Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

October 19, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը (ԶՈՄ) երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` դատապարտելով Կազայի «Մաամատանի» հիւանդանոցին ռմբակոծումը` սիոնական գոյացութեան կողմէ: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ.

«Թշնամի Իսրայէլի կողմէ օրական դրութեամբ Կազայի եւ աշխարհին մէջ գործուող ոճիրները` մարդկութեան դէմ գործուած ահռելի ոճիրներ են, բացի «Մաամատանի» հիւանդանոցին դէմ երէկուան ռմբակոծումը… Հոս ձախողեցան մարդկայնութիւնն ու միջազգային հասարակութիւնը:

Խլացնող միջազգային լռութեան եւ միջազգային կազմակերպութիւններու բացակայութեան ներքեւ, աշխարհի մէջ գործադրուող ոճիրները կը փաստեն մեր ուսանողներուն, որ դպրոցներուն եւ համալսարաններուն մէջ մարդու իրաւունքներուն մասին իրենց սորված օրէնքները պարզապէս թուղթին յանձնուած թանաք են, որոնք տեղ գտած են միայն ուսումնական դասագիրքերուն մէջ:

Հիւանդանոցը թիրախ դարձնելը բացայայտեց աշխարհի վրայ գործող դահիճներուն ոճրային վայրագ պատգամը, ընդդէմ` բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն փոխանցած կեանքի պատգամին, որուն հանդէպ հաւատք կը տածեն հիւանդները, իրենց հիւանդութիւններուն դէմ պայքարելու ընթացքին:

Երբ միջազգային հասարակութիւնն ու անոր կազմակերպութիւնները նման ոճիրի մը դիմաց լուռ կը մնան, ապա գիտցէ՛ք, որ մարդկայնութիւնը անոնց համար լոկ կարգախօս է, որ կ՛օգտագործեն իրենց ճառերուն ընթացքին` միայն իրենք զիրենք շուկայադրելու նպատակով:

ԶՈՄ-ը կը դատապարտէ պաղեստինցիներուն դէմ թշնամի Իսրայէլի ոճիրները եւ ցաւակցութիւն կը յայտնէ նահատակներու ընտանիքներուն, յատկապէս` «Մաամատանի» հիւանդանոցի նահատակներուն ընտանեկան պարագաներուն… Նահատակները չեն մեռնիր, այլ` կը վերածուին իրենց դահիճի պարանոցին ճօճուող սուրերու:

Իսկ միջազգային հասարակութեան կը մերժենք կոչ ուղղել, որովհետեւ այս քստմնելի փորձառութենէն ետք, «Մաամատանի» հիւանդանոցի երեխաներուն լուսանկարները, անոնց մայրերուն արցունքները եւ անոնց ընտանիքներուն աղիողորմ ճիչերը ցնցեցին աշխարհը եւ լացուցին քարը… Կա՛մ այն է, որ աշխարհը արժանապատուութեան ու մարդկայնութեան կեցուածք կ՛որդեգրէ` վերջ տալով այս ոճիրներուն, կա՛մ թող յայտարարէ մարդկայնութենէ իր սնանկութիւնը եւ փակէ իր անդամալուծուած կազմակերպութիւններուն դռները»:

ՀՅԴ ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

 

 

Նախորդը

Պայտըն Կազայի Հիւանդանոցի «Պայթում»-ին Համար Կ՛ամբաստանէ Պաղեստինեան Կողմը

Յաջորդը

Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Կը Յանձնարարէ Իսրայէլեան Գոյացութեան Դէմ Դատական Հարց Յարուցել

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.