Գլխաւոր լուրեր

Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդը Կոչ Կ՚ուղղէ Արցախի Անյապաղ Ապաշրջափակման

Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդը Կոչ Կ՚ուղղէ Արցախի Անյապաղ Ապաշրջափակման

Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդը (ԱԵԽ) վերջերս պաշտօնական յայտարարութիւն մը կատարելով՝ կոչ ուղղեց կարելի փութով Արցախի ապաշրջափակման՝ զայն նկատելով մարդկային մեծ աղէտ, որ անընդունելի է թէ՛ բարոյական, թէ՛ օրինական եւ թէ միջազգային օրէնքի իմաստով: Հետեւելով Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (ԵՀԽ), Եւրոպայի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (ԵԵԽ) եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (ՄԱԵԽ) կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն, Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդը եւս շեշտեց Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին հրամայականը: Յայտնենք,...

Այն Հելուէի Մէջ Զինեալ Բախումները Բուռն  Թափով Շարունակուեցան Ամբողջ Շաբաթավերջին

Այն Հելուէի Մէջ Զինեալ Բախումները Բուռն Թափով Շարունակուեցան Ամբողջ Շաբաթավերջին

Պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ հինգշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2023-ին վերսկսած զինեալ բախումները շարունակուեցան ամբողջ շաբաթավերջին` ստանալով բուռն թափ: Հըթթին, Թաուարէ, Պրաքսաթ եւ Պուսթան Քուտս, Ժապալ Հալիպ թաղամասերուն մէջ արձանագրուեցան բուռն զինեալ բախումներ` Ֆաթհ շարժումի եւ իսլամական խմբաւորումներու զինեալներուն միջեւ: Բախումներուն ընթացքին օգտագործուեցան գնդացիրներ եւ նռնականետեր: Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ արձանագրուած ռմբակոծումին եւ կրակոցներուն պատճառով ռումբերուն բեկորներն ու փամփուշտները հասան Սայտա,...

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ  Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Սամուէլ Շահրամանեան Ընտրուեցաւ Արցախի Նախագահ

9 սեպտեմբերին` ժամը 11:00էն ընթացք առաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտահերթ նիստը` Արցախի նախագահ ընտրելու օրակարգով։ Գաղտնի քուէարկութեան մասնակցեցան 23 պատգամաւորներ, որոնցմէ 22ը թեր քուէարկեց, իսկ մէկը` դէմ: Քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք Արցախի Ազգային ժողովը որոշեց Սամուէլ Սերգէյի Շահրամանեանը ընտրել Արցախի նախագահ:

Խմբագրական.  Արցախի Նախագահի Ընտրութիւնը Եւ Անհնարը Հնարաւոր Դարձնելու Վճիռը

Խմբագրական. Արցախի Նախագահի Ընտրութիւնը Եւ Անհնարը Հնարաւոր Դարձնելու Վճիռը

Այսօր, Արցախի Ազգային ժողովը կ՛ընտրէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ: Հակառակ ազրպէյճանական սպառնալիքներուն, ամէն ինչ կ՛ընթանայ սահմանադրական հունով: Պաշարուած վիճակի մէջ նոյնիսկ Արցախը բոլոր իրաւաչափութիւնները կը յարգէ եւ համահունչ Սահմանադրութեամբ կ՛ընտրէ հանրապետութեան նախագահ: Պետական հիմնարկներու յարգումը, սահմանադրական ժամկէտի մէջ տեղաւորուելով հրաժարած նախագահին փոխարէն նորը ընտրելը, ներքին կայունութիւնը պահպանելը եւ մանաւանդ ազրպէյճանական սադրանքներուն չներքաշուիլը Արցախին կը վերապահէ օրհասական պայմաններուն մէջ նոյնիսկ պետական մտածողութեան...

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահի Կոչը

Իշխանեանի Կոչը` Արցախի Ժողովուրդին. «Միասին Անհնարը Հնարաւոր Կը Դարձնենք»

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի այսօրուան ընտրութեան առիթով երէկ Արցախի նախագահի պաշտօնակատար, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան հետեւեալ կոչը ուղղեց արցախահայութեան. «Յարգելի՛ հայրենակիցներ, Վաղը` սեպտեմբերի 9-ին, Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան համաձայն` Ազգային ժողովն ընտրելու է Հանրապետութեան նախագահ: Ստեղծուած ոչ սովորական իրավիճակում այս քայլին ենք գնում ամէն օր աւելացող մարտահրաւէրներին արագ արձագանգելու, երկրի ներքին կեանքն արդիւնաւէտօրէն կազմակերպելու եւ արտաքին մարտահրաւէրներին յաւուր պատշաճի դիմագրաւելու...

Պլինքընի Տեղակալի Պաշտօնակատար  Քիմ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւններ  Ունեցած Է Միրզոյեանի Եւ Պայրամովի Հետ

Պլինքընի Տեղակալի Պաշտօնակատար Քիմ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւններ Ունեցած Է Միրզոյեանի Եւ Պայրամովի Հետ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով տեղակալի պաշտօնակատար Եուրի Քիմ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Ամերիկացի պաշտօնակատարը երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ քննարկած է շրջանային հարցեր: Նշենք, որ Քիմ աւելի ուշ «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Կառուցողական զրոյց ունեցած եմ...

Մուխթարայի Մէջ.   «Միասնաբար Պիտի Գործենք Ի Խնդիր Հայրենիքի  Միասնականութեան Եւ Հաշտութիւնը Ընդարձակելու Ամբողջ Լիբանանի Տարածքին»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Մուխթարայի Մէջ. «Միասնաբար Պիտի Գործենք Ի Խնդիր Հայրենիքի Միասնականութեան Եւ Հաշտութիւնը Ընդարձակելու Ամբողջ Լիբանանի Տարածքին» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Լեռնալիբանանի հաշտութեան 22-ամեակին առիթով մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ այցելեց Լեռնալիբանան, ուր դիմաւորուեցաւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունայի, ինչպէս նաեւ Լեռնալիբանանի տարբեր գիւղաքաղաքներու քաղաքական հեղինակութիւններուն կողմէ: Այս շրջագիծին մէջ Ռայի պատրիարքը Մուխթարայի մէջ դիմաւորուեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար եւ 2001-ին Լեռնալիբանանի հաշտութիւնը յայտարարած ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթի եւ մեծ...

Ազրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած  Երեք Երիտասարդները Վերադարձուած Են

Ազրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Երիտասարդները Վերադարձուած Են

7 սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան պետական սահմանի Հակարիի կամուրջի տեղամասին մէջ ազրպէյճանական կողմը Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերուն յանձնած է Արցախի բնակիչներ Ալեն Նելսոնի Սարգսեանը (ծնեալ` 5 յուլիս 2001-ին), Լեւոն Ժիրայրի Գրիգորեանը  (ծնեալ` 17 մայիս 2003-ին) եւ Վահէ Ջանբուլաթի Յովսէփեանը (ծնեալ` 12 յունիս 2003-ին): «Արմէնփրես»-ին այս մասին տեղեկացուցին Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն: Երիտասարդները 28 օգոստոսին Արցախէն Հայաստանի...

Երեւանը Կ՛արձագանգէ Պաքուին.  «Հայաստանը Շահագրգռուած  Չէ Ռազմական Մագլցումով»

Երեւանը Կ՛արձագանգէ Պաքուին. «Հայաստանը Շահագրգռուած Չէ Ռազմական Մագլցումով»

Հայաստան Ազրպէյճանէն ոչ մէկ տարածքային պահանջ ունի եւ նոյնը կ՛ակնկալէ Ազրպէյճանէն, երէկ յայտարարեց պաշտօնական Երեւանը` արձագանգելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթէն ետք Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան: Հայաստանի կառավարութեան երէկուան նիստին ընթացքին Փաշինեան խօսեցաւ Ազրպէյճանի ռազմական նոր գործողութիւններու կարելիութեան մասին: Պաքուն շտապեց հերքել` Փաշինեանի յայտարարութիւնը որակելով «քաղաքական ձեռնածութիւն»: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛ընդգծէ, որ ընկերային ցանցերու ազրպէյճանցի օգտատէրերը եւ ազրպէյճանական...

Քոնկրեսի Մէջ Արցախի Կացութեան  Հարցով Լսումներ.  Օքամփօ. «Մէկ Ցեղասպանութիւն Եղած Է,  Երկրորդը Պէտք Է Կանխարգիլել»

Քոնկրեսի Մէջ Արցախի Կացութեան Հարցով Լսումներ. Օքամփօ. «Մէկ Ցեղասպանութիւն Եղած Է, Երկրորդը Պէտք Է Կանխարգիլել»

Կան ողջամիտ հիմեր` հաւատալու, որ 2023 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերուն դէմ ցեղասպանութիւն կը գործուի: Այս մասին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ հրաւիրուած լսումներու ժամանակ յայտարարած է Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ: «Պարտադիր չէ, որ շատ մարդիկ մահանան: Կան տարբեր ձեւաչափեր, թէ ինչպէ՛ս կրնայ ցեղասպանութիւն ըլլալ: Մէկ պարագային կրնայ զոհերու թիւը զերօ ըլլալ, այսինքն` կարելի է ստեղծել...

Յ. Բագրատունի Այցելեց Պաշտպանութեան  Նախարարի Պաշտօնակատարին

Յ. Բագրատունի Այցելեց Պաշտպանութեան Նախարարի Պաշտօնակատարին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Պարոյր Տէր Ղուկասեանի, երէկ այցելեց պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Եարզէի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Յ. Բագրատունի Սլիմի հետ քննարկեց նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին վերաբերող զարգացումները, երկրին ապահովական իրավիճակը եւ բանակին անձնուէր...

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուած Է  Օգտագործելու «Պլումպըրկ Հարթակ»-ը`  «Սայրաֆա»-ի Փոխարէն

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուած Է Օգտագործելու «Պլումպըրկ Հարթակ»-ը` «Սայրաֆա»-ի Փոխարէն

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ 2024-ի պետական ամավարկի նախագիծը: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի յայտնեց, որ նիստին ընթացքին Միքաթի կառավարութեան կազմութեան երրորդ տարեդարձին առիթով յայտնած է, թէ կառավարութիւնը ընթացիկ հարցերը կը փորձէ լուծել եւ չի փափաքիր հայրենիքին տիրելու իմաստով այս կամ այն իշխանութիւնը փոխարինել: «Միքաթի յայտնեց, որ պատասխանատուութիւն ստանձնելը...

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին  Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու»  Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

«Ալֆա Նիուզ»-ի աղբիւրին համաձայն, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնը, ամենայն հաւանականութեամբ, յառաջիկայ շաբաթավերջին պիտի այցելէ Հայաստան` Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի լուծման վերաբերեալ նոր ըսելիքով: Այցելութիւնը նախատեսուած է 9-էն 10 սեպտեմբերի միջեւ: Կայ նաեւ տեղեկութիւն, որ Մաքրոն Երեւանէն ետք պիտի այցելէ Պաքու: Ֆրանսայի նախագահը նախապէս յայտնած էր, որ կը պատրաստուի բանակցութիւններ վարելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ եւ հանդէս գալու Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի...

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ  Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Արցախի խորհրդարանի 5 ուժերէն 4-ը` «Արդարութիւն»-ը, «Ազատ հայրենիք-ՔՄԴ»-ն, ՀՅ Դաշնակցութիւնն ու Արցախի ժողովրդական կուսակցութիւնը նախագահի թեկնածու առաջադրած են քանի մը օր առաջ պետական նախարար նշանակուած Սամուէլ Շահրամանեանը, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց Արցախի Ազգային ժողովի քարտուղարութեան պետ Անահիտ Քոչարեան: «Միասնական հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար Սամուէլ Բաբայեանն ալ յայտնած է, թէ իրենք քուէարկութեան պիտի չմասնակցին, նախագահի ընտրութեան օրը մտադիր են Ստեփանակերտի մէջ ցոյց...

Փաթել. «Կը Կրկնենք Մարդասիրական,  Առեւտրական Եւ Ուղեւորափոխադրումներու Համար  Լաչինի Միջանցքը Անյապաղ Վերաբանալու Մեր Կոչը»

Փաթել. «Կը Կրկնենք Մարդասիրական, Առեւտրական Եւ Ուղեւորափոխադրումներու Համար Լաչինի Միջանցքը Անյապաղ Վերաբանալու Մեր Կոչը»

Մենք Խորապէս մտահոգուած ենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական պայմաններու վատթարացումով, ինչ որ սննդամթերքի, դեղորայքի եւ այլ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու շարունակական արգելափակման հետեւանք է: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վետանթ Փաթել: Պատասխանելով հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերուն հետ հաղորդակցութիւններու մասին հարցումի մը` Փաթել ըսաւ. «Ասիկա բան մըն է, որուն մէջ պիտի շարունակենք խորապէս ներգրաւուած մնալ»:...

Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ողջունէ Լեռնային  Ղարաբաղի Մէջ Զինուորական  Գործողութիւններու Դադրեցումը

Եւրոպական Միութիւնը Ուշադրութեամբ Կը Հետեւի Վերջին Ամիսներու Ընթացքին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Աճող Լարուածութեան

Եւրոպական Միութիւնը մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւի Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժի շարունակական սահմանափակումներուն եւ Ղարաբաղի հայերուն վրայ ազդող մարդասիրական եւ անվտանգութեան լուրջ հետեւանքներուն: Այս մասին կը նշուի Եւրոպական Խորհուրդին մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան յայտարարութեան մէջ: Եւրոպական Միութիւնը կը յիշեցնէ, որ Բերձորի միջանցքով երթեւեկը խոչընդոտուած է գրեթէ 9 ամիսէ ի վեր, իսկ 15 յունիսին միջանցքը գրեթէ ամբողջութեամբ փակուած է` բացառութեամբ երբեմն իրականացուող...

Հոգեւոր Պետերը Եւ Քաղաքական  Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչները  Կոչ Կ՛ուղղեն Արցախի Զօրակցութեան  Համատարած Աշխատանքներ Ծաւալելու

Հոգեւոր Պետերը Եւ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչները Կոչ Կ՛ուղղեն Արցախի Զօրակցութեան Համատարած Աշխատանքներ Ծաւալելու

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հրաւէրով եւ մասնակցութեամբ հոգեւոր պետերու եւ երեք հայ քաղաքական կուսակցութիւններու բարձրագոյն մարմիններու ներկայացուցիչներուն, չորեքշաբթի, 6 սեպտեմբեր 2023-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ խորհրդակցական յատուկ նիստ մը` միակ օրակարգ ունենալով Արցախի ժողովուրդին զօրակցելու հրամայականը: Նիստին կը մասնակցէին Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տէրը, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վերապատուելի Փոլ...

Եւրոպական Միութեան Դիտորդական Առաքելութիւնը Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանային Իրավիճակին Մասին Զեկուցած Է Պրիւքսել

Եւրոպական Միութեան Դիտորդական Առաքելութիւնը Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանային Իրավիճակին Մասին Զեկուցած Է Պրիւքսել

Վերջին քանի մը օրուան ընթացքին Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը անհանգստութեամբ ականատես եղած է սահմանային շրջաններուն մէջ լարուածութեան աճին եւ փոխադարձ հրաձգութիւններուն, այս մասին առաքելութիւնը յայտարարած է «Էքս»-ի (նախկին «Թուիթըր») իր էջին մէջ: 1 սեպտեմբերին հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ զոհերու եւ վիրաւորներու յանգեցուցած ռազմական բախումներէն ի վեր ասիկա Հայաստանի մէջ տեղակայուած Եւրոպական Միութեան դիտորդական խումբի առաջին հրապարակային արձագանգն է արիւնալի...

Արցախի Հանրապետութեան Օրուան Առիթով Ազգային Ժողովի Նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը Շնորհաւորած Են Ամերիկացի Քոնկրեսականներ

Արցախի Հանրապետութեան Օրուան Առիթով Ազգային Ժողովի Նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը Շնորհաւորած Են Ամերիկացի Քոնկրեսականներ

Արցախի Հանրապետութեան օրուան առիթով Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը շնորհաւորած են Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի անդամներ, քոնկրեսականներ Ֆրենք Փալոնը, Էտըմ Շիֆը, Կուս Պիլիրաքիսը եւ Տէյվիտ Վալատաոն: Շնորհաւորանքի խօսքին մէջ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբը իր զօրակցութիւնն ու յանձնառութիւնը կը յայտնէ Արցախին` անկախութեան աւելի քան երեք տասնամեակներու տօնակատարութիւններու կապակցութեամբ: «Մենք կը շարունակենք աջակցիլ ձեր ժողովուրդին, որ անհաւանական տոկունութիւն...

Համազգայինի Նորաստեղծ Դրօշը Օրհնուեցաւ Արամ Ա. Վեհափառի Ձեռամբ

Համազգայինի Նորաստեղծ Դրօշը Օրհնուեցաւ Արամ Ա. Վեհափառի Ձեռամբ

Համազգայինը 95 տարիներէ ի վեր կը գործէր միայն իր տարբերանշանով. Միութեան վերջին` 9-րդ Պատգամաւորական ժողովը (մայիս 2022, Երեւան) հաստատեց միութեան դրօշի մը որդեգրման անհրաժեշտութիւնը: Արդարեւ, 4 սեպտեմբեր 2023-ին Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` բաղկացած Կեդրոնական եւ Լիբանանի Շրջանային վարչութիւններու անդամներէ, ՀՕՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեանց ներկայացուցիչներէ, Համազգայինի զանազան հաստատութիւններու տնօրէններէ, այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի...

Page 215 of 796 1 … 214 215 216 … 796

Արխիւներ