Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծերակոյտի Լսումներու Ընթացքին Պլինքըն Հայաստանը Յիշատակած Է Իբրեւ Օգնութիւն Ստացող Երկիր

November 2, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

31 հոկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի յատկացումներու հարցերով յանձնախումբի լսումներուն, որոնք նուիրուած էին ազգային անվտանգութեան ոլորտին յաւելեալ 106 միլիառ տոլար տրամադրելու Պայտընի վարչակազմի խնդրանքին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն օգնութիւն ստացող երկիրներու շարքին յիշատակած է Հայաստանը:

«Ամերիկայի ձայն»-ին համաձայն, արտաքին գործոց նախարարը իր խօսքին մէջ ըսած է.

«Այս յատկացումը մեզի պիտի արտօնէ հասցէագրել մարդասիրական ծանր կարիքները, որոնք ի յայտ եկած են մենատէրներու եւ ահաբեկիչներու մեղքով, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ, Կազայի, Սուտանի, Հայաստանի մէջ եւ աշխարհի այլ վայրերու մէջ տագնապներու ու բնական աղէտներու հետեւանքով:

«Խաղաղ բնակիչներուն սնունդը, ջուրը, դեղորայքը եւ այլ անհրաժեշտ մարդասիրական օգնութիւնը պէտք է անարգել հասնի Կազա: Քաղաքային անձեր պէտք է հեռու մնան վտանգէն:

«Այս խնդիրը առաւել եւս կը բարդանայ, որովհետեւ Համասը խաղաղ բնակչութիւնը իբրեւ կենդանի վահան կ՛օգտագործէ: Անհրաժեշտ է քննել մարդասիրական զինադադարի հարցը», ըսած է Պլինքըն Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի յատկացումներու յանձնախումբի նախագահ, ծերակուտական Փեթի Միւրէյի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած լսումներու ընթացքին:

Պլինքըն նաեւ ընդգծած է, որ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի ընթացքին դէպի Կազա մարդասիրական օգնութեան մնայուն հոսքի բացակայութեան պայմաններուն մէջ լարուածութիւնը հաւանաբար ալ աւելի պիտի մեծնայ:

«Սի.Էն.Էն.» հաղորդեց, որ ամերիկացի ցուցարարներ խանգարած են լսումի ընթացքին Պլինքընի խօսքը: Անոնցմէ մէկը բացագանչած է. «Ժընեւի համաձայնագիրը կ՛արգիլէ բնակիչներով լեցուն շրջաններու ռմբակոծումը», «ցեղասպանութեան աջակցութիւնը դադրեցուցէ՛ք», «Դադրեցուցէ՛ք կրակոցը, փրկեցէ՛ք Կազայի մանուկները»: Ցուցարարները կարմիր ներկուած իրենց ձեռքերը վեր բարձրացուցած են:

Ապահովական մարմինները զանոնք սրահէն դուրս բերած են, սակայն կարճ ժամանակ ետք կին մըն ալ բացագանչած է. «Միացեալ Նահանգներ վայրագ ջարդի կ՛աջակցին», «աշխարհը կրակոցի դադրեցում կը պահանջէ, եւ ամերիկացի ժողովուրդի չ՛ուզեր աջակցիլ այս վայրագ պատերազմին: Դադրեցուցէ՛ք այս պատերազմը, դադրեցուցէ՛ք կրակոցը, դադրեցուցէ՛ք Կազայի ժողովուրդին դէմ Իսրայէլի գործած վայրագ այս ջարդին ֆինանսաւորումը»:

 

Նախորդը

«Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ցեղային Զտումը Ամերիկեան Լրատուամիջոցներու Կողմէ Արժանացած Է «Քար Լռութեան» Կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու Նախագահի Թեկնածուն

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (2 Նոյեմբեր 2023)

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.