Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն Այսօր Իսրայէլ Եւ Յորդանան Կ՛այցելէ

October 18, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն այսօր Իսրայէլ կ՛այցելէ` աջակցելու համար Համասը ջնջելու Թել Աւիւի որոշումին, սակայն նաեւ որոշ սահմանափակում ապահովելու Կազա ներխուժման անոր ծրագիրներուն:

Ըստ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին, Պայտըն հինգ ժամ պիտի մնայ Իսրայէլի մէջ, ապա պիտի ուղղուի Ամման` հանդիպում ունենալու Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ, եւ պիտի մասնակցի պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի եւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտելֆաթթահ Սիսիի հետ քառակողմ վեհաժողովին:

Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը յայտարարեց, որ պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին հրամայած է պատրաստուելու շուրջ 2000 ամերիկացի զինուորներ տեղակայելու` դիմակայելու համար Միջին Արեւելքի մէջ լարուած կացութիւնը:

Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը յայտարարեց, որ ո՛չ Յորդանանը, ո՛չ ալ Եգիպտոսը պիտի ընդունին պաղեստինցի գաղթականները` ատիկա նկատելով «կարմիր գիծ»:

Ան ընդգծեց, որ մարդասիրական կացութիւնը պէտք է լուծուի Կազայի եւ Այսրյորդանանի մէջ եւ ոչ թէ անոնց սահմաններէն դուրս:

«Յորդանանի մէջ տեղահանուածներ պիտի չըլլան եւ Եգիպտոսի մէջ գաղթականներ պիտի չըլլան», յստակ յայտարարած է թագաւորը:

Ապտալլա Բ. թագաւորը զգուշացուցած է, որ Միջին Արեւելքի մէջ սարսափելի կացութիւն պիտի ստեղծուի, եթէ Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ տագնապը տարածուի այլ երկիրներու մէջ:

«Ամբողջ շրջանը անդունդը իյնալու եզրին է», ըսած է ան` Պերլինի մէջ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ հանդիպումէն ետք:

«Բոլորին ջանքերը անհրաժեշտ են, որպէսզի համոզուինք, որ անդունդի մէջ պիտի չյայտնուինք», ըսած է ան:

Սէուտական Արաբիոյ նախարարաց խորհուրդը վերահաստատեց պաղեստինցի ժողովուրդի բռնի տեղահանման կոչերուն իր կտրուկ մերժումը եւ պահանջեց անմիջապէս զինադադար հաստատել, Կազայի շրջափակումը վերցնել եւ յառաջ մղել խաղաղութեան հոլովոյթը` ՄԱԿ-ի որոշումներուն եւ 1967-ի սահմաններով պաղեստինեան անկախ պետութեան ստեղծման արաբական նախաձեռնութեան համաձայն:

Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց, որ Սպիտակ տունը Իսրայէլ-Համաս պատերազմին մէջ Իրանի ներգրաւուածութեան խորացման նշաններ չի տեսներ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ամերիկեան իշխանութիւնները նկատա՞ծ են, որ Իրան նոր ձեւերով կը ներքաշուի տագնապին մէջ, Քըրպի «Սի.Էն.Էն.»-ի եթերէն ըսած է. «Հռետորաբանութենէն բացի… ոչ, մենք չենք նկատած»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան երկուշաբթի երեկոյեան յայտարարած էր. «Եթէ Կազայի դէմ ոճիրները անմիջապէս չդադրին, նոր ճակատներ պիտի բանանք»: «Յառաջիկայ ժամերուն կը սպասուի դիմադրութեան առանցքին կողմէ կանխարգելիչ շարժումի մը կարելիութիւնը», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Քաղաքական լուծումներու ժամանակը սկսաւ սպառիլ, եւ պատերազմի ընդլայնման կարելիութիւնը կը մօտենայ անխուսափելիութեան»:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէի երէկ յայտարարեց. «Եթէ սիոնական գոյացութեան ոճիրները շարունակուին, կարելի պիտի չըլլայ իսլամներուն եւ դիմադրութեան ուժերուն դէմ կանգնիլ»` աւելցնելով. «Սիոնական գոյացութիւնը ինչ ալ ընէ, պիտի չկարենայ փոխհատուցել իր կրած բացայայտ պարտութիւնը»:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն Թիրանայի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Միջին Արեւելք պիտի ուղղուիմ, երբ գոյութիւն ունենան օգտակար օրակարգ եւ շատ շօշափելի քայլեր, որոնք այդտեղ պէտք է որդեգրուին»:

«Պիտի շարունակեմ խորհրդակցութիւններն ու քննարկումները, սակայն փափաքս է կարենալ ճամբորդել, երբ շօշափելի համաձայնութիւն ստանանք, ըլլայ այդ մագլցումի չդիմելու կամ մարդասիրական խնդիրներու շուրջ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ թերեւս կարենայ Միջին Արեւելք ուղղուիլ յառաջիկայ օրերուն կամ շաբաթներուն:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ երէկ յայտնեց, որ պաղեստինեան Համաս շարժումի անդամները Կազայի մէջ շարունակուող պատերազմին մէջ երկու ընտրանք ունին` յանձնուիլ կամ մահանալ:

«Մեր օդանաւերը ձեզի պիտի հասնին ամէնուր… իւրաքանչիւր հրթիռ իր հասցէն ունի: Մենք պիտի հասնինք Համասի իւրաքանչիւր անդամին», ըսած է ան օդուժի «Էֆ-35» հալածիչներու օդաչուներուն:

«Համասի անդամները ունին երկու ընտրանք` կա՛մ մեռնիլ իրենց դիրքերուն մէջ, կա՛մ անվերապահ յանձնուիլ: Երրորդ ընտրանք չկայ: Մենք պիտի ջնջենք Համաս կազմակերպութիւնը եւ պիտի վերացնենք անոր բոլոր կարելիութիւնները», աւելցուցած է ան:

Իսրայէլեան զինուորական բանբեր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Կը պատրաստուինք յաջորդ փուլին, եւ բոլորը ցամաքային գործողութեան մասին կը խօսին, սակայն կրնայ այլ բան ըլլալ»:

Նախորդը

Ալիեւը Բռնագրաւեալ Հիւսիսային Կիպրոսի Ղեկավարին. «Ազրպէյճանը Կողմնակից Է Թրքական Աշխարհի Միաւորման»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.