Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեպասթիեն Լըքորնիւ «Էքս»-ի վրայ գրած է. «Ֆրանսան Հայաստանի եւ հայերուն կողքին է: Մեր մշտական եւ վճռական աջակցութիւնը չի թուլանար»:
Ան գրառումին հետ կարճ տեսանիւթ հրապարակած է իր հայաստանցի պաշտօնակից Սուրէն Պապիկեանի օրեր առաջ Փարիզ կատարած այցելութեան եւ մամլոյ միացեալ ասուլիսին վերաբերեալ:


