Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճան Կը Ձերբակալէ  Հայ Պահեստազօրային Մը

Ազրպէյճան Կը Ձերբակալէ Հայ Պահեստազօրային Մը

Հայաստանցի պահեստազօրային Գ. Ո.-ն ձերբակալուած է Ազրպէյճանի զինուորական ծառայողներու կողմէ եւ տեղափոխուած անյայտ ուղղութեամբ, երէկ յայտարարեց Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Նախարարութիւնը ներկայացուց տեսանիւթ մը, որուն մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու խումբ մը զինուորական ծառայողներ կը մօտենան դեռ չպարզուած հանգամանքներու մէջ ազրպէյճանական կողմը յայտնուած պահեստազօրայինին, նախ կը զրուցեն անոր հետ, ապա կը ձերբակալեն եւ մեքենայով կը տեղափոխեն անյայտ ուղղութեամբ:...

Ազրպէյճան «Նեղացած Է» Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարի Խօսքերէն

Պաքուն Երեւանը Կը Մեղադրէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստին Ընդառաջ «Սադրանքներ Կազմակերպելու» Յանցանքով

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ Հայաստանին կոչ կ՛ուղղէ զերծ մնալու շրջանին մէջ իրավիճակը «սրող սադրիչ քայլերէն եւ յայտարարութիւններէն», չմիջամտելու Ազրպէյճանի ներքին գործերուն եւ միջազգային հանրութիւնը «շփոթեցնելու փորձերը» շարունակելու փոխարէն կատարելու ստանձնած պարտաւորութիւնները: Նախարարութիւնը կը պնդէ, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընդառաջ «Հայաստանի զինուած ուժերու հետախուզական-ներթափանցման խումբը փորձած է ներթափանցել Ազրպէյճանի տարածք` ահաբեկչական-ներթափանցումի գործողութիւններ իրականացնելու նպատակով»:...

Դաւիթ Իշխանեանը Հանդիպած Է Արցախի  Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարար,  Պաշտպանութեան Բանակի Հրամանատար  Կամօ Վարդանեանի Հետ

Դաւիթ Իշխանեանը Հանդիպած Է Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարար, Պաշտպանութեան Բանակի Հրամանատար Կամօ Վարդանեանի Հետ

16 օգոստոսին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան ընդունած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Կամօ Վարդանեանը: Խորհրդարանի ղեկավարը նախ շնորհակալութիւն յայտնած է պաշտպանութեան բանակի հրամանատարին հրաւէրը ընդունելու համար: Իր խօսքին մէջ Ազգային ժողովի նախագահը նշած է, որ օրէնսդրական նախաձեռնութիւններէն զատ, նախ եւ առաջ կարեւոր կը նկատէ անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան համակարգը` ի դէմս պաշտպանութեան բանակի, որ եղած...

Կառավարութիւնը Վաւերացուց 2023-ի Պետական  Ամավարկը, Իսկ Խորհրդարանը  Պիտի Գումարէ Օրէնսդրական Նիստ Մը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց 2023-ի Պետական Ամավարկը, Իսկ Խորհրդարանը Պիտի Գումարէ Օրէնսդրական Նիստ Մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ դարձեալ խորհրդարանը հրաւիրեց օրէնսդրական լիագումար նիստի մը, որ պիտի գումարուի այսօր, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, խորհրդարանին մէջ: Պիտի քննարկուին շարք մը օրինագիծեր, որոնք նկատի առնուած են օրէնսդրական նիստի այսօրուան օրակարգին վրայ: Միւս կողմէ, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ յետմիջօրէին վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին վաւերացուեցաւ 2023-ի պետական ամավարկը: Կառավարութիւնը վաւերացուց նաեւ օրինագիծ մը,...

«Հիւսիսային Կիպրոսի Մէջ Հիւպատոսութեան  Բացումը Ռուսիոյ Կողմէ Թրքական  Կիպրոսի Ճանաչում Չէ»  Կ՛ըսէ Էրթուղրուլօղլու

Ակնարկ Բռնագրաւեալ Կիպրոսը՝ Մոսկուա –Անգարա Յարաբերութիւններու Արանքին

Բռնագրաւեալ Կիպրոսի թրքական իշխանութիւններուն անունով փոխադրամիջոցներու նախարարը յայտարարութիւն կատարած է առ այն, որ Ռուսիոյ հիւպատոսական ծառայութիւններու մեկնարկը բռնագրաւեալ Կիպրոսի մէջ ի վերջոյ պիտի յանգի Ռուսիոյ դաշնութեան կողմէ բռնագրաւեալ Կիպրոսի ճանաչումին: Իբրեւ հիմնաւորում ան նշած է, որ Խորհրդային Միութիւնը առաջին պետութիւնն էր, որ ճանչցած է Կիպրոսի ինքնահռչակ թրքական հանրապետութիւնը եւ թէ հիմա եւս չի բացառուիր, որ նոյնը տեղի ունենայ: Այս յայտարարութեան...

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Կը Դատապարտէ Ֆախրիզատէի Սպանութիւնը  Եւ Կոչ Կ՛ուղղէ Զերծ Մնալու Շրջանային  Լարուածութիւնը Մեծցնող Քայլերէն

Անգարան Նոր Պայմաններ Կը Ներկայացնէ Հայաստանին

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ Հայաստանին կոչ ուղղեց «աջակցելու» Աղտամի ճանապարհի օգտագործումին, «ձեռնպահ մնալու սադրիչ քայլերէ», ճանչնալու Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ «աջակցելու Ազրպէյճանի ջանքերուն` հայ բնակչութեան համարկումի հարցով»: Երէկ տարածած յայտարարութեամբ պաշտօնական Անգարան, նշելով, որ ուշադիր կը հետեւի Լաչինի միջանցքին շուրջ քննարկումներուն եւ կ՛ընդգծէ, թէ «կը հասկնայ այդ հարցով Ազրպէյճանի օրինական մտահոգութիւնները»: «Թուրքիան կը կարծէ, թէ Լաչինի...

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց  Նախարարութեան Համաձայն.  5 Օգոստոսին Եւլախի Մէջ Արցախի  Ներկայացուցիչներու Հետ Հանդիպելու  Համաձայնութիւն Եղած Է

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Համաձայն. 5 Օգոստոսին Եւլախի Մէջ Արցախի Ներկայացուցիչներու Հետ Հանդիպելու Համաձայնութիւն Եղած Է

Այսօր Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կայուն խաղաղութեան հասնելու ջանքերը դարձած են «Հայաստանի կողմէ միտումնաւոր մագլցումի եւ վրէժխնդրութեան քաղաքականութեան զոհը եւ կանգնած են լուրջ մատրահրաւէրներու առջեւ: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` աւելցնելով, որ 5 օգոստոսին Եւլախի մէջ պէտք էր հանդիպում տեղի ունենար Արցախի ներկայացուցիչներու հետ: «5 օգոստոսին Հայաստանը խափանեց Աղտամ-Խանքենդի (Ստեփանակերտ, «Ա.») ճամբու օգտագործման եւ Եւլախի մէջ Ղարաբաղի...

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարն Ու  Հայաստանի Դեսպանը Քննարկած Են Բերձորի  Միջանցքի, Արցախի Շուրջ Կացութիւնը

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարն Ու Հայաստանի Դեսպանը Քննարկած Են Բերձորի Միջանցքի, Արցախի Շուրջ Կացութիւնը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Միխայիլ Կալուզին Մոսկուայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վաղարշակ Յարութիւնեանի հետ հանդիպումի ընթացքին քննարկած է Բերձորի միջանցքի եւ Արցախի մէջ կացութիւնը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը յայտնէ, որ այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: «Քննարկուած է Լաչինի միջանցքին մէջ եւ ընդհանուր առմամբ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ կացութեան զարգացումը: Վերահաստատուած է հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով Ռուսիոյ,...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Լիբանանեան Լրատուամիջոցներուն Փոխանցեց Արցախի Շրջափակման Վերաբերեալ Ականաւոր Ցեղասպանագէտներու Դիրքորոշումները

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «Տարբեր երկիրներէ ականաւոր ցեղասպանագէտներ բաց նամակ մը յղած են ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարին, Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարին եւ Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հարցերով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ խորհրդականին ու Ապահովութեան խորհուրդի անդամ պետութիւններուն` Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղ) Հանրապետութեան մէջ ցեղասպանութեան կարելիութեան վերաբերեալ: «Միջազգային օրէնքի ականաւոր մասնագէտ, Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատաւոր, Հարվըրտ եւ...

Օնթարիօ նահանգի երեսփոխան Արիս Պաապիկեան կը շնորհաւորէ Դաւիթ Իշխանեանը

Օնթարիօ նահանգի երեսփոխան Արիս Պաապիկեան կը շնորհաւորէ Դաւիթ Իշխանեանը

«Նորին Վսեմութիւն Տիար Դաւիթ Իշխանեան, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահ․ Ջերմապէս կը շնորհաւորեմ ձեր ընտրութիւնը Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահի պաշտօնին: Արցախը այս դժուարին պայմաններուն, երբ մեր ժողովուրդը կը դիմագրաւէ ճակատագրական  մարտահրաւէրներ, ձեզի վստահուած նախագահի պաշտօնը, անգամ մը եւս կը հաստատէ ձեր աննկուն կամքը եւ գիտակցութիւնը մեր ժողովուրդին նկատմամբ։ Արցախի ժողովուրդին դիմագրաւած ծանր կացութեան մէջ, Ազգային ժողովի նախագահութիւնը ստանձնելը յոյս...

Հայաստան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին  Դիմած Է Բերձորի Միջանցքի Շրջափակման  Հարցով Հրատապ Նիստ Գումարելու Խնդրանքով

Հայաստան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին Դիմած Է Բերձորի Միջանցքի Շրջափակման Հարցով Հրատապ Նիստ Գումարելու Խնդրանքով

Հայաստանի Հանրապետութիւնը 11 օգոստոսին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին դիմում ներկայացուցած է` խնդրելով Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ գումարել` Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի շրջափակման եւ ատոր պատճառով մարդասիրական կացութեան վատթարացման հարցով: Այս մասին նշուած է ՄԱԿ-ի «Էքս»-ի (նախապէս` «Թուիթըր») պաշտօնական միքրոպլոկին վրայ: Հրապարակման կից ներկայացուած է նաեւ Հայաստանի դիմումը, որուն մէջ նշուած է. «Ներկայ պայմաններուն մէջ Հայաստանի կառավարութիւնը կը խնդրէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի`...

Դաւիթ Իշխանեանը Եւ Խորհրդարանի  Պատգամաւորները Ստեփանակերտի Մայր Տաճարին Մէջ  Մասնակցեցան Աստուածածնայ  Վերափոխման Տօնի Պատարագին

Դաւիթ Իշխանեանը Եւ Խորհրդարանի Պատգամաւորները Ստեփանակերտի Մայր Տաճարին Մէջ Մասնակցեցան Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնի Պատարագին

Երէկ` 13 օգոստոսին Հայ առաքելական եկեղեցին նշեց Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը: Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժանմունքը կը հաղորդէ, որ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը եւ խորհրդարանի պատգամաւորները Ստեփանակերտի Մայր տաճարին մէջ մասնակցած են Վերափոխման տօնին առիթով մատուցուած սուրբ պատարագին:  

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն

Արցախի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակին Վերաբերեալ Նամակներ` Միջազգային Կառոյցներուն

«Հայաստան» դաշինքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան նախագահ Սէյրան Օհանեան խմբակցութեան անունով նամակներ ուղարկած է Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի, Եւրոպական խորհրդարանի, ՕԹԱՆ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի, ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի, ԱՊՀ-ի միջխորհրդարանական վեհաժողովի, Միջխորհրդարանական միութեան նախագահներուն, Եւրանեսթի համանախագահներուն` ներկայացնելով Արցախի Հանրապետութեան մէջ Ազրպէյճանի ցեղասպան վարչակարգին կողմէ պետական ահաբեկչութեան հետեւանքով ստեղծուած օրհասական իրավիճակը. ուշաթափութիւններ ժամեր տեւող հացի հերթերուն մէջ, թերսնման...

«Արցախի Փրկութիւնը Համահայկական  Առաջնահերթ Հրամայական Է»  Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Արցախի Փրկութիւնը Համահայկական Առաջնահերթ Հրամայական Է» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Նուիրուած Ս. Պատարագ Եւ Հայրապետական  Պատգամ` Պիքֆայայի Վանքին Մէջ Ներկայ հայկական իրականութեան դիմաց որքա՜ն պէտք ունինք հաւատքի ու կամքի զօրութեան, որպէսզի կարենանք շարունակել ապաւինիլ Աստուծոյ փրկութեան խոստումին, իսկ Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առընթեր նշուած Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի ուխտի օրուան նուիրուած Ս. պատարագը առիթ կը ստեղծէ հաւատացեալներուն վերանորոգուելու եւ վերանորոգելու իրենց քրիստոնէական յոյսը: Արդարեւ, շաբաթ,...

Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն

«Արցախը Համահայկական Օրակարգի Կիզակէտն Է» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հինգշաբթի, 10 օգոստոս 2023-ին, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան հեռաձայնային կապ հաստատեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին իրեն փոխանցած շնորհաւորութեան եւ յաջողութեան մաղթանքներուն համար: Այս առիթով, ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ Արցախի ապաշրջափակման ուղղութեամբ վեհափառ հայրապետին տարած աշխատանքնեուն եւ ունեցած հանդիպումներուն` միջազգային ընտանիքի եւ դիւանագիտական նեկայացուցչական պատուիրակութիւններուն հետ: Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ Արցախը մեր համահայկական...

Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխան  Լարս Փաթրիք Պերկ Շնորհաւորած Է  Դաւիթ Իշխանեանը

Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխան Լարս Փաթրիք Պերկ Շնորհաւորած Է Դաւիթ Իշխանեանը

Երէկ Եւրոպական խորհրդարանի անդամ երեսփոխան Լարս Փաթրիք Պերկ հետեւեալ շնորհաւորական նամակը յղեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նորընտիր նախագահ Դաւիթ Իշխանեանին. «Յարգելի՛ նախագահ Իշխանեան, Կը գրեմ` շնորհաւորելու Ձեր ընտրուելուն առիթով եւ լաւագոյն մաղթանքներս յղելու Ձեր յաջողութեան համար: Արցախի ժողովուրդին համար ամէնէն ծանր պահուն Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնին Ձեր ընտրուիլը յոյսի փարոս է, եւ ես կրնամ Ձեզի վստահեցնել, որ շարունակաբար կ՛աջակցիմ Արցախի...

Ստեփանակերտը Կ՛արձագանգէ  «Քոմերսանթ»-ի Հրապարակումին

Ստեփանակերտը Կ՛արձագանգէ «Քոմերսանթ»-ի Հրապարակումին

«Բերձորի ճանապարհի անխափան աշխատելէն ետք միայն այլընտրանքային տարբերակները կրնան քննարկման առարկայ դառնալ», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց Արցախի խորհրդարանի իշխող «Ազատ հայրենիք- ՔՄԴ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Յարութիւնեան: «Մենք յստակօրէն կ՛ըսենք` մենք ունինք ստորագրուած փաստաթուղթով միջանցք` Բերձորի միջանցքը, որը պէտք է աշխատի անխափան, անխափան աշխատելէ ետք այդ այլընտրանքային տարբերակները արդէն քննարկման ենթակայ հարցեր են», ըսաւ պատգամաւորը: Ռուսական «Քոմերսանթը», վկայակոչելով...

Տիմանի Մէջ.   «Ներկայ Փուլը Վտանգաւոր Է  Եւ Հանդարտութեան Կարիք Ունի»   Շեշտեց Ֆրենժիէ

Տիմանի Մէջ. «Ներկայ Փուլը Վտանգաւոր Է Եւ Հանդարտութեան Կարիք Ունի» Շեշտեց Ֆրենժիէ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն` ընկերակցութեամբ հայր Ըսթֆեն Ֆրենժիէի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու զարգացումները: Ֆրենժիէ դարձաւ Ռայի պատրիարքին ճաշի հիւրը: Մեկնումի պահուն Ֆրենժիէ յայտնեց, որ իր այցելութիւնը աւանդական այցելութիւն մըն է, որուն նպատակն է ողջունել Ռայի պատրիարքին փոխադրութիւնը` մարոնի պատրիարքութեան ամարանոց: Ֆրենժիէ հաստատեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկումները եղած...

Կիսանդրիի Բացում Եւ Սենեակի Անուանակոչութիւն.  Գաղափարի Մարտիկ, Հրապարակախօս Սարգիս Զէյթլեան Մնայուն Ներկայութիւն Եւ Փարոս «Ազդակ»-ի Մէջ

Կիսանդրիի Բացում Եւ Սենեակի Անուանակոչութիւն. Գաղափարի Մարտիկ, Հրապարակախօս Սարգիս Զէյթլեան Մնայուն Ներկայութիւն Եւ Փարոս «Ազդակ»-ի Մէջ

Չորեքշաբթի, 9 օգոստոսին «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարի մարտիկ, նահատակ Սարգիս Զէյթլեանի անուան խմբագրասենեակի անուանակոչում եւ կիսանդրիի բացում: Բացման խօսքը «Ազդակ»-ի խմբագրակազմին անունով արտասանեց Վահրամ Էմմիեան, որ ըսաւ, թէ «Ազդակ»-ի մէջ որդեգրուած աւանդութեան ծիրին մէջ խմբագիրներու սենեակներէն մէկը կ՛անուանակոչուի դաշնակցական մամուլի ռահվիրայ համարուած, «Ազդակ»-ի մէջ իր ուրոյն դրոշմը ձգած եւ գաղափարական հրապարակագրութեան մէջ առաջնորդի հանգամանք վաստակած Սարգիս...

Դաւիթ Իշխանեան. «Համահայկական Դաշտին Մէջ  Մենք Ունինք Առաքելութիւն. Եռամիասնութեան  Շնորհիւ Է, Որ Մենք Կրնանք Արձանագրել Յաջողութիւն»

Դաւիթ Իշխանեան. «Համահայկական Դաշտին Մէջ Մենք Ունինք Առաքելութիւն. Եռամիասնութեան Շնորհիւ Է, Որ Մենք Կրնանք Արձանագրել Յաջողութիւն»

«Ես չեմ կարծեր, որ մէկ ընտրութեամբ կարելի է դատել, թէ ո՛վ է ընդդիմութիւն, ո՛վ է իշխանութիւն, բայց սա հարցերու հարցը չէ», Արցախի հանրային պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Արցախի Ազգային ժողովի նորընտիր նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը` պատասխանելով այն հարցումին, որ քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած ընտրութիւնը արդեօք կը փաստէ՞, որ Արցախի Ազգային ժողովին մէջ ընդդիմադիր...

Page 220 of 796 1 … 219 220 221 … 796

Արխիւներ