Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթընի Մէջ Կայացած Է Ամերիկաներու Եւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Խորհրդաժողով

October 17, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ ստեղծուած իրավիճակին մէջ Հայ դատի յանձնախումբերու մարտավարական առաջնահերթութիւններու վերանայման եւ ընթացիկ աշխատանքներու քննարկման նպատակով 14-15 հոկտեմբերին Ուաշինկթընի մէջ կատարուած է Հայ դատի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Հարաւային Ամերիկայի եւ Աւստրալիոյ յանձնախումբերու խորհրդաժողով: Խորհրդաժողովը հիւրընկալած էր Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբը:

Խորհրդաժողովի բացման խօսքին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը կարեւոր նկատած է ստեղծուած աղէտալի իրավիճակին մէջ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն համար պայքարը նոր ուժով եւ նոր շեշտաւորումներով շարունակելու կարեւորութիւնը եւ այն վիթխարի պատասխանատուութիւնը, որ Հայ դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները կը կրեն: Տէր Խաչատուրեան նկատած է, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ յուսահատութիւնը կրնայ առաջնորդել նոր աղէտներու, ուստի համազգային մակարդակի վրայ ընկճուածութեան յաղթահարումն ու պայքարի ուժգնացումը այլընտրանք չունին, եւ որ այս խորհրդաժողովը պատշաճ հարթակ է սպառնացող մարտահրաւէրները քննարկելու եւ Հայաստանի ու Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան շուրջ անհրաժեշտ առաջնահերթութիւնները ճշգրտելու ուղղութեամբ:

Խորհրդաժողովի ընթացքին քննարկուած է Հայ դատի քաղաքական առաջնահերթութիւններու մարտավարական վերանայման եւ գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններու վերայստակացման ուղղուած օրակարգային հարցերու լայն շրջանակ:

Խորհրդաժողովը մեծ կարեւորութեամբ շեշտած է Արցախի ժողովուրդի բռնի տեղահանման հետեւանքով ստեղծուած ազգային ճգնաժամը դիմակայելու հրամայականը: Քննարկուած են Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն համար արժանապատիւ կեցութեան եւ կենցաղի պայմաններու ստեղծման միջազգայնօրէն օժանդակելու հակաճգնաժամային խնդիրները: Ապա քննարկուած են նաեւ Արցախի Հանրապետութեան պետականութեան հիմնական սիւներու պահպանութեան եւ հետագայ աշխատանքներուն վերաբերեալ հարցերը: Առանձին ուշադրութիւն դարձուած է Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան պաշտպանութեան, ազրպէյճանական հաւանական ռազմական նախայարձակումի կանխման ուղղուած աշխատանքներուն, ներառեալ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ պատժամիջոցներու կիրարկման անհրաժեշտութիւնն ու այդ ուղղութեամբ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու աշխատանքները: Հայ անկախ պետականութեան համար անհրաժեշտ արտաքին օժանդակութիւն ապահովելը եւ Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան միջազգային քաղաքական եւ իրաւական պատասխանատուութեան ենթարկելը պիտի շարունակեն մնալ Հայ դատի յանձնախումբերու գործունէութեան կարեւորագոյն ուղղութիւններէն:

Ժողովականները հաստատած են, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն  շարք մը դիրքորոշումները յաճախ կ՛օգտագործուին ազրպէյճանաթրքական պետական շրջանակներու եւ լոպիիստներու կողմէ` Հայ դատի յանձնախումբերու ու գրասենեակներու աշխատանքներուն հակազդելու համար: Անոնք կ՛օգտագործուին նաեւ իրենց հակահայ հայեացքներով յայտնի օտարազգի քաղաքական գործիչներուն կողմէ:

Խորհրդաժողովի ընթացքին քննարկուած են նաեւ ազրպէյճանաթրքական լոպիիստական կառոյցներու աշխատանքներուն հակազդելու, ինչպէս նաեւ Հայ դատի յանձնախումբերու ու գրասենեակներու կարողականութեան շարունակական ընդլայնման եւ երիտասարդութեան ներգրաւման համայնքային աշխատանքներուն ուղղուած նախաձեռնութիւններ եւ ծրագիրներ:

Նախորդը

Իրան Հայաստանի Վրայ Ազրպէյճանի Յարձակման Մասին Պլինքընի Խօսքը Վերահասցէագրած Է Ազրպէյճանցիներուն

Յաջորդը

«Ոսկեբերան Արզումանեան» Կրթական Հիմնադրամ 2022-2023 Տարեշրջան

RelatedPosts

Ակնարկ  Փեքին, 6-10 Մարտ 2023
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ Փեքին, 6-10 Մարտ 2023

October 14, 2026
Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ  Որոշում Մը Պիտի Տամ»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Իրանն Ու Օմանը Հորմուզի Նեղուցին Մէջ Ժամանակաւոր Նաւարկման Ուղիի Շուրջ Փոխըմբռնում Գոյացուցին»

October 14, 2026
Թրամփ. «Իրան Կ՛ուզէ Համաձայնութեան Հասնիլ,  Սակայն Չի Գիտեր Ատիկա Ինչպէս Ընել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրան Կ՛ուզէ Համաձայնութեան Հասնիլ, Սակայն Չի Գիտեր Ատիկա Ինչպէս Ընել»

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.