Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին հարցազրոյց տուած է «Առ.Պի.Սի.»-ին, անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապի լուծման յառաջընթացին, Մոսկուայի եւ Երեւանի յարաբերութիւններուն եւ շրջանին մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հետագայ ճակատագիրին:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կարելի՞ է նկատել, որ 19 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի յարձակումէն եւ Արցախի Հանրապետութեան ինքնալուծարման որոշումէն ետք վերջ դրուած է Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ ղարաբաղեան տագնապին, Կալուզին նշած է. «Ներկայ կացութիւնը, երբ զինուորական գործողութիւններ չկան, մեծ մասամբ Ռուսիոյ եւ անոր խաղաղապահ զօրակազմի արժանիքն է: Միեւնոյն ժամանակ, կը կարծեմ, որ հակամարտային կացութեան տակաւին վերջակէտ չէ դրուած: Եւ այստեղ այժմէական կը մնայ Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւններու համալիրը: Խօսքը այնպիսի կարեւոր բաղադրիչներու շուրջ համաձայնութիւններու ձեռքբերման մասին է, ինչպիսիք են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ փոխադրական հաղորդակցութիւններու եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակումը, սահմանի սահմանազատումը ատոր հետագայ սահմանագծումով, խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրումը եւ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի հասարակական գործիչներու, փորձագիտական համայնքներու, խորհրդարանականներու միջեւ հաղորդակցութիւններու հաստատումը: Այս ամէնը միասին վերցուցած պէտք է յանգեցնէ փոխադարձ ընդունելի բնականոնացման պայմաններու, որոնք պիտի ամրագրուին ապագայ համաձայնագիրին մէջ: Եւ Ռուսիան, իբրեւ ազնիւ միջնորդ, որ գործընկերային եւ դաշնակցային յարաբերութիւններ ունի երկու երկիրներու հետ, պիտի ձգտի օգնել ապահովելու, որ մեր երկու դրացիներուն միջեւ կայուն, հաւասարակշռուած համաձայնութիւններ ձեռք բերուին»:
«Լեռնային Ղարաբաղի հայերէն շատերը իրենց համար այդ վայրէն հեռանալու դժուար որոշում տուած են, սակայն միեւնոյն ժամանակ ես կը մեկնիմ անկէ, որ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի առաքելութիւնը կը մնայ աւելի քան պահանջուած», ըսած է Կալուզին:
«Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը մեծ դեր խաղացած է, նախ եւ առաջ 20 սեպտեմբերին զինադադարի հասնելու եւ Ղարաբաղի բնակիչներուն օգնութիւն ցուցաբերելու գործին մէջ` մինչ անոնց Ղարաբաղէն զանգուածային դուրս գալը: Մեր զինուորականները ուղեկցած են տարհանման շարասիւներուն` ապահովելով կարգն ու անվտանգութիւնը: Ցաւօք, մեր զինուորներէն վեցը զոհուած են մարտական հերթապահութեան ժամանակ:
«Բացի ատկէ, հաղորդակցութիւններ կը կատարուին նաեւ Ղարաբաղի հայերու եւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու միջեւ` ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ: Իսկ Ղարաբաղի հետագայ զարգացման առնչուած շարք մը շատ բարդ հարցեր ղարաբաղահայութեան ներկայացուցիչներու եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու միջեւ նոյնպէս կը լուծուին ռուս խաղաղապահներու աջակցութեամբ:
«Մեր զօրակազմի դերակատարութիւնը պահանջուած է, եւ կ՛ենթադրեմ, որ ապագային եւս անիկա անհրաժեշտ պիտի ըլլայ: Նախ, կը մնայ այն հարցը, որ այնտեղ մնացած ղարաբաղցիները իրենք զիրենք հանգիստ զգան: Կարելի չէ բացառել, որ այսօր Ղարաբաղէն հեռացածներէն ոմանք որոշ փուլի որոշեն վերադառնալ: Իսկ խաղաղապահներու գոյութիւնը այս մարդոց համար պիտի դառնայ հանգստութեան լրացուցիչ գործօն: Այնպէս որ, ես չէի ըսեր, թէ Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի գործունէութիւնը ինքզինք սպառած է: Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ հաստատուած խողովակներով պիտի քննարկուի եւ պիտի լուծուի այն հարցը, թէ ինչպիսի՛ք կրնան ըլլալ այս զօրակազմի հետագային մնալու եղանակները», յայտնած է ան:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը ըսած է, որ հայ-ազրպէյճանական տագնապի լուծման առնչուող հարցերու ամբողջ շրջանակի շուրջ Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ երկխօսութիւնը երբեք չէ ընդհատուած:
«Յոյսով ենք, որ նման հաղորդակցութիւնները պիտի շարունակուին: Մենք կը քննենք 12 հոկտեմբերին Պիշքեքի մէջ` ԱՊՀ վեհաժողովի ծիրին մէջ, արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով նման քննարկումներ կատարելու կարելիութիւնը: Ազրպէյճանական կողմը արդէն տուած է իր սկզբունքային համաձայնութիւնը, եւ մենք կ՛ակնկալենք, որ հայկական կողմը նոյնպէս ամենայն պատասխանատուութեամբ պիտի մօտենայ այս հարցին ու պիտի համաձայնի մասնակցիլ նման բանակցութիւններուն», ըսած է Կալուզին:
«Ռուսական կողմը միշտ եղած է եւ կը մնայ հաւատարիմ Հայաստանի հետ դաշնակցային եւ ռազմավարական գործընկերութեան, այն համաձայնութիւններուն, որոնք կան: Ռուս եւ հայ ժողովուրդներու դարաւոր սերտ կապերը անհրաժեշտ է պահպանել ու ամրապնդել: Եւ տհաճ է Երեւանէն տեսնել քայլեր, որոնք, մեր կարծիքով, պայմանաւորուած են յստակ հակառակ տրամաբանութեամբ, քան այն, ինչ որ ես ներկայացուցի… Ինչ կը վերաբերի ռուս-հայկական յարաբերութիւններուն, ապա մենք միշտ մեկնած ենք անկէ, որ պաշտօնական մակարդակով բարդ հարցերը պիտի լուծենք մասնագիտական, դիւանագիտական խողովակներով` առանց լրատուադաշտ զգացական արտանետումներու: Բայց, ցաւօք, հայկական կողմէն մենք տեսանք հանրային տիրոյթին մէջ Ռուսիոյ նկատմամբ ոչ բարեկամական հռետորաբանութեան աշխուժացում:
«Չեմ ուզեր այստեղ մէջբերել մեր բոլոր փաստարկները, որոնք կը վկայեն Երեւանի անբարեացական պահուածքին մասին: Սակայն միայն յիշեցնեմ այնպիսի քայլեր, որոնց շարքին ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ կրթական եւ ուսումնական գործունէութենէն հրաժարելու լոյսին տակ հայ-ամերիկեան ռազմափորձերու կատարումը: Այնպիսի յանդուգն քայլերու մասին, ինչպիսիք են Հայաստանի վարչապետի կնոջ Քիեւ կատարած այցելութիւնը եւ Զելենսքիի հետ հաղորդակցիլը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի խորհրդարանի նախագահ պարոն Սիմոնեանի եւ ուքրանացի գործընկեր Սթեֆանչուքի հետ անոր հաղորդակցիլը: Վերջին շրջանին Երեւան յաճախ կ՛այցելեն Եւրոպայէն տարբեր տեսակի հիւրեր, որոնք Երեւանը կ՛օգտագործեն իբրեւ հարթակ տարբեր տեսակի հակառուսական յայտարարութիւններու համար: Եւ այնուամենայնիւ, մենք մեծ յոյս ունինք, որ Երեւանը համարժէք պիտի գնահատէ ռուս-հայկական գործընկերութեան կարեւորութիւնը: Եւ անոնք պիտի բխին նախ եւ առաջ այն ամուր, դարաւոր կապերէն, որոնք կը միաւորեն Ռուսիոյ եւ Հայաստանի ժողովուրդները», ըսած է Կալուզին:
Ան անդրադարձած է Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրական եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման` խօսելով Ազրպէյճանը Նախիջեւանի հետ կապող «Մեղրիի երթուղի»-ի մասին:
Լրագրողի ճշդող հարցումին, թէ արդեօք խօսքը «Զանգեզուրի միջանցք»-ի մասի՞ն է, Կալուզին պատասխանած է. «Ի վերջոյ, խօսքը Հայաստանի տարածքէն անցնող երկաթուղիի մասին է, ուստի ես ինծի կ՛արտօնեմ օգտագործել Մեղրիի երթուղի ձեւակերպումը: Այո՛, Ազրպէյճանի մէջ անիկա «Զանգեզուրի միջանցք» կը կոչուի…
«Մենք եռանդուն կերպով կ՛օգնենք մեր ազրպէյճանցի եւ հայ գործընկերներուն համաձայնութեան գալու: Մենք կը կարծենք, որ այս համաձայնութիւնը շատ կարեւոր գործօն պիտի ըլլայ Անդրկովկասի մէջ ընդհանուր կայունացման համար: Ատիկա պիտի նպաստէ Անդրկովկասի բոլոր պետութիւններու տնտեսական զարգացման, որովհետեւ այս պարագային Հայաստանը կարելիութիւն պիտի ունենայ դառնալ փոխադրական եւ գումակային հանգոյց, ամրապնդել եւ ընդլայնել իր փոխադրական կապերը Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ հետ: Ազրպէյճանը կարելիութիւն պիտի ունենայ անխափան կշռութաւոր փոխադրական կապեր ունենալ երկրի երկու հատուածներուն միջեւ: Իսկ Անդրկովկասի մէջ կացութեան ընդհանուր կայունացումը պիտի ծառայէ ապագային համար Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ վստահութեան հիմերու ամրապնդման: Այսպիսով, մենք հաստատակամ ենք շարունակելու խթանել այդ խորհրդակցութիւնները եռակողմ աշխատանքային խումբի ծիրին մէջ»:
Ան յայտնեց. «Բացարձակապէս ոչ բարեկամական քայլ կը նկատենք մեր դաշնակից Հայաստանի` Հռոմի կանոնադրութեան միանալը յիշեալ հրամանագիրի (Փութինի ձերբակալման, «Ա.») լոյսին տակ: Այստեղ երկխօսութեան տեղ չեմ տեսներ»: Կալուզին աւելցուց, որ այս հարցով խորհրդակցութիւններ եղած են Երեւանի հետ: «Մենք որոշակի առաջարկներ ըրած ենք, սակայն, ըստ երեւոյթին, կա՛մ Երեւանը տակաւին անոնց մասին կը մտածէ, կա՛մ որոշած են չընդունիլ», ըսած է ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Մոսկուան դիրքորոշում ունի՞ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ ձերբակալուած որոշ գործիչի` Ռուբէն Վարդանեանի նկատմամբ, եւ արդեօք պատրա՞ստ է այդ անձին վերաբերեալ բան մը ընելու, Կալուզին յայտնած է. «Ամէնէն ընդհանուր ձեւով կրնամ ըսել, որ խօսքը նախ եւ առաջ Հայաստանի քաղաքացիներու կամ Ռուսիոյ քաղաքացիութենէն ինքնակամ հրաժարածներու մասին է: Ուստի այս հարցերը պէտք է լուծուին նախ եւ առաջ Հայաստանի, որուն քաղաքացիներն են այդ մարդիկ, եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն միջեւ:
«Եւ ես պիտի ուզէի ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել կարեւոր երեւոյթի մը վրայ, որուն ես չեմ անդրադարձած: Ասիկա այն երեւոյթն է, որ որոշ փուլի Երեւանը սկսաւ ըսել, որ ինք որեւէ կապ չունի Լեռնային Ղարաբաղի հայերու ճակատագիրին հետ, եւ ատոր առնչուած բոլոր հարցերը պէտք է լուծուին ղարաբաղցի հայերու ներկայացուցիչներու եւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններու միջեւ երկխօսութեան ծիրին մէջ: Ասիկա նոյնպէս, ցաւօք սրտի, եղած է: Եւ ես ձեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրեմ ասոր վրայ»: