Հարաւային Սահմանագիծը Կը Մնայ Իսրայէլի Եւ Դիմադրութեան Միջեւ Փոխադարձ
Ու Սահմանափակ Տարողութեամբ Հրթիռարձակումի Բեմ
Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ Իսրայէլի ու Դիմադրութեան միջեւ փոխադարձ հրթիռարձակումը շարունակուեցաւ երէկ եւս` մնալով իր սահմանափակ տարողութեան մէջ:
Միւս կողմէ, նախանցեալ գիշեր Կազայի «Մաամատանի» հիւանդանոցին մէջ Իսրայէլի գործած սպանդը պատճառ դարձաւ ժողովրդային ցասումի, ինչպէս նաեւ պաշտօնական դատապարտումի:
Այս շրջագիծին մէջ Լիբանանի կառավարութիւնը միօրեայ ազգային սուգ յայտարարեց չորեքշաբթի, 18 հոկտեմբեր 2023-ը, որուն ընթացքին ինքնաբերաբար կրթական բոլոր հաստատութիւնները` դպրոցներ, համալսարաններ թէ արհեստից ուսման հիմնարկներ մնացին փակ:
Նախանցեալ գիշեր ինքնաբուխ հաւաքներ տեղի ունեցան Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն, Թարիք Ժտիտէի, Պշարա Խուրիի, Կեդրոնական Պէյրութի մէջ գտնուող ԷՍՔՈՒԱ-ի կեդրոնատեղիին մօտ, ֆրանսական եւ ամերիկեան դեսպանատուներուն դիմաց:
Ամերիկեան դեսպանատան դիմաց կատարուած ինքնաբուխ բողոքի ցոյցը եղաւ ցասկոտ ու պատճառեց նիւթական վնասներ` դեսպանատան ճամբուն վրայ եւ անոր կից գտնուող կառոյցներուն:
Արձանագրուեցան բախումներ պաղեստինեան դրօշներով Աուքար բարձրացած երիտասարդներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ:
Ամերիկեան դեսպանատան դիմաց բողոքի երկրորդ ցոյց մը արձանագրուեցաւ երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, որուն ընթացքին աւելի մեծ թիւով ցուցարարներ ուղղուեցան դեսպանատուն:
Ցոյցին ընթացքին արձանագրուեցան բախումներ ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն ու լիբանանեան բանակին միջեւ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով արցունքաբեր կազեր արձակուեցան ցուցարարներուն դէմ` ցրուելու համար զանոնք եւ հակակշռելու տիրող կացութիւնը:
Ապահովութեան ուժերը օգտագործեցին նաեւ ջրցան մեքենաներ` ցրուելու համար ցուցարարները: Արձանագրուեցան մեծ թիւով վիրաւորներ:
Այստեղ տեղին է աւելցնել, որ Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնները խստիւ դատապարտեցին ցուցարարներուն կողմէ Աուքարի ճամբուն վրայ անձնական կալուածներ քանդելու երեւոյթը` հաստատելով, որ իսրայէլեան ահաբեկչութեան եւ անոր զօրակցող ամերիկեան կեցուածքին դէմ պայքարը Աուքարի մէջ լիբանանցիներուն պատկանող անձնական կալուածները քանդելով չէ, որ կ՛իրականանայ:
Սայտայի մէջ կէսօրին տեղի ունեցաւ պաղեստինցիներուն զօրակցութեան ցոյց մը, որուն ընթացքին խստիւ դատապարտուեցաւ թշնամի Իսրայէլին գործած պատերազմական ոճիրները` պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ:
Բողոքի այլ ցոյց մը կատարուեցաւ նաեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Հարաւային արուարձաններուն մէջ` կազմակերպութեամբ Հըզպալլայի:
Հարեթ Հըրէյքի մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցին ընթացքին Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին իր խօսքը ուղղելով Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին եւ եւրոպացիներուն հաստատեց, որ Դիմադրութեան դէմ գործուած այս սխալին պատասխանը աղմկարար պիտի ըլլայ:
«Նեթանիահուին կը հաստատենք, որ պաղեստինցիները Կազայէն տեղահան ընելու ծրագիրը պիտի ձախողի», շեշտեց ան:
Պէտք է աւելցնել, որ «Մաամատանի» հիւանդանոցը ռմբակոծումի թիրախ դարձնելու եւ աւելի քան 800 հոգի սպանդի ենթարկելու իսրայէլեան ոճրային արարքը դատապարտուեցաւ մեծ թիւով լիբանանցի պատասխանատուներու, հոգեւորականներու եւ քաղաքական ուժերու կողմէ:
Այս շրջագիծին մէջ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան մասնակցեցաւ առողջապահութեան նախարարութեան դիմաց տեղի ունեցած բողոքի ցոյցին, որուն ընթացքին ան յայտնեց, որ «Մաամատանի» հիւանդանոցին մէջ արձանագրուած են հարիւրաւոր նահատակներ, իսկ համաշխարհային խիղճը անիրաւութեան մասին կը մնայ լուռ:
Միքաթի շեշտեց, որ միջազգային հասարակութիւնը կը զօրակցի դահիճին:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ ցեղասպանութեան իսրայէլեան սարքերը պաղեստինցիները չէ որ թիրախ կը դարձնեն, այլ` մարդկութիւնն ու մարդկայնութիւնը:
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց «Մաամատանի» հիւանդանոցին ջարդը` հաստատելով, որ միջազգային հասարակութիւնը պէտք է անմիջապէս միջամտէ` կասեցնելու համար իսրայէլեան սպանդը:
Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աուն դատապարտեց «Մաամատանի» հիւանդանոցին դէմ իսրայէլեան ռմբակոծումը` հաստատելով, որ Իսրայէլ կանխամտածուած պատերազմական ոճիրներ կը գործէ, եւ պահանջուածը այն է, որ Միջազգային դատարանը հաշուետուութեան կանչէ զայն:
Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ կոչ ուղղեց դատավարութեան ենթարկելու Իսրայէլի ահաբեկչական գոյացութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ Իսրայէլը իբրեւ պատերազմական ոճիրներ գործած երկիր պէտք է դատավարութեան ենթարկուի միջազգային դատարանին կողմէ:
Ամալ շարժումը դատապարտեց «Մաամատանի» հիւանդանոցին սպանդը` հաստատելով, որ անիկա ցեղասպանութեան չափանիշները ամբողջացնող ոճիր մըն է:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը դատապարտեց անմեղ երեխաներու ու անզէն բնակչութեան սպանդը` հաստատելով, որ «Մաամատանի» հիւանդանոցին սպանդը Կազայի մէջ գործուած պատերազմական ոճիր է:
Հարաւային սահմանագիծին վրայ գնդակոծումները շարունակուեցան:
Երէկ առաւօտեան ժամը 5:30-ին իսրայէլեան ուժեր ռմբակոծեցին Այթա Շաապ եւ Ալմա Շաապ գիւղաքաղաքները` իբրեւ պատասխան Լիբանանէն արձակուած հակահրասայլային հրթիռի մը, որ թիրախ դարձուցած էր Շթուլա բնակեցման վայրին մէջ գտնուող իսրայէլեան «Մերքաւա» տիպի հրասայլ մը եւ քանդած զայն:
Հըզպալլա հաստատեց, որ առաւօտեան ժամը 3:15-ին Ռահեպ իսրայէլեան դիրքին վրայ հակահրասայլային թիրախահար հրթիռով մը պայթեցուցած է «Մերքաւա» տիպի հրասայլ մը, անոր անձնակազմով:
Աւելի ուշ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը, որ 4 իսրայէլացի զինուորներ վիրաւորուած են Ռահեպի մէջ:
Կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծեց Ալմա Շաապը եւ Տհայրան, առանց մարդկային վնասներ պատճառելու:
Կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին իսրայէլեան ուժեր ռմբակոծեցին Այթարունը` վիրաւորելով լիբանանցի հովիւ մը:
Յետմիջօրէէն մինչեւ երեկոյեան կանուխ ժամերը իսրայէլեան ուժերը ռմբակոծեցին Այթա Շաապը, Շապաան, Ռաս Նաքուրան, Լապպունէն, Մազարեհ Շեպաան, Քֆարշուպան, Պասթրան, Մարին, Հըլթան, Հապպարիէն եւ Ֆարտիսը` վիրաւորելով 4 լիբանանցի քաղաքայիններ:
Ժամը 5:00-ին Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, որ Ժալ Օլամի մէջ գտնուող իսրայէլեան Զըրհիթ դիրքը ռմբակոծումի թիրախ դարձուցած է, ինչպէս նաեւ ռմբակոծած է Մինարայի հարաւային կողմը գտնուող իսրայէլեան ուժերու խմբաւորումն ու հոն գտնուող հսկողութեան համակարգերը:
Երեկոյեան ժամը 7:30-ին Հըզպալլա յայտնեց, որ լիբանանցի քաղաքայիններ թիրախ դարձնող իսրայէլեան ռմբակոծումներուն իբրեւ պատասխան գործողութիւն սիոնական Մալիքիէ դիրքը ռմբակոծած է եւ անոր դէմ կրակած` վիրաւորելով մեծ թիւով իսրայէլացի զինուորներ, ինչպէս նաեւ քանդելով զինուորական այդ դիրքին սարքաւորումներուն մէկ կարեւոր մասը:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Քուէյթի արտաքին գործոց նախարարութիւնները կոչ ուղղեցին իրենց քաղաքացիներուն խուսափելու Լիբանան ուղղուելէ: Երէկ երեկոյեան Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կոչ կ՛ուղղէ իր քաղաքացիներուն կառչած մնալու Լիբանան ճամբորդութիւնը արգիլող որոշումին եւ անմիջապէս հեռանալու լիբանանեան հողերէն:
Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ Ժետտայի մէջ մասնակցեցաւ Իսլամական երկիրներու համագործակցութեան կազմակերպութեան արտակարգ նիստին, որուն ընթացքին յայտնեց, որ Կազայի դէմ իսրայէլեան բռնարարքներուն շարունակութիւնը կրնայ բռնկեցնել այնպիսի հրդեհներ, որոնք կրնան շրջանը կուլ տալ:
Պու Հապիպ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհանի հետ: Քննարկուեցան Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրադարձութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ պըն Ֆարհան շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա կարելի եղած ճիգերը ի գործ կը դնէ` կասեցնելու համար ապահովական մագլցումները:
Իր կարգին, հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբեր Անտրէա Թինընթի հաստատեց, որ իրենց աշխատանքը ընթացքի մէջ է, Լիբանանէն մեկնելու ծրագիրներ չունին եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն հարաւային Լիբանանի մէջ լարուածութիւնը հակակշիռի տակ պահելու:


