Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւային Լիբանանը Համեմատաբար Աւելի Ծանր Թափով Ռմբակոծուեցաւ

October 18, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դիմադրութիւնը Ռմբակոծումի Թիրախ Դարձուց
Իսրայէլեան Զինուորական Յաւելեալ Կեդրոններ

Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ երէկ արձանագրուած իրադարձութիւնները նախորդ օրերուն նման չեղան: Այլ խօսքով` ամբողջ օրուան զգուշաւոր լռութենէ ետք որոշ դիրքի ռմբակոծում մը, սահմանափակ այլ գործողութիւն մը կամ իսրայէլեան օդուժի թռիչքներ չէին երէկ արձանագրուած գործողութիւնները, այլ` մնայուն յարձակումներ եւ աւելի ծանր թափով ռմբակոծումներ:

Խորքին մէջ հարաւային Լիբանանը ռմբակոծելու այդ «աշխուժութիւնը» արձանագրուեցաւ երկուշաբթիէն երեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին, երբ իսրայէլեան ուժեր լուսաւորուող ռումբեր արձակեցին Արքուպի, Քֆարշուպայի եւ Հասպայայի վերեւ:

Լիբանան ապրեցաւ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ փոխադարձ ռմբակոծումներով լեցուն գիշեր մը: Իսրայէլեան ուժերը ֆոսֆորային եւ լուսաւորող տասնեակ ռումբերով գնդակոծեցին Տհայրա, Քֆարքիլա, Ատայսէ, Մթըլլէ, Արքուպ, Այթա Շաապ եւ Լապպունէ շրջանները: Այդ պատճառով քաղաքացիներուն մէջ արձանագրուեցան շնչահեղձութեան պարագաներ:

Առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Իսրայէլեան ուժերու բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց, որ Լիբանանէն Իսրայէլ սահմանագիծին մօտեցող չորս հոգինոց խումբ մը, որ կը փորձէր սահմանային փշաթելի մօտակայքը ականներ զետեղել, վնասազերծուած եւ ոչնչացուած է:

Իր խօսքը ուղղելով լիբանանեան պետութեան` Ատրահի շեշտեց, որ եթէ Հըզպալլա սխալ մը գործէ, ապա իրենք ուժգին հարուածով մը պիտի պատասխանեն:

Մէկուկէս ժամ ետք Քֆարքիլայի հանդիպակաց Մթըլլէ բնակեցման վայրին մէջ Դիմադրութիւնը իսրայէլեան զինուորական դիրք մը ռմբակոծումի թիրախ դարձուց, որուն իբրեւ պատասխան իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծեց Տհայրան, Այթա Շաապը, Համամեսի բարձունքներն ու Ատայսէ-Քֆարքիլա ճամբան:

Իսրայէլեան ուժերը միաժամանակ հաստատեցին, որ դէպի Մթըլլէ արձակուած հակահրասայլային հրթիռը պատճառած է երեք վիրաւորներ:

Յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին իսրայէլեան ուժերը ռմբակոծեցին Այթարունը, մինչ այդ Դիմադրութիւնը յայտնեց, որ իսրայէլեան Մալիքիէ զինուորական կեդրոնին մէջ քանդած է լրտեսելու սարքեր եւ տեսախցիկներ, ինչպէս նաեւ հակահրասայլային երկու հրթիռներ արձակած է Քիպուց Եաֆթահ բնակեցման վայրին մէջ գտնուող իսրայէլեան կեդրոնին դէմ:

Իսրայէլեան ուժեր պատասխանելով այս գործողութեան ռմբակոծեցին Ալմա Շաապը, ուր զոհուեցան 4 քաղաքայիններ: Իսրայէլեան հրետանիին գնդակոծումին թիրախ դարձան նաեւ Մարուն Ռասի բարձունքները:

Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին հրապարակեց վիտէօ մը, որուն մէջ հաստատեց, որ իսրայէլեան Ռամիա զինուորական կեդրոնին մէջ ռմբակոծումի թիրախ դարձուցած է սիոնական հրասայլ մը եւ պատճառած մարդկային վնասներ:

Հըզպալլա յայտնեց նաեւ, որ ռմբակոծած է Զըրհիթ, Սատահ, Ժալլել Տիր, Մալիքիէ եւ Պըրքեթ Ռիշա զինուորական կեդրոնները:

Երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Դիմադրութիւնը հաստատեց, որ ռմբակոծած է Պայատ Պլիտա իսրայէլեան զինուորական կեդրոնը, ինչպէս նաեւ Պրանիթ կեդրոնին վրայ գտնուող իսրայէլացի զինուորներու մէկ հաւաքը:

Մինչ իսրայէլեան ուժեր յայտնեցին, որ իրենց շարքերուն մէջ արձանագրուած են երկու վիրաւորներ, Դիմադրութիւնը հպարտութեամբ «աւետեց» իր վեց մարտիկներուն նահատակութիւնը:

Հակառակ իսրայէլեան ուժերու կատարած յայտարարութեան, Դիմադրութիւնը ընդգծեց, որ իսրայէլեան ուժերուն մէջ երէկ արձանագրած են տասնեակ զոհեր եւ վիրաւորներ:

Երեկոյեան ժամը 6:10-ին, Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, որ իսրայէլեան ուժերը անօդաչու թռչող սարքով մը ռմբակոծած են հիւսիսային Քֆարքիլայի մէջ գտնուող Թալ Նահասի դիրքը, որ դատարկ էր:

Միւս կողմէ, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հաստատեց, որ ինք ներքին եւ արտաքին հաղորդակցութիւնները կը շարունակէ` հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատելու նպատակով:

Երեկոյեան Միքաթի ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը` ընկերակցութեամբ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթի եւ երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի:

Հանդիպումէն ետք Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ իրենք կը մնան Միքաթիի կողքին` բարձր գնահատելով անոր ի գործ դրած հսկայական ճիգերը` արաբական երկիրներու եւ միջազգային ներկայացուցչութիւններու մօտ:

Ժոմպլաթ մաղթեց, որ Լիբանան պատերազմի մէջ չի ներքաշուիր:

Իր կարգին, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող 26 երկիրներուն դեսպանները, որոնց հետ քննարկեց Կազայի եւ հարաւային սահմանագիծի իրադարձութիւնները:

Պու Հապիպ կոչ ուղղեց անոնց միջամտելու, որպէսզի ամբողջ շրջանը դէպի աւելի վատ կացութեան մղող իսրայէլեան յարձակումներուն եւ բռնարարքներուն վերջ տրուի, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի կայունութիւնը վերահաստատուի:

Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանի յայտնեց, որ պէտք է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի զգուշացումները լուրջի առնել, եթէ Կազայի մէջ քանդումն ու սպանութիւնը վերջ չգտնեն:

Պէտք է նշել նաեւ, որ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակը հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ Լիբանանի, Յորդանանի եւ այլ երկիրներու իր գրասենեակները կը դատարկէ եւ անձնակազմի անդամները Լիբանանէն դուրս կը տեղափոխէ:

Նախորդը

Յ. Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ

Յաջորդը

Լուքաշենքօ. «Հայաստանը Միշտ Չէ, Որ Գործընկերոջ Պէս Կը Վարուի»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Գլխաշորը Եւ Երէց-Կրտսեր Եղբայրներու Սրտնեղութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Գլխաշորը Եւ Երէց-Կրտսեր Եղբայրներու Սրտնեղութիւնը

October 19, 2026
Նախագահութեամբ Ազգային  Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի.  ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան»  Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահութեամբ Ազգային Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի. ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան» Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում

October 19, 2026
Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի  Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով
Գաղութային

Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.