Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը Յատուկ Նիստի Ընթացքին Սամուէլ Շահրամանեանը Ընտրեց Նախագահ

Սեպտեմբեր 11, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

9 սեպտեմբերին տեղի ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի յատուկ նիստ, որուն ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ ընտրուած է Սամուէլ Շահրամանեանը:

Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 168.1 յօդուածին եւ «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» օրէնքի 149.1 յօդուածին համաձայն յատուկ նիստը տեղի ունեցած է Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցով: Զայն վարած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնակատար Գագիկ Բաղունցը: Ան տեղեկացուցած է, որ սահմանուած կարգով եւ ժամկէտի մէջ խորհրդարանի «Ազատ հայրենիք-ՔՄԴ», «Արդարութիւն», «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն», «Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն» խմբակցութիւններուն կողմէ հանրապետութեան նախագահի թեկնածու առաջադրուած է Սամուէլ Սերկէյի Շահրամանեանը:

Ելոյթ ունեցած են թեկնածու առաջադրած խմբակցութիւններուն ղեկավարները:

«Ազատ հայրենիք-ՔՄԴ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Յարութիւնեան ներկայացուցած է թեկնածուի կենսագրութիւնը եւ նշած, որ այդ որոշումին յանգած են թեկնածուի հետ հանդիպումէն ու անոր ծրագիրին ծանօթանալէ ետք:

ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիեան երկրի ղեկավարին համար առանձնացնելով որոշում կայացնելու ընդունակութիւնը, ազնուութիւնը, պարկեշտութիւնն ու պետական համակարգի փորձը` նշած է, որ Սամուէլ Շահրամանեանը այդ յատկանիշներուն կրողն է: «Դաշնակցութիւնը կը կիսէ անոր տեսլականը Արցախի ապագային վերաբերեալ», ըսած է Մոսիեան:

«Մեր խնդիրը պետական համակարգը ամուր պահելն է», իր ելոյթին մէջ ըսած է «Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն» խմբակցութեան քարտուղար Գեղամ Ստեփանեան` նշելով, որ այս օրերուն համախմբուելու բացառիկ կարելիութիւն ունինք: Ան կուսակցական եւ հատուածական շահերէն վեր կանգնելու կոչ ուղղած է:

Հարցադրումներով հանդէս եկած են պատգամաւորներ Արամայիս Աղաբէկեանն ու Կարէն Յովհաննիսեանը:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցած է նախագահի թեկնածու Սամուէլ Շահրամանեանը: Ան կարեւոր նկատած է նախագահի հաստատութիւնը առկայ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու տեսանկիւնէն եւ երկրի ղեկավարի յատկանիշներէն ընդգծած է իրականութեան սթափ գնահատումն ու պատրանքներէն զերծ մնալը:

Ծրագրային դրոյթներէն թեկնածուն առանձնացուցած է պետականութեան ամրապնդումը, ներքին կայունութեան հաստատումը, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի իրագործումը, ժողովուրդի ընկերային-տնտեսական վիճակի բարելաւումը, օրինականութեան ու կարգ ու կանոնի հաստատումը: Սամուէլ Շահրամանեան անդրադարձած է շրջանային մարտահրաւէրներուն, Ազրպէյճանի վարած քաղաքականութեան, Արցախ-Հայաստան յարաբերութիւններուն:

«Լեռնային Ղարաբաղը կարգավիճակ պիտի ստանայ, Հայաստանի հետ ուղիղ կապ պէտք է ունենանք Բերձորի միջանցքով, այլ ճանապարհներ կրնան գործարկուել, սակայն անոնք պէտք չէ փոխարինեն միջանցքը: Բանակցութիւններ պէտք է ըլլան, ձեւաչափը կրնայ ըլլալ ինչպէս բազմակողմ, այնպէս ալ երկկողմ` երրորդ կողմի երաշխաւորութեամբ, Ստեփանակերտը պէտք է ըլլայ բանակցութիւններու կողմ», ըսած է նախագահի թեկնածուն:

Ան խօսած է պետականութեան հիմքերը խարխլող քայլերուն դէմ անհաշտ պայքար մղելու, Արցախը հայկական պահելու գործին մէջ բոլոր ուժերը համախմբելու անհրաժեշտութեան մասին:

Ելոյթէն ետք նախագահի թեկնածուն պատասխանած է պատգամաւորներու հարցադրումներուն:

Միտքերու փոխանակման ժամանակ ելոյթ ունեցած է «Միասնական հայրենիք» խմբակցութեան ղեկավար Մարսել Պետրոսեանը: Ան անդրադարձած է խորհրդարանի երկրորդ ուժի թեկնածու Սամուէլ Բաբայեանի ընտրական իրաւունքի իրագործման խոչընդոտներուն, նշած է, որ իշխանութեան վերարտադրութեան գործընթաց կը տեսնէ եւ յայտարարած է, որ «Միասնական հայրենիք» խմբակցութիւնը քուէարկութեան չմասնակցելու որոշում տուած է:

Եզրափակիչ ելոյթին մէջ Սամուէլ Շահրամանեան պատգամաւորին խիղճով ու համոզմունքով քուէարկելու կոչով դիմած է:

Փակ գաղտնի քուէարկութեամբ` 22 կողմ, 1 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ Սամուէլ Շահրամանեան ընտրուած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ:

Նորընտիր նախագահը շնորհաւորած է Արցախի նախագահի պաշտօնակատար Դաւիթ Իշխանեանը: Ան ողջունած է այս պատասխանատու ժամանակաշրջանին տրուած որոշումը` զայն ճակատագրական որակելով:

Սամուէլ Շահրամանեան բոլորին շնորհակալութիւն յայտնած է եւ վստահութեան մթնոլորտի մէջ փոխադարձաբար գործակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած:

Երդմնակալութեան Արարողութիւն

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը 10 սեպտեմբերին հրաւիրած է յատուկ նիստի մը` Արցախի նորընտիր նախագահի երդմնակալութեան կապակցութեամբ: Ներկայ էին նաեւ Արցախի Հանրապետութեան երեք նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը եւ Արայիկ Յարութիւնեանը, գործադիր իշխանութեան ներկայացուցիչներ:

«Արմենփրես»-ի թղթակիցին հաղորդումով` արարողութիւնը սկսաւ Արցախի օրհներգով, որմէ ետք նորընտիր նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը, ըստ արարողակարգի, երդում տուաւ 17-րդ դարու Աւետարանի եւ Արցախի Սահմանադրութեան վրայ ձեռքը դնելով:

Օրհնութեան խօսք ըսաւ Մինաս քհնյ. Մովսէսեանը` ներկայացնելով նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանի օրհնութեան խօսքը:

Սամուէլ Շահրամանեանը խորհրդարանին կողմէ շնորհաւորած է Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնակատար Գագիկ Բաղունցը:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (11 Սեպտեմբեր 2023)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?