Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. 9/11-ի Համեմատութեան Չաշխատող Բաժինը

Հոկտեմբեր 10, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան մամուլը չի վարանիր հաստատելու, որ Համասի յարձակումը իսրայէլեան տարածքներու վրայ երկրորդ 9/11 է: 9/11-ը սակայն միայն քանդում, աւեր, սպանութիւն, զոհեր եւ անհետ կորսուածներ  չ՛ենթադրեր: Անիկա ամբողջ համակարգի մը դիւրաբեկութեան բացայայտումն է, յանկարծակիութեան գործօնի հարուածով  գործողութիւնը վնասազերծելու կարողականութեան չէզոքացումն է:

Նման համեմատութիւն կատարելով իսրայէլեան պաշտօնական թէ անպաշտօն  խօսափողները եթէ մէկ կողմէ ընդունած կ՛ըլլան իրենց անվտանգային համակարգի խոցելիութիւնը, միւս կողմէ սակայն հեռահար առաջադրանքներ կը ձեւակերպեն այս ձեւով:

9/11-ը այս բոլորին առընթեր շրջադարձ է նոր փուլի: Այդ փուլը աշխարհակարգային առանցք ունէր եւ կը յենուէր ահաբեկչութիւն-հակաահաբեկչութիւն դաշտերու բաժանարար գիծին վրայ:

Ահաբեկչութիւնը հրահրողներ, հովանաւորողներ, ֆինանսաւորողներ, որոնց դիմաց հակաահաբեկչական պետութիւններ, պայքարի նոր միջոցներ, նոր սարքեր, նոր վերահսկելիութիւններ եւ նոր տեսակի ազդեցութեան գօտիներ ու համապատասխան ֆինանսաւորումներ:

Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի նոր դաշնակիցներ ու գործընկեր: Հակաահաբեկչական պատերազմի պատրաստուելու համար միջպետական նոր համաձայնութիւններ եւ միաւորումներ:

9/11-ին յղում կատարելը եւ զայն վերաբանաձեւելով իրավիճակը բնութագրելը այս ուղղութիւններով հեռահար նպատակներ ունի: Թել Աւիւը նախ կ՛ուզէ ձեւակերպել Համասի գործողութիւնները իբրեւ ծաւալուն ահաբեկչութիւն, որ կը հրթիռակոծէ ոչ միայն զինուորական կեդրոններ, այլ նաեւ բնակավայրեր, որ կը գերեվարէ ոչ միայն ռազմագերիներ, այլ նաեւ քաղաքացիներ:

Այս բոլորը իսրայէլեան հակազդեցութեան հիմնաւորումներ են անշուշտ, ամբողջ Կազան արդէն քանիերորդ անգամ ռմբակոծութեան տակ առնելու, ամբողջական պաշարումի ենթարկելու, պաղեստինցի ժողովուրդը պատժելու, հիմա նաեւ ելեկտրականութեան, ջրամատակարարումի եւ ընդհանրապէս կապի միջոցներու անջատումով շրջանը ծունկի բերելու:

Դէպքերը սակայն հակադարձ պատժիչ գործողութիւններով չեն ընթանար այլեւս, ինչպէս նախապէս: Իսրայէլը հարիւրաւոր գերեվարուածներ ունի եւ այդ բոլորին հաշիւը ընելու հարկադրանքին առջեւ է: Այդ կը նշանակէ բանակցութիւններ, որոնց համար ալ առաջարկած է արդէն Գահիրէին միջնորդի դերակատարութեամբ միջամտելու:

Ասոնք անմիջական եւ կարճաժամկէտ դրուածքով կիրարկուելիք նախատեսուած քայլեր են: Թել Աւիւը կը նախապատրաստուի յետ ցնցումին: Այսինքն` տարածաշրջանը ահաբեկչական եւ հակաահաբեկչական դաշտերու բաժնելու, եւ ահաբեկչական բնօրրանը մեկուսացնելու: Այդ բնօրրանը ունի սակայն տարածաշրջանային գլխաւոր ուժերու հովանաւորութիւնը: Առաջինը Իրանը, որ այս պարագային զսպիչ, բայց ուժի դիրքերէ բանակցելու դիրքորոշումներուն վրայ կը թուի ըլլալ: Չմոռնանք, որ ամիսներ առաջ հարաւային Լիբանանէն պաղեստինեան զինեալ խմբաւորումներու արձակած հրթիռները դէպի իսրայէլեան զինուորական յենակէտեր մնացին զուտ պաղեստինեան սահմաններուն մէջ: Հըզպալլա կուսակցութիւնը չներքաշուեցաւ այդ դէպքերուն: Իրանը Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ընթացքի մէջ է եւ Ուաշինկթընի հետ առնուազն յարաբերութիւններու ապալարուածութեան: Թեհրանը պաշտօնապէս հերքեց իր մասնակցութիւնը պատերազմական վերջին արարներուն` իր զօրակցական յայտարարութիւնները կատարելով հանդերձ:

Թուրքիան միջնորդի դեր կ՛ուզէ վերցնել: Իսլամական եղբայրութեան տարբեր թեւերու  պատկանելիութեամբ, Համասը ահաբեկչական շարժում չի նկատեր: Նոյնպէս Քաթարը եւ արաբական այլ պետութիւններ, որոնք Թել Աւիւի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած են կամ այդ ընթացքին մէջ են:

Միանշանակ չէ ուրեմն ահաբեկչական-հակաահաբեկչական բաժանարարութիւնը տարածաշրջանին մէջ: Յայտնաբար փոխուած է իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ: 9/11-ի համեմատութեան առաջին բաժինը միայն տեղին է: Ահաբեկիչի պիտակաւորումը կրնայ չկպիլ Համասին: Հետեւաբար նաեւ անկէ բխելիք մեկուսացման քաղաքականութիւնը պիտի չընթանայ Թել Աւիւի ճշդած կանոններով: Սկսելու համար, թէկուզ միջնորդաւորուած, պիտի ընթանան բանակցութիւններ ձերբակալուածներու եւ գերեվարուածներու փոխանակման օրակարգով:

«Ա.»

 

Նախորդը

Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ. Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (10 Հոկտեմբեր 2023)

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?