Միացեալ Նահանգներու Նախագահի
Յորդանան Այցելութիւնը Ջնջուեցաւ
Իսրայէլեան օդուժը երեքշաբթի գիշեր յարձակում գործեց Կազայի «Մաամատանի» հիւանդանոցին վրայ, ուր կը գտնուէին միայն խաղաղ բնակիչներ` հիւանդներ, բժիշկներ, խնամողներ եւ տեղահանուածներ: Յարձակումին պատճառով արձանագրուեցաւ 800 զոհ:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը խստօրէն դատապարտեց յարձակումը` յայտարարելով, որ անիկա մէկն էր Կազայի հիւսիսը գտնուող 20 հիւանդանոցներէն, որոնց մէջ գտնուողներուն իսրայէլեան բանակը հրամայած էր տարհանել: «Տարհանման հրամանը անկարելի էր իրականացնել` հաշուի առնելով ներկայ անապահովութիւնը, բազմաթիւ հիւանդանոցներու ծանր վիճակը եւ շտապօգնութեան մեքենաներու, անձնակազմի, առողջապահական մահճակալներու եւ տեղահանուածներու համար այլընտրանքային ապաստարաններու պակասը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ` աւելցնելով. «Տարհանման հրամանները պէտք է չեղեալ յայտարարուին: Միջազգային մարդասիրական օրէնքը պէտք է յարգուի, ինչ որ կը նշանակէ, որ առողջապահութիւնը պէտք է գործնական կերպով պաշտպանուած ըլլայ եւ երբեք պէտք չէ թիրախաւորուի»:
Իսրայէլեան յարձակումէն ետք, մինչ հազարաւոր պաղեստինցիներ Ռամալլայի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի դէմ բողոքի ցոյց կատարեցին, ան որոշեց չմասնակցիլ երէկ Յորդանանի մէջ նախատեսուած Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի, Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորի եւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել ֆաթթահ Սիսիի հետ քառակողմ վեհաժողովին:
Ապպաս երէկ յայտարարեց. «Յորդանանի եւ Եգիպտոսի հետ համաձայնեցայ ջնջելու այսօր Ամմանի մէջ նախատեսուած Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ վեհաժողովը»` պահանջելով հաշուետուութեան ենթարկել իսրայէլեան կառավարութիւնը եւ պաղեստինցիներուն միջազգային պաշտպանութիւն ապահովել:
«Մեր ժողովուրդին վրայ յարձակումը պէտք է դադրի, եւ երկրորդ Նաքպա (աղէտ` ակնարկելով 1948-ի տեղահանութեան, «Ա.») մը պիտի չարտօնենք, եւ պիտի չընդունինք մեր ժողովուրդի անգամ մը եւս տեղահանումը եւ բացարձակապէս պիտի չընդունինք պատերազմի դադրեցումէն այլ խօսք մը»: Ան պաղեստինցի ժողովուրդին «այս վտանգաւոր պահուն» միասնութեան կոչ ուղղեց` շեշտելով. «Տեղահանութեան իսրայէլեան ծրագիրը պիտի չընդունինք եւ անոր դէմ պիտի դնենք: Մեր հողէն պիտի չհեռանանք, եւ ոչ ոքի պիտի արտօնենք մեզ տեղահանել, ինչպէս անցեալին պատահեցաւ»: Ան եռօրեայ սուգ յայտարարեց:
Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի իր կարգին յայտարարեց, որ Պաղեստինեան իշխանութեան, Գահիրէի եւ Ուաշինկթընի հետ խորհրդակցելէ ետք, Յորդանան ջնջած է քառակողմ վեհաժողովը, որովհետեւ Ուաշինկթըն անկարող պիտի ըլայ պատերազմը դադրեցնելու որոշում տալ:
Ան նաեւ յայտնեց, որ «վաղը Միացեալ Նահանգներու նախագահի Յորդանան այցելութիւն տեղի պիտի չունենայ»` աւելցնելով. «Եթէ այդ վեհաժողովը գումարուի, կ՛ուզենք, որ բացառապէս մէկ արդիւնք ունենայ` պատերազմի դադրեցումն ու պաղեստինցիներու մարդկայնութեան յարգումը»:
Յորդանանի թագաւորը բուռն կերպով դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ պաղեստինեան հիւանդանոցի դէմ յարձակումը եւ զգուշացուց. «Այս պատերազմը մուտք գործեց վտանգաւոր փուլ մը, որ շրջանը պիտի տանի աղէտի մը, որ անցանկալի է, եւ միջազգային ընտանիքը պէտք է վերջ տայ արիւնահեղութեան, որուն շարունակումը մարդկութեան համար ամօթի խարան է»:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտարարեց. «Ոչինչ կրնայ արդարացնել հիւանդանոցի մը ռմբակոծումը, եւ ոչինչ կրնայ արդարացնել քաղաքայիններու թիրախաւորումը»: Ան կոչ ուղղեց արտօնելու, որ մարդասիրական օժանդակութիւնները «առանց յապաղումի» հասնին Կազա:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Կազայի մէջ հիւանդանոցի ռմբակոծումը ոճիր է եւ մարդկայնականութենէ զուրկ արարք մը»:
Եգիպտոսի նախագահ Ապտել ֆաթթահ Սիսի Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Ռաֆահի անցքը չփակեցինք: Սակայն անցքի պաղեստինեան կողմին դէմ իսրայէլեան ռմբակոծումը դադրեցուց անոր աշխատանքը»: Ան նաեւ շեշտեց. «Մենք կը մերժենք պաղեստինցիներուն իրենց հողերէն տեղահանումը»:
«Պաղեստինեան դատի ջնջումը շատ վտանգաւոր հարց է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Այն ինչ որ այժմ Կազայի մէջ տեղի կ՛ունենայ, քաղաքայինները Եգիպտոս ապաստանելու եւ գաղթելու մղելու փորձ է»:
«Պաղեստինցիներուն Կազայէն Եգիպտոս տեղահանման պիտի հետեւի պաղեստինցիներուն Այսրյորդանանէն Յորդանան տեղահանումը», յայտնեց Եգիպտոսի նախագահը` աւելցնելով. «Պաղեստինեան դատի ջնջումը պիտի չարտօնենք, եւ այն ինչ որ Կազայի մէջ տեղի կ՛ունենայ Համասի դէմ արարք չէ, այլ` բնակիչները հեռանալու մղելու»:
«Եթէ տեղահանման գաղափար գոյութիւն ունի, ապա ինչո՞ւ պաղեստինցիները Նեկեւ չեն տեղափոխեր: Մենք չենք ուզեր, որ Սինան Իսրայէլի դէմ «ահաբեկչական գործողութիւններու» սկսման հարթակի վերածուի», ըսաւ Սիսի` «մենք կը մերժենք պաղեստինեան դատի ջնջումն ու դէպի Սինա տեղահանումը»:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան Ժետտայի մէջ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան ժողովի ընթացքին յայտնեց, որ «միջազգային ընտանիքը պէտք է Կազայի մէջ պաղեստինցիները պաշտպանելու վերաբերեալ կեցուածք որդեգրէ», եւ պահանջեց «պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքները երաշխաւորող խաղաղութեան պայմաններ ստեղծել»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.»-ի համաձայն լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով յայտարարած է, թէ իրենք Միացեալ Նահանգներուն եւ միւս գործընկերներուն յայտնած են, թէ Իսրայէլ-Պաղեստին տուեալ պահու լարուածութեան մէջ Իսրայէլը ողջամիտ չի գործեր եւ կ՛ուզէ վրէժխնդիր ըլլալ: «Այդ բոլորը թ՛է իրենց, թէ՛ շրջանին մեծ ողբերգութիւններու համար ճամբայ կը բանայ: Այդ իսկ պատճառով, մենք, իբրեւ ողջամիտ կողմեր, պէտք է ամէնէն ճիշդ խորհուրդները տանք», ըսած է Հաքան Ֆիտան:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը տարակուսանք յայտնած է Իսրայէլի այն յայտարարութենէն, թէ իրենք այլեւս չեն ուզեր նոյն ձեւով ապրիլ: Ըստ Ֆիտանի, ատիկա կը նշանակէ, թէ կա՛մ պէտք է բոլոր թշնամիներդ վերացնելու համար կռիւի մէջ մտնես, կա՛մ անոնց հետ խաղաղութիւն կնքես: «Այս պահուս Իսրայէլի միտքը հակուած է պատերազմի: Իսրայէլը կը բղաւէ, որ ոչ ոք խառնուի Կազայի մէջ իր գործողութիւններուն, որոնցմէ ետք պիտի զբաղի Լիբանանի Հըզպալլայով, ապա Իրանով: Իսրայէլի մէջ խումբ մը կայ, որ կը հաւատայ, թէ երբ Իսրայէլը Իրանի հետ պատերազմի մէջ մտնէ, Միացեալ Նահանգները Իսրայէլի կողքին պիտի ըլլան: Յոյսով ենք, որ Միացեալ Նահանգները նման զարգացում չեն ուզեր եւ պիտի երթան լարուածութիւնը թուլացնելու ճանապարհով», ըսած է Ֆիտան:
Անդրադառնալով Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուած օդանաւակիր ուղարկելու Միացեալ Նահանգներու որոշումին` Ֆիտան շեշտած է, թէ ատիկա նոր բան չէ եւ առաւելապէս մարտավարական եւ ռազմավարական նպատակներ կը հետապնդէ:
Ըստ Ֆիտանի, կարծես թէ ամերիկացիները սկսած են Համասը Պաղեստինի տագնապին մէջ կողմ չընդունիլ իսրայէլացիներու պահանջով: Ան յիշեցուցած է, որ շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու հոգեբանական առաւելութիւնը զգալիօրէն խախտուած է:
«Պէտք է առանց նախապայմանի զինադադար հաստատուի», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ոչինչ կ՛արդարացնէ պաղեստինցի ժողովուրդին հաւաքական պատիժը եւ զայն վառելանիւթէ, ջուրէ եւ սննդեղէնէ զրկելը»:
«Երկու պետութիւններու լուծումը լաւագոյնն ու յարատեւն է, սակայն բաւարար չէ», ըսաւ Ֆիտան:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Փեքինի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Կազայի մէջ հիւանդանոցի ռմբակոծումը ողբերգութիւն եւ մարդկային աղէտ է, եւ կը յուսամ, որ տագնապը աւարտելու կարեւորութեան ազդանշանը ըլլայ»:
«Երկուշաբթի օր Միջին Արեւելքի ղեկավարներուն հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուս ընթացքին այն տպաւորութիւնը ստացայ, թէ գլխաւոր դերակատարները չեն ուզեր պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապը խորացնել», ըսաւ Փութին:
«Պաղեստինեան պետութեան ստեղծումը ճիշդ բանը պիտի ըլլայ եւ յարատեւ խաղաղութեան պայմաններ պիտի ստեղծէ», ըսաւ Քրեմլինի ղեկավարը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան իսլամական երկիրներուն կոչ ուղղեց` Իսրայէլին քարիւղի մատակարարումները արգիլելու եւ անոր դեսպանները վտարելու:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ «ցնցուած է եւ բուռն կերպով կը դատապարտէ» Կազայի մէջ հիւանդանոցի ռմբակոծումը` կոչ ուղղելով «անմիջապէս զինադադար հաստատելու եւ պատերազմին վերջ տալու»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ապպասի հետ եւ անոր ցաւակցութիւն յայտնեց Կազայի հիւանդանոցին մէջ «տեղի ունեցած պայթումի» զոհերուն համար` զօրակցութիւն յայտնելով պաղեստինցիներուն «օրինական ձգտումներուն»:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտարարեց. «Ամբողջ աշխարհը պէտք է իմանայ. Կազայի հիւանդանոցին վրայ յարձակած են բարբարոս ահաբեկիչները, ոչ թէ Իսրայէլի բանակը: Անոնք, որոնք դաժանաբար կը սպաննէին մեր երեխաները, կը սպաննեն նաեւ իրենց երեխաները»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն երէկ կէսօրէ առաջ հասաւ Թել Աւիւ, ուր հանդիպում ունեցաւ Նեթանիահուի հետ: Վերջինս հանդիպումէն առաջ յայտնեց. «Այսօր Միացեալ Նահանգներու հետ համագործակցութեան մակարդակը աննախադէպ է, եւ գիտեմ, թէ Համասի մօտ գտնուող առեւանգեալներու վերստանձնման մեր վճռականութիւնը կը բաժնէք»:
«Աշխարհը պէտք է միաւորուի Համասը պարտութեան մատնելու համար», ըսաւ ան` նշելով. «Պայտընի այցելութիւնը պատերազմի ժամանակ ամերիկացի նախագահի մը առաջին այցելութիւնն է»:
Իսրայէլի վարչապետը յայտարարեց, որ Պայտըն յստակ սահման քաշած է «քաղաքակրթութեան ուժերուն եւ բարբարոսութեան ուժերուն միջեւ»:
Պայտըն իր կարգին յայտնեց. «Ուզեցի Իսրայէլ գալ, որպէսզի այդտեղ գտնուող եւ ամբողջ աշխարհի մարդիկը գիտնան, որ Իսրայէլի կողքին կը կանգնինք»:
«Տխրեցայ եւ ջղայնացայ երէկ «Մաամատանի» հիւանդանոցի պայթումէն, եւ կը թուի, թէ անոր ետին միւս կողմը կանգնած է եւ ոչ թէ դուք», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Ամբողջ աշխարհը կը դիտէ տեսնելու համար, թէ ի՛նչ պիտի ընենք, եւ անհամբեր կը սպասեմ Նեթանիահուի հետ խոր բանակցութիւններուն», ըսաւ ան` նշելով. «Կ՛ուզենք վստահ ըլլալ, որ Իսրայէլ ունի Համասի յարձակումներուն հակադարձելու համար կարիք ունեցածը»:
Նշենք, որ Իսրայէլ Իսլամական ժիհատը ամբաստանեց «Մաամատանի» հիւանդանոցի ռմբակոծման համար: Իսլամական ժիհատը նշեց, որ այդ ամբաստանութիւնը Իսրայէլի կողմէ իր պատասխանատուութենէն ազատելու, իրականութիւնները կեղծելու եւ իր ոճիրները արդարացնելու ծիրին մէջ է:
Նեթանիահու Պայտընի հետ հանդիպումի աւարտին յայտնեց. «Համաս պատասխանատու է Կազայի մէջ մագլցումին, եւ պէտք է հաշուետուութեան ենթարկուի»` աւելցնելով. «Կազան պատերազմի մէկ այլ մարտադաշտ պիտի ըլլայ, որովհետեւ Համասը այլ տեսակի թշնամի է»:
Պայտըն իր կարգին ըսաւ. «Իսրայէլ առանձին չէ, կը շարունակենք ձեզի աջակցիլ»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ Իսրայէլի սեղմ կառավարութեան հետ գումարեց ժողով մը, որուն աւարտին յայտնեց. «Իսրայէլի մէջ պատերազմը երկարատեւ պիտի ըլլայ»:
Պայտըն աւելի ուշ Թել Աւիւի մէջ մամլոյ ասուլիս մը տալով նշեց. «Իսրայէլ եկայ հետս բերելով մէկ պատգամ, թէ առանձին չէք»:
Ան նշեց, որ տեսած է ամերիկեան տեղեկագիրներ, որոնք կը հաստատեն Կազայի մէջ «Մաամատանի» հիւանդանոցի ռմբակոծման իսրայէլեան պնդումը: Պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին, թէ ի՞նչը զինք վստահ կը դարձնէ, թէ Իսրայէլ պատասխանատու չէ ռմբակոծման, այլ երկրորդ կողմ մը, ան ըսաւ. «Պաշտպանութեան նախարարին ինծի ներկայացուցած տեղեկատուութիւնը»: