Ֆրանչիսկոս պապը կոչ ուղղած է պահպանելու եւ յարգելու Արցախի վանքերն ու կրօնական պաշտամունքի վայրերը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:
«Լեռնային Ղարաբաղի ճգնաժամի առնչուած իմ մտահոգութիւնս չի տկարանար:
«Գաղթականներու ծանր մարդասիրական կացութենէն բացի, ես պիտի ուզէի դիմել յատուկ կոչով` ի պաշտպանութիւն այս շրջանի վանքերուն եւ պաշտամունքի վայրերուն», յայտարարած է ան Վատիկանի Ս.Պետրոս հրապարակին վրայ կիրակնօրեայ քարոզի աւարտէն ետք:
«Յոյսով եմ, որ…պիտի ապահովուի անոնց նկատմամբ յարգանքն ու պաշտպանութիւնը` իբրեւ տեղւոյն մշակոյթի մէկ մասը, հաւատքի դրսեւորում եւ եղբայրութեան նշան, ինչ որ կարելի կը դարձնէ համատեղ կեանքը` հակառակ տարբերութիւններուն», ըսած է պապը: