Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազայի Մէջ Իսրայէլեան Ցամաքային Ուժերուն Եւ Պաղեսինցի Զինեալներուն Միջեւ Կատաղի Կռիւներ

Նոյեմբեր 1, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ «Նիւ Եորք Թայմզ» յայտարարեց, որ «Իսրայէլ սկսած է Կազայի մէջ ցամաքային ներխուժման», Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ յայտարարեց, որ Իսրայէլ մուտք գործած է Կազայի մէջ Համասի դէմ պատերազմի երրորդ փուլ, որ կ՛ենթադրէ զինուորական գործողութեան ընդլայնում:

«Մենք պատերազմի մէջ ենք: Մենք մեր առջեւ յստակ նպատակ դրած ենք` ոչնչացնել Համասի զինուորական եւ վարչական ներուժը: Մենք ատիկա կ՛ընենք համակարգուած: Նախնական արգելափակման փուլը աւարտած է: Երկրորդ փուլը` անընդհատ շարունակուող օդային յարձակումներն են: Երրորդ փուլը` Կազա ցամաքային ներթափանցման ընդլայնումը», նշուած է Իսրայէլի վարչապետի յայտարարութեան մէջ, որ հրապարակուած է իսրայէլեան կառավարութեան մամլոյ ծառայութեան կողմէ:

Կազայի մէջ ցամաքային գործողութեան նպատակներու շարքին է գերիներու ազատ արձակումը: Նեթանիահու խոստացած է, որ Համասը, ի վերջոյ, «պիտի տապալի եւ պիտի պարտուի», եւ որ ատոր հետեւանքով «այլ Կազա պիտի ըլլայ»:

Իսրայէլի վարչապետը միեւնոյն ժամանակ նախազգուշացուցած է Հըզպալլան հիւսիսէն յարձակում կատարելէ: Անոր համաձայն, այդ պարագային կուսակցութիւնը «կեանքի սխալը» պիտի գործէ:

«Դուք պիտի ստանաք այնպիսի հարուած մը, որ չէք ալ կրնար պատկերացնել», աւելցուցած է Նեթանիահու:

Իսրայէլեան բանակը երէկ յայտարարեց, որ ցամաքային զօրքերուն առաջնորդութեամբ, կատաղի մարտեր կը մղէ Կազայի խորքին մէջ եւ տասնեակ պաղեստինցի զինեալներ սպաննուած են:

Բանակը նշեց, որ յարձակում գործած է պաղեստինեան Համաս շարժումի Կազայի հիւսիսը գտնուող դիրքերուն վրայ, ուր զէնքի մեծ պահեստ յայտնաբերուած է:

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ չորեքշաբթի գիշեր հարուածած է Համասի 300 թիրախ, ներառեալ հակահրասայլային հրթիռներու արձակման վայրեր եւ Համասի պատկանող ստորգետնեայ փապուղիներու մէջ գտնուող զինուորական համալիրներ:

Երէկ Կարմիր ծովու շրջանէն հրթիռ մը արձակուեցաւ Իսրայէլի ուղղութեամբ: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ «Հից» հակաօդային համակարգը Իլաթի վերեւ վնասազերծած է նշեալ հրթիռը: Նշեալ լրատուամիջոցները աւելցուցին, որ ասիկա 26 օր առաջ սկսած Կազայի պատերազմէն ի վեր առաջին անգամն է, որ Իլաթի վերեւ սպառնալիք մը կը վնասազերծուի:

Նախքան այդ, անօդաչու թռչող սարք մը Կարմիր ծովէն ներթափանցեց Իլաթ, ուր վար առնուեցաւ:

Եմէնի մէջ Անսարոլլա շարժումին պատկանող կառավարութեան վարչապետ Ապտել Ազիզ Սալեհ պըն Ժապուր ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ իրենք Կազայի դէմ պատերազմին հակադարձելով Իսրայէլի ուղղութեամբ անօդաչու թռչող սարքեր արձակած են:

Անսարոլլա շարժումի զինուորական բանբեր Եահիա Սարիհ յայտնեց, որ շարժումը մեծաթիւ թեւաւոր հրթիռներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր արձակած է «բռնագրաւեալ հողերուն մէջ թշնամիի տարբեր թիրախներու դէմ»:

Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան իշխանութիւնները Իլաթի ուղղութեամբ հրթիռարձակման հուսիներու քայլին հակադարձելու հարցը կը քննեն:

Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ցահի Հանեկպի յայտնեց. «Կազայի մէջ արգելափակուածները ազատ արձակելու վերաբերեալ համաձայնութեան հեռանկար գոյութիւն չունի, մինչ Իսրայէլ կը շարունակէ Կազայի ցամաքային ներխուժումը»:

Ան նաեւ նշեց, որ Եմէնի հուսիներուն Իսրայէլի վրայ յարձակումները «անհանդուրժելի են», սակայն իսրայէլեան հաւանական հակադարձութեան մասին մանրամասնութիւն չհաղորդեց:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն նշեց, որ Կազայի մէջ զինադադարը Համասին առիթ պիտի ընծայէ Իսրայէլի վրայ յարձակումները կրկնելու:

Միւս կողմէ, բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը, յղում կատարելով լաւատեղեակ աղբիւրներուն հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կը ջանայ եւրոպացի ղեկավարները համոզել ճնշում բանեցնելու Եգիպտոսի վրայ, որպէսզի ընդունի Կազայէն տեղահանուածները:

Նեթանիահուի առաջարկը Չեխիոյ, Աւստրիոյ եւ կարգ մը այլ երկիրներու կողմէ եւրոպացի ղեկավարներուն փոխանցուած է Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու հինգշաբթի եւ ուրբաթ օր տեղի ունեցած վեհաժողովի ընթացքին: Եւրոպական գլխաւոր երկիրները, մասնաւորաբար Ֆրանսան ու Գերմանիան, ինչպէս նաեւ Բրիտանիան մերժած են այդ առաջարկը եւ զայն նկատած ոչ իրատեսական` մատնանշելով Եգիպտոսի շարունակուող ընդդիմութիւնը Կազայէն տեղահանուածներ նոյնիսկ ժամանակաւորապէս ընդունելու գաղափարին:

Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի նախապէս յայտարարած էր, որ իր երկիրը կը մերժէ պաղեստինեան դատի զինուորական միջոցներով կամ պաղեստինցիները իրենց հողերէն բռնի տեղահանելով լուծելու որեւէ փորձ:

 

Նախորդը

Ռուս Խաղաղապահները Իրենց Սարքաւորումները Ռուսիա Կ՛ուղարկեն` Վերանորոգման Համար

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»
Գլխաւոր լուրեր

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?