Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը պատրաստ է օգնելու Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղ կեանքի հաստատման, մինչդեռ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական Միութիւնը անկայունութիւն կը սերմանեն: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` «ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան սկզբունքներու ամբողջական պահպանումն ու փոխկապակցուածութիւնը միջազգային խաղաղութեան եւ կայունութեան բանալին են» խորագրեալ յօդուածին մէջ:
Լաւրով յօդուածին մէջ շեշտած է, որ Պրիւքսելը «հոգալով իր աշխարհաքաղաքական յաւակնութիւնները», իր «միջնորդական ծառայութիւնները» կը պարտադրէ Ազրպէյճանին եւ Հայաստանին` «Ուաշինկթընի հետ միասին ապակայունացում բերելով Հարաւային Կովկաս»:
«Այժմ, երբ Երեւանի եւ Պաքուի ղեկավարները կարգաւորած են երկու երկիրներու գերիշխանութեան փոխադարձ ճանաչման հարցը, եկած է խաղաղ կեանքի հաստատման եւ վստահութեան ամրապնդման ժամանակը: Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը պատրաստ է ամէն ձեւով նպաստելու ատոր», յօդուածին մէջ գրած է ռուսական դիւանագիտութեան պետը:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու գործունէութիւնը պիտի յարմարեցուի նոր պայմաններուն»:
«Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի շարք մը մնայուն եւ ժամանակաւոր դիտակէտեր արդէն փակուած են, մեր խաղաղապահներուն առնչուած հիմնարար հարցերը կը քննարկուին Պաքուի հետ», ըսած է Զախարովա:
Անոր համաձայն, կացութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերջին մէկ տարուան ընթացքին կտրուկ փոխուած է. 2022 թուականի հոկտեմբերին Հայաստանի վարչապետը Փրակայի մէջ Եւրոպական Միութեան հովանիին տակ տեղի ունեցող վեհաժողովի մէջ Լեռնային Ղարաբաղը ճանչցած է իբրեւ ազրպէյճանական տարածք եւ իր դիրքորոշումը վերահաստատած է այս տարուան մայիսին եւ յունիսին Պրիւքսելի վեհաժողովներուն մէջ: Այսպիսով, լրջօրէն փոխուած են պայմանները, որոնցմով 2020-ին տեղակայուած էր ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը: