Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Բանակ. «Յառաջիկայ Օրերուն Կազայի Մէջ Զինուորական Մեծ Գործողութիւններու Պիտի Սկսինք»

Հոկտեմբեր 14, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի բանակը երէկ զգուշացուց ՄԱԿ-ը, որ 1,1 միլիոն մարդ պէտք է 24 ժամուան ընթացքին լքէ հիւսիսային Կազայի հատուածը եւ տեղափոխուի Կազայի հարաւը: ՄԱԿ-ի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք  յայտարարեց. «ՄԱԿ-ը անկարելի կը նկատէ, որ նման տարհանումը իրականացուի առանց մարդասիրական կործանարար հետեւանքներու եւ վճռականօրէն կոչ կ՛ուղղէ` չեղեալ նկատելու նման հրամանը, խուսափելու անկէ, ինչ որ կրնայ արդէն իսկ ողբերգութիւն եղողը վերածել աղէտալի կացութեան»: ՄԱԿ-ի մօտ Իսրայէլի դեսպան Կիլատ Էրտողան արձագանգելով ՄԱԿ-ի յայտարարութեան «Ռոյթըրզ»-ին ըսաւ. «Կազայի բնակիչներուն ուղղուած Իսրայէլի վաղաժամ նախազգուշացման վերաբերեալ ՄԱԿ-ի արձագանգը խայտառակ է»: Ըստ անոր, ՄԱԿ-ը պէտք է կեդրոնանայ Համասի դատապարտման եւ Իսրայէլի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին աջակցելու վրայ:

Իսրայէլեան բանակը նաեւ Կազայի բնակչութեան կոչ ուղղեց` իրենց անվտանգութեան համար լքելու իրենց տուներն ու ուղղուելու Կազայի հովիտի հարաւը եւ ցնոր տնօրինութիւն չվերադառնալու Կազա: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ Կազա քաղաքը պատերազմական գործողութիւններու շրջան դարձած է: «Յառաջիկայ օրերուն Կազայի մէջ զինուորական մեծ գործողութիւններուն պիտի սկսինք», յայտարարեց բանակը:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու հինգշաբթի երեկոյեան Քնեսեթի մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադառնալով վերջին իրադարձութիւններուն յայտարարեց. «Ասիկա մեր տան դէմ պատերազմ է, եւ պէտք է մէկ բանով աւարտի` յաղթանակով եւ Համասի բնաջնջումով»: «Մեր ընտրանքը մէկ է` կեանքը կամ մահը», ըսած էր ան:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ երէկ յայտարարեց. «Պատերազմը երկարատեւ ու դժուար պիտի ըլլայ եւ գին պիտի ունենայ, սակայն պիտի յաղթենք»:

Պաղեստինեան Համաս շարժումը պաղեստինցիներու կոչ ուղղեց` մնալու իրենց տուները: Համասի գաղթականներու գործակալութիւնը Կազայի հիւսիսը գտնուող բնակիչներուն կոչ ուղղեց` «հաստատ մնալու իրենց տուներուն մէջ եւ ամուր կանգնելու բռնագրաւողներուն կողմէ մղուող այս զզուելի հոգեբանական պատերազմին առջեւ»:

Համասի զինեալ թեւ Քասսամի փաղանգները երէկ յայտարարեցին, որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին Կազայի դէմ իսրայէլեան օդուժի յարձակումներուն պատճառով սպաննուած են 13 գերիներ, անոնցմէ 6-ը` հիւսիսի նահանգին մէջ երկու տարբեր վայրերու մէջ, 7-ը` Կազայի նահանգին եւ 3 այլ վայրերու մէջ: Քասսամի փաղանգները նշեցին, որ զոհերուն շարքին են օտարահպատակներ:

Նշենք, որ երէկ նաեւ Այսրյորդանանի մէջ Կազայի զօրակցութեան ցոյցերու մասնակից պաղեստինցիներու եւ իսրայէլեան ուժերու միջեւ բախումներ ընթացք առին:

Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ռազմավարական հաղորդակցութիւնները համակարգող Ճոն Քըրպի յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ այս տագնապին մէջ Իսրայէլի կողքին կռուելու ծրագիրներ չունի»` նշելով, որ Իսրայէլ եւս այդ մէկը չ՛ուզեր: «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» յայտնեց, որ Փենթակոնը յայտնած է, թէ խումբ մը «Էյ-10» օդանաւեր հասած են Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Զաֆրա ռազմակայան` «Իսրայէլին աջակցելու եւ յարձակումները զսպելու համար»:

Միւս կողմէ, Սպիտակ տունը «վտանգաւոր ու խելայեղ» նկատեց Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Իսրայէլի մէջ տիրող կացութեան վերաբերեալ մեկնաբանութիւնները: Թրամփ չորեքշաբթի օր Ֆլորիտայի մէջ խօսք արտասանելով Հըզպալլան կոչած էր «շատ խելացի», իսկ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթը` «յիմար»: Թրամփ նաեւ յայտարարած էր, որ Նեթանիահուն «ձախողեցուց» Միացեալ Նահանգները` չմասնակցելով 2020 թուականի յունուարին Իրաքի մէջ իրանցի բարձրաստիճան զօր. Քասեմ Սուլէյմանիի սպանութեան: «Ես երբեք չեմ մոռնար, որ Պիպի Նեթանիահուն մեզ ձախողեցուց», ըսած է Թրամփ` աւելցնելով. «Ատիկա շատ սարսափելի բան էր»:

Թրամփ քննադատութեան ենթարկուելէ ետք ետքայլ կատարեց եւ նոր յայտարարութիւն մը հրապարակեց նշելով, որ Իսրայէլը իրմէ աւելի լաւ բարեկամ կամ դաշնակից գոյութիւն չունի: «Իմ ղեկավարութեանս տակ Միացեալ Նահանգներ ամբողջական զօրակցութեամբ կանգնեցան Իսրայէլի կողքին, եւ ատոր շնորհիւ Իսրայէլ անվտանգ դարձաւ», աւելցուց ան:

Նախորդը

Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրքերուն Ղեկավարը Այցելած Է Ազրպէյճան

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»
Գլխաւոր լուրեր

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?