կռուինք: Ի վերջոյ ամէն ինչ յանգեցուց այսօր ստեղծուած կացութեան: Սակայն հարցը միայն վերջին տագնապի արդիւնքները չեն: Հարցը նաեւ այն է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը փաստացի ճանչցած է Ազրպէյճանի գերիշխանութիւնը Ղարաբաղի նկատմամբ եւ Փրակայի յայտարարութեան մէջ թուղթով զայն ամրագրած», ըսած է Ռուսիոյ նախագահը:

«Եթէ Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի մաս ճանչցած է, վե՛րջ, ալ ինչի՞ մասին է խօսքը», յայտարարած է Փութին

«Ասիկա է ամբողջ խնդիրի առանցքային բաղադրիչը: Ղարաբաղի կարգավիճակը ինքնին Հայաստանը որոշած է: Այդ է խնդիրը», ըսած է Ռուսիոյ նախագահը:

«Այն պարագային, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւնները Լեռնային Ղարաբաղը ճանչցած են Ազրպէյճանի մաս, կը յառաջանան մարդասիրական, ինչպէս նաեւ ռուս խաղաղապահներու տեղակայման լիազօրութեան առնչուած հարցեր: Այո՛, լիազօրութիւնը տակաւին կը գործէ, իսկ մարդասիրական բնոյթի, այնտեղ ցեղային զտումներ չարտօնելու հարցերը, ի հարկէ, ոչ մէկ տեղ անհետացած են, եւ ես այդ բոլորին հետ ամբողջովին համակարծիք եմ: Յոյսով եմ, որ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը, ինչպէս մեզի միշտ ըսած է եւ հիմա ալ կ՛ըսէ` հետաքրքրուած չէ որեւէ ցեղային զտում ընելու հարցով, ընդհակառակն` հետաքրքրուած է, որ հոլովոյթը փափուկ ընթանայ», ըսած է Փութին:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ անցած օրերուն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը իրեն հետ կապուա՞ծ է, նկատի ունենալով, որ Փաշինեան այս օրերուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է տարբեր երկիրներու ղեկավարներու հետ, Փութին ըսած է. «Մենք Հայաստանի հետ, ոչ մէկ խնդիր ունինք: Վարչապետ Փաշինեանի հետ ալ ոչ մէկ խնդիր ունինք, մենք անոր հետ մնայուն կապի մէջ ենք»:

 

 

Նախորդը

Զախարովա. «Կ՛ակնկալենք, Որ Մօտիկ Ապագային Աղտամի (Ակնա) Երթուղիին Զուգահեռ, Ապաշրջափակուի Նաեւ Լաչինի Միջանցքը»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (13 Սեպտեմբեր 2023)

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.