Եւրոպական խորհուրդը 11-13 հոկտեմբեր 2023 Գաղթականութեան եւ փախստականներու հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Լէյլա Քայաճիքի այցելութենէն ետք կը նախապատրաստէ դէպի Հայաստան գաղթականներու ներհոսքին արձագանգելու միջոցառումներու համալիր փաթեթ:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` տեղեկութիւնը հրապարակուած է Եւրոպական խորհուրդի պաշտօնական կայքին մէջ:
Փաթեթը նպատակ ունի աջակցութիւն ցուցաբերել Հայաստանին վերջին շաբաթներուն ընթացքին Արցախէն տեղահանուած 100 հազար հայ, որոնց շարքին 30 հազար երեխայ հիւրընկալելու հետ կապուած խնդիրներու լուծման համար:
Հայաստան այցելութեան ընթացքին գաղթականութեան եւ փախստականներու հարցերով ծառայութիւնը համագործակցած է համապատասխան պետական մարմիններու, միջազգային գործընկերներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ: Լէյլա Քայաճիք այցելած է Արտաշատի համայնքապետարանի երկու ապաստարան:
Ան նախանշած է աջակցութեան այն ոլորտները, որոնք ներառուած են Եւրոպական խորհուրդի` Հայաստանի համար գործողութիւններու ծրագիրին մէջ (2023-2026 թուականներ) եւ Գաղթականութեան ու ապաստարանի պարունակին մէջ խոցելի անձերու պաշտպանութեան գործողութիւններու ծրագիրին մէջ (2021-2025 թուականներ):
Այդ ոլորտներն են` խոցելի վիճակի մէջ գտնուող գաղթականներու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ուժեղացումը` Ներքին գործոց նախարարութեան գաղթականութեան եւ քաղաքացիութեան ծառայութեան եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակի անմիջական աջակցութեամբ, մասնաւորապէս` խոցելիութեան գնահատման, ծառայութիւններու հասանելիութեան եւ գաղթականներու իրաւունքներու վերաբերեալ իրազեկութեան բարձրացման հարցերուն մէջ, առողջապահութեան եւ հոգեկան առողջութեան պահպանման մատչելիութիւնը, ներառեալ հոգեբանական աջակցութիւնը, խոցելի խումբերու հետ աշխատող մասնագէտներու կարողութիւններու հզօրացումը, կրթութեան ներառականութեան ապահովումն ու մասնագիտական ուսումնական ծրագիրներու վերանայումը, երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու կենսունակութեան բարձրացումը:
«Միջոցառումներու այս նպատակային փաթեթին միջոցով մենք պիտի աջակցինք մեր անդամ պետութեան` Հայաստանին եւ անոր ժողովուրդին, քանի որ անոնք կը բախին աննախադէպ դժուարութիւններու եւ մարտահրաւէրներու», շեշտած է Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Փէյչինովիչ-Պուրիչ:


