Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Սփիւռքահայերու «Սեւ Ցուցակ» Պէտք Չէ Ըլլայ»

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Սփիւռքահայերու «Սեւ Ցուցակ» Պէտք Չէ Ըլլայ»

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքի արգելքին դէմ բացուած դատին առիթով երէկ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Արդէն մէկ տարիէ աւելի է, որ շինծու մեղադրանքով արգիլուած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանի մուտքը Հայաստան: Եւ սա առաջին եւ միակ դէպքը չէ: Ցաւալի է, բայց փաստ, որ ինչպէս Ազրպէյճանի մէջ,...

ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Մուրատ Փափազեանին Կ՛արգիլուի Հայաստան Մտնել

Մուրատ Փափազեան. «Կ՛ակնկալեմ, Որ Դատարանը Կը Պարտադրէ Իշխանութիւններուն Հիմնաւորել Իմ` Հայաստան Մուտք Գործելու Արգելքը»

Երէկ Հայաստանի Վարչական դատարանին մէջ Հայաստան մուտքի արգելքի որոշումի վիճարկումին համար սկսած նիստէն առաջ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Յոյսով եմ երկուշաբթի, 21 օգոստոսին, ժամը 15:00-ին (Հայաստանի ժամանակացոյցով) մեկնարկելիք նիստին Վարչական դատարանը Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն յստակ պատասխան կը պահանջէ, թէ ինչո՛ւ ինծի արգիլած են մուտք գործել Հայաստան: Տարբեր պաշտօնական վարկածները մէկ տարիէ աւելի կը հակասեն մէկզմէկու:...

Ըստ Պաշտպան Փաստաբանին.  Մուրատ Փափազեանի` Հայաստան Մուտքի Արգելքը Կապուած Է Անոր Հայրենասիրական Գաղափարախօսութեան Հետ

Ըստ Պաշտպան Փաստաբանին. Մուրատ Փափազեանի` Հայաստան Մուտքի Արգելքը Կապուած Է Անոր Հայրենասիրական Գաղափարախօսութեան Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչական դատարանին մէջ, դատաւոր Մհեր Պետրոսեանի նախագահութեամբ, երէկ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի նախագահ Մուրատ Փափազեանի գործով նախնական դատական նիստը: Դատական նիստէն ետք, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, Մուրատ Փափազեանի շահերը ներկայացնող Սիրանուշ Սահակեանը դրական նկատեց այն, որ դատարանը, համապատասխան որոշումով, կարելիութիւն տուաւ Մուրատ Փափազեանին տեսակապով միանալ դատական նիստին: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ` այնուամենայնիւ...

Լը Տըրիանի Ուղին Փշոտ Է Ու Դժուար

Լը Տըրիանի Ուղին Փշոտ Է Ու Դժուար

Նախագահական ընտրութեան իմաստով Լիբանանի մէջ ամէն բան տեղքայլի մէջ է,  բացի այն, թէ սեպտեմբեր ամսուան երկրորդ կիսուն Լիբանանի համար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան պիտի վերադառնայ Լիբանան եւ երկխօսութիւն մը կատարէ երկրին քաղաքական ուժերուն հետ, որոնք պիտի նեկայացնեն  հանրապետութեան յաջորդ նախագահի յատկանիշներուն մասին իրենց պատկերացումները: Սակայն Լը Տըրիանի ուղին փշոտ է, իսկ անոր առաքելութեան յաջողութիւնը...

Պըրրի Մանսուրիի Հետ Քննարկեց Ելեւմտական Իրավիճակը

Պըրրի Մանսուրիի Հետ Քննարկեց Ելեւմտական Իրավիճակը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի գործակատար Ուասիմ Մանսուրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու յատկապէս տիրող ելեւմտական իրավիճակը: Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ալճերիոյ դեսպան Պալպաքի Ռշայտ, որուն այցելութիւնը ունէր արարողակարգային բնոյթ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:    

Ընկերվար Միջազգայնականը Ազրպէյճանին  Յորդորած Է Բանալ Լաչինի Միջանցքը

Ընկերվար Միջազգայնականի Յայտարարութիւնը` Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Մարդասիրական Ճգնաժամի Վերաբերեալ

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ ՀՅ Դաշնակցութեան արտաքին քարտուղարութիւնը ստացած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամին վերաբերեալ Ընկերվար միջազգայնականի յայտարարութիւնը, որ ամբողջութեամբ թարգմանաբար կը ներկայացնենք ստորեւ. «Ընկերվար միջազգայնականը խորապէս մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ահագնացող մարդասիրական ճգնաժամով:  Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շարունակական շրջափակումը պատճառ հանդիսացած է անտանելի իրավիճակի եւ քանի մը ամիս տեւած շրջափակման: Հայաստանէն սնունդի,...

Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէն Կոչ Ուղղած Է Փոխզիջում Կատարելու Եւ Կարելի Դարձնելու Արցախ Հրատապ Անհրաժեշտ Մարդասիրական Մատակարարումը

Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէն Կոչ Ուղղած Է Փոխզիջում Կատարելու Եւ Կարելի Դարձնելու Արցախ Հրատապ Անհրաժեշտ Մարդասիրական Մատակարարումը

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն կը շարունակէ մնալ միակ մարդասիրական կազմակերպութիւնը, որ կը գործէ Լաչինի միջանցքին մէջ` աճող մարդասիրական կարիքները բաւարարելու համար: Այս մասին կը նշուի Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: «Դեղորայքի Արցախ վերջին առաքումը եղած է 7 յուլիսին, մինչդեռ սնունդինը` 14 յունիսին: Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն որոշում կայացնողներուն կոչ կ՛ուղղէ` փոխզիջումի դիմելու եւ կարելի դարձնելու հրատապ անհրաժեշտ մարդասիրական...

Չինաստանի Դեսպանը Կը Խօսի Փեքինի` Հայաստանի, Հնդկաստանի Եւ Իրանի Մասնակցութեամբ Երթուղիին Միանալու Մասին

Չինաստանի Դեսպանը Կը Խօսի Փեքինի` Հայաստանի, Հնդկաստանի Եւ Իրանի Մասնակցութեամբ Երթուղիին Միանալու Մասին

Հայաստանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ֆան Եոնկ «Սփութնիք Արմենիա»-ի հետ զրոյցի ընթացքին մեկնաբանած է Չինաստանի` Հայաստանի, Իրանի եւ Հնդկաստանի մասնակցութեամբ ձեւաւորուող բազմաձեւ երթուղիին միանալու կարելիութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարարութենէն նախապէս «Սփութնիք Արմենիա»-ին յայտնած են, որ Երեւանը կ՛աշխատի Իրանի եւ Հնդկաստանի հետ միջազգային բեռնափոխադրումներու բազմաձեւ արագընթաց երթուղիի ստեղծման ուղղութեամբ: Աւելի՛ն, արդէն մշակուած է «առանց կար» միջանցքի իրականացման ճամբու քարտէսը»:...

«Հիմնական Լրատուամիջոցները Ձեզի Չեն Տեղեկացներ, Սակայն Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Արդէն Սովամահութեան Դէպքեր Կան»   Կ՛ըսէ Զայաս

«Հիմնական Լրատուամիջոցները Ձեզի Չեն Տեղեկացներ, Սակայն Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Արդէն Սովամահութեան Դէպքեր Կան» Կ՛ըսէ Զայաս

Ամերիկացի փաստաբան, մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային օրէնքի յառաջատար մասնագէտ Ալֆրետ տը Զայաս անդրադարձած է Արցախի մէջ տիրող կացութեան եւ վրդովմունք յայտնած: Ան այդ առնչութեամբ գրառում կատարած է «Էքս»-ի վրայ: «Հիմնական լրատուամիջոցները ձեզի չեն տեղեկացներ, սակայն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ արդէն սովամահութեան դէպքեր կան: Անոնք յառաջացած են Ազրպէյճանի ապօրինի շրջափակման պատճառով: Ո՞ւր է վրդովմունքը: Ինչո՞ւ ոչ ոք ուշադրութիւն չի կեդրոնացներ հայերու ինքնորոշման...

Միքաթի. «Չեմ Միտիր Պաշտօնավարութիւնս Դադրեցնել, Սակայն Համբերութեան Բաժակը Կրնայ Յորդիլ»

Միքաթի. «Չեմ Միտիր Պաշտօնավարութիւնս Դադրեցնել, Սակայն Համբերութեան Բաժակը Կրնայ Յորդիլ»

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք չի միտիր իր պաշտօնավարութիւնը դադրեցնել` աւելցնելով սակայն, որ համբերութեան բաժակը կրնայ յորդիլ: «Եթէ նման վարուելակերպ շարունակուի եւ ընդառաջում չըլլայ, ապա բոլոր հաւանականութիւնները առկայ կրնան դառնալ ինծի համար», ըսաւ ան` նկատել տալով, որ առաջին անգամը չէ, որ նման արգելակումներու դիմաց կը գտնուի: Միքաթի ընդգծեց, որ խորհրդարանը պէտք է համապատասխան քայլերուն դիմէ`...

Խմբագրական.   Արցախեան Հակամարտութեան Վերամիջազգայնացման Առիթով

Խմբագրական. Արցախեան Հակամարտութեան Վերամիջազգայնացման Առիթով

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստէն որեւէ յայտարարութիւն, կոչ կամ բանաձեւ չէ բխած: Նոյնիսկ եթէ հրապարակուէր նման նիւթ այնուամենայնիւ պարտադիր բնոյթ պիտի չունենար: ՄԱԿ իրաւականօրէն բոլոր պատճառները ունէր նոյնիսկ առանց արտակարգ նիստ գումարելու պարզապէս պահանջելու, որ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի տուած որոշումները կիրարկուէին: Չկիրարկելու պարագային, Ազրպէյճան պէտք է սկսելու համար իրաւականօրէն պատասխան տար: Միջազգային մակարդակի վրայ նման նախադէպերու պարագային կ՛որդեգրուին պատժամիջոցներ, ինչ...

Տեղի Ունեցած Է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահի Եւ Պետական Նախարարի Հանդիպում

Տեղի Ունեցած Է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահի Եւ Պետական Նախարարի Հանդիպում

17 օգոստոսին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը հանդիպած է Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեանի հետ: Պետական նախարարը ներկայացուցած է հանրապետութեան մէջ առկայ ընկերային-տնտեսական խնդիրները եւ զանոնք մեղմացնելու ուղղութեամբ կառավարութեան կողմէ իրանականացուող աշխատանքները: Քննարկուած են նաեւ պարենային անվտանգութեան վերաբերող հարցեր, անդրադարձ կատարուած է պետական պահուստային միջոցներու եւ կարելիութիւններու բաւարարուածութեան աստիճանին:

Ըստ Արցախի Արտաքին Գործոց  Նախարարութեան.  Միջնորդներու Մօտեցումները Պէտք Չէ Կանխորոշեն  Բանակցութիւններու Արդիւնքը

Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Կ՛ակնկալենք, Որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ Երկիրները Կը Ցուցաբերեն Հետեւողականութիւն Եւ Սկզբունքային Դիրքորոշում»

Պաշտօնական Ստեփանակերտը ողջունած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստը`  նուիրուած Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի անօրինական շրջափակման հետեւանքով Արցախի մէջ ծագած մարդասիրական աղէտի քննարկման: Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛ընդգծէ, որ իրենք կ՛ակնկալեն, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրները կը ցուցաբերեն հետեւողականութիւն եւ սկզբունքային դիրքորոշում Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ հետագայ յանցաւոր գործողութիւնները կանխելու գործին մէջ եւ իրենց դիրքորոշումը կ՛ամրապնդեն բանաձեւի ընդունումով, «որ կը պարտաւորեցնէ...

Ռիթըր, Քլաար Եւ Վիքթորին Քննարկած Են Շրջանային Զարգացումները

Ռիթըր, Քլաար Եւ Վիքթորին Քննարկած Են Շրջանային Զարգացումները

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ հաղորդած է, որ առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթըր, Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար եւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Անտրէա Վիքթորին հանդիպած են Երեւանի մէջ: Այս մասին կը յայտնէ «1լուրեր» կայքը: Անոնք միտքեր եւ տեղեկութիւններ փոխանակած են շրջանային զարգացումներուն եւ շրջանին մէջ...

Յ. Բագրատունի Չյուսալքուելու Կոչ Կ՛ուղղէ Երիտասարդութեան

Յ. Բագրատունի Չյուսալքուելու Կոչ Կ՛ուղղէ Երիտասարդութեան

Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հինգշաբթի, 17 օգոստոս 2023-ին դարձաւ «Վանայ Ձայն»-ի «Շապապ էլ եաում» յայտագիրին հիւրը: Հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ սերունդներուն միջեւ տարբերութիւններուն, եւ այս հարցի մասին խօսելով Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ անիկա բնական երեւոյթ է` նոյնիսկ հօր եւ որդիին կամ դստեր միջեւ: «Անշուշտ սերունդներուն միջեւ այդ տարբերութիւնները ժխտական իմաստով տագնապ կարելի...

Բերձորի Միջանցքի Շրջափակման Ու Արցախի Մէջ Մարդասիրական Կացութեան վատթարացման Հարցով Ապահովութեան Խորուրդի Նիստ

Բերձորի Միջանցքի Շրջափակման Ու Արցախի Մէջ Մարդասիրական Կացութեան վատթարացման Հարցով Ապահովութեան Խորուրդի Նիստ

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը չորեքշաբթի ուշ գիշերին գումարեց Հայաստանի Հանրապետութեան դիմումով Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի Միջանցքի շրջափակման եւ ատոր պատճառով Արցախի մէջ մարդասիրական կացութեան վատթարացման հարցով հրատապ նիստ մը: Ապահովութեան Խորհուրդի Նախագահ, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչ.«Չեզոք, Անկողմնակալ, Մարդկային Եւ Անկախ Մարդասիրական Հասանելիութիւնը Եւ Օգնութիւնը Պէտք Չէ Խոչընդոտուին: Վերջակէտ» ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահ, Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Լինտա Թամըս-Կրինֆիլտ յայտնեց.«Միացեալ Նահանգները մտահոգուած են Լեռնային Ղարաբաղի...

Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարին Հետ Քննարկած Է Անվտանգային Իրավիճակը

Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարին Հետ Քննարկած Է Անվտանգային Իրավիճակը

17 օգոստոսին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան ընդունած է Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սամուէլ Շահրամանեանը: Կողմերը քննարկած են հանրապետութեան մէջ առկայ խնդիրները, ներառեալ անվտանգային իրավիճակին առնչուող հարցերը: Քննարկումներու ընթացքին անդրադարձ եղած է կազմակերպչական աշխատանքներու թերացման եւ արտախորհրդարանական որոշ ուժերու անհեռատես ու պետական անվտանգութեան վնաս հասցնող քայլերուն: Դաւիթ Իշխանեան կարեւորութեամբ շեշտած է հրատապ հարցերու օրակարգով Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ...

«Բերձորի (Լաչին) Միջանցքին Բացումը Անյետաձգելի Հրամայական Պէտք Է Դառնայ Միջազգային Համայնքին Համար»   Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Բերձորի (Լաչին) Միջանցքին Բացումը Անյետաձգելի Հրամայական Պէտք Է Դառնայ Միջազգային Համայնքին Համար» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հինգշաբթի, 17 օգոստոս 2023-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ճաշի հիւրը եղաւ Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպանին: Ի պատիւ վեհափառ հայրապետին տրուած ճաշկերոյթին ներկայ էին նաեւ այլ դեսպաններ: Հիւրասիրութեան ընթացքին քննարկուեցան առաւելաբար երկու այժմէական նիւթեր` Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը եւ Արցախի հարցը: Լիբանանի նախագահական ընտրութեան գծով, վեհափառ հայրապետը շեշտեց կարելի փութով բոլորին կողմէ ընդունելի եւ Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը արտայայտող նախագահի մը ընտրութիւնը, որուն...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստին Վերաբերեալ Նամակներ Յղեց Դեսպաններու

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Չինաստանի, Եւրոպական Միութեան, Զուիցերիոյ, Պրազիլի եւ Սպանիոյ դեսպաններուն յղեց 16 օգոստոսին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի` Հայաստանի Հանրապետութեան դիմումով Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի շրջափակման եւ ատոր իբրեւ հետեւանք Արցախի մէջ մարդասիրական կացութեան վատթարացման հարցով հրատապ նիստի առիթով նամակներ, որոնց մէջ ակնկալութիւն յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը տէր կը կանգնի եւ...

Յ. Բագրատունի Ընդունեց «Անկախներ` Յանուն Լիբանանի Հանդիպում»-ի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Յ. Բագրատունի Ընդունեց «Անկախներ` Յանուն Լիբանանի Հանդիպում»-ի Մէկ Պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի ներկայութեամբ, երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց «Անկախներ` յանուն Լիբանանի հանդիպում»-ի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Քեմիլ Ալֆրետ Շամուն, Զիատ Շուէյրի, Րաֆֆի Մատէեան, Ժոզեֆ Մխայէլ, Իսա Նահհաս, Ամին Ապու Ժաուտէ, Քարին Քասաա, Սիրիլ Նաֆաա, Տիանա Ռըզքալլա, Ազիզ Աշքար, Անի Կէօչէրեան, Անթուան Գալայճեան, Այուպ Հիւսէյնի, Ժոզեֆ Մարուն...

Page 219 of 796 1 … 218 219 220 … 796

Արխիւներ