Մինչ երէկ Կազայի մէջ պաղեստինեան դիմադրութեան եւ ներխուժող իսրայէլեան ուժերուն միջեւ կատաղի կռիւները շարունակուեցան, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգները եւ այլ երկիրներ կը քննեն Համասէն ետք «Կազայի ապագայի բազմաթիւ տարբերակներ»:
Անոր համաձայն, Համասի սթաթիւս քոն շարունակել կարելի չէ, սակայն Իսրայէլն ալ «չ՛ուզեր կառավարել Կազան»:
Այդ երկու դիրքորոշումներուն միջեւ գոյութիւն ունին «բազմաթիւ հաւանական տարբերակներ, որոնք մենք, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներ այժմ կը քննենք», ըսած է Պլինքըն:
«Որոշ պահու մը առաւել խելամիտ պիտի ըլլար ստեղծումը արդիւնաւէտ եւ թարմացուած պաղեստինեան վարչակազմի մը, որ պիտի կարողանար կառավարել Կազան, սակայն հարցը այն է, որ արդեօք կարելի՞ է ատոր հասնիլ: Իսկ եթէ դուք չէք կրնար, ապա գոյութիւն ունին այլ ժամանակաւոր մեքանիզմներ, որոնց կրնան մասնակցիլ շրջանի շարք մը այլ երկիրներ: Անոնք կրնան ըլլալ միջազգային գործակալութիւններ, որոնք պիտի օգնեն ապահովել թէ՛ անվտանգութիւնը, թէ՛ ալ կառավարումը», ըսած է Պլինքըն:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր մը յայտարարեց, որ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը ուրբաթ օր պիտի այցելէ Իսրայէլ` տեղւոյն կառավարութեան անդամներուն հետ շարք մը ժողովներ գումարելու համար, ապա շրջանին մէջ այլ երկիրներ պիտի այցելէ:
«Պլումպըրկ», յղում կատարելով իր աղբիւրներուն, հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ կ՛ուսումնասիրեն Կազայի ապագայի տարբերակները, ներառեալ խաղաղապահներու մուտքը, եթէ իսրայէլեան ուժերը յաջողին դուրս մղել Համասը: Առաջին տարբերակը կ՛ենթադրէ խաղաղապահ ուժերու Կազա մուտքը, ինչպէս եղած է 1979-ին Եգիպտոսի եւ Իսրայէլի միջեւ, իսկ երկրորդը կ՛ենթադրէ, որ Կազան գտնուի ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր վերահսկողութեան տակ: «Պլումպըրկ» կ՛ընդգծէ, որ խօսակցութիւնները տակաւին սկզբնական փուլի մէջ են, եւ շատ բան կրնայ փոխուիլ:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իսրայէլ օդային հարուածներ հասցուցած է Կազայի մէջ գաղթականներու խիստ բնակեցուած Ժապալիա ճամբարին` պատճառելով առնուազն 50 զոհ եւ 150 վիրաւոր: Ըստ իսրայէլեան բանակին, սպաննուած է Համասի հրամանատար Իպրահիմ Պիարին, որ, ըստ բանակին, «առանցքային դեր» խաղցած է 7 հոկտեմբերին «Աքսայի ջրհեղեղ» յարձակումի ծրագրաւորման եւ գործադրման գործին մէջ:
Համասի բանբեր Հազեմ Քասեմ հերքեց ճամբարին մէջ որեւէ հրամանատարի ներկայութիւնը եւ այդ յայտարարութիւնը որակեց խաղաղ բնակիչներու սպանութեան պատրուակ:
Քասսամի փաղանգները յայտարարեցին, որ Ժապալիայի մէջ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով սպաննուած են 7 քաղաքային գերիներ, որոնց շարքին են 3 օտարահպատակներ:
Կազայի մէջ առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ երէկ Ժապալիայի մէջ իսրայէլեան ռմբակոծումին պատճառով արձանագրուած է «երկրորդ ջարդ» մը` պատճառելով տասնեակներով զոհեր, որոնց մեծամասնութիւնը երեխաներ են:
Ռաֆահի անցակէտը երէկ բացուեցաւ սահմանափակ թիւով օտարերկրեայ քաղաքացիներու Կազայէն Եգիպտոս հեռացման համար: Ասիկա առաջին դէպքն է, որ մարդոց կ՛արտօնուի հեռանալ Կազայէն: «Ժազիրա» հաղորդեց, որ աւելի քան 300 օտարահպատակներ Կազայէն անցած են Եգիպտոս: «Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ անցակէտին բացման համար Եգիպտոսի, Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ համաձայնութեան գոյացման համար միջնորդութիւն կատարած է Քաթարը:
Իսրայէլեան բանակը երէկ Կազայի վրայ թռուցիկներ նետեց` զգուշացնելով, որ ցամաքային ներխուժման պահը մօտալուտ է:
Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ Կազայի մէջ կռիւներուն ընթացքին սպաննուած իսրայէլացի զինուորներուն թիւը բարձրացած է 17-ի:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտնեց. «Կազայի մէջ Համասի դէմ կռիւներուն ընթացքին իսրայէլեան բանակի զինուորներու սպանութիւնը ծանր եւ ցաւալի հարուած է»: «Կազայի մէջ կատաղի կռիւներու ընթացքին արձանագրուած մեծ ձեռքբերումները դժբախտաբար սուղ գին կը պատճառեն», աւելցուց ան: «Ժազիրա» աւելի ուշ հաղորդեց, որ Կալանթ յայտնած է. «Ցամաքային գործողութեան ընթացքին գետնի վրայ ձեռքբերումներ կ՛ունենանք եւ յարձակում գործելու համար օգտագործուող փապուղիներ կը յայտնաբերենք»:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր կարգին յայտնեց. «Մենք դժուար պատերազմի մէջ ենք, որուն ընթացքին կարեւոր ձեռքբերումներ արձանագրեցինք, սակայն նաեւ ցաւալի կորուստներ ունեցանք»:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի երէկ դպրոցականներու եւ համալսարաններու ուսանողներու հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Ներկայիս ընթացող ճակատամարտը Կազայի եւ Իսրայէլի միջեւ չէ, այլ իրաւունքի եւ անիրաւութեան, մեծամտութեան եւ հաւատքի միջեւ ճակատում մըն է»:
«Իսլամական աշխարհը պէտք չէ մոռնայ, որ Ամերիկան, Ֆրանսան եւ Բրիտանիան են, որոնք Կազայի մէջ անիրաւուած պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ կը կանգնին», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Իսլամական երկիրները պէտք է արգիլեն սիոնական գոյացութեան քարիւղի եւ սննդեղէնի արտածումը»:
Յորդանան Թել Աւիւէն տուն կանչեց իր դեսպանը եւ Իսրայէլէն պահանջեց իր դեսպանը Ամման չվերադարձնել: Կազայի մէջ պատերազմին պատճառով Պոլիվիան խզեց Իսրայէլի հետ իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները, իսկ Քոլոմպիան եւ Չիլին տուն կանչեցին իրենց դեսպանները:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ հրթիռներով զինուած իր մարտանաւերը հասած են Կարմիր ծովու շրջան: Յիշեցնենք, որ եմէնեան Անսարուլլա շարժումը թեւաւոր հրթիռներով եւ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումներ գործած էր Իսրայէլի վրայ եւ շեշտած, որ յաւելեալ յարձակումներ պիտի գործէ, մինչեւ որ Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումը դադրի:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Ժամալ Ռուշտի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց. «11 նոյեմբերին Ռիատի մէջ Արաբական-ափրիկեան վեհաժողովին հետ միատեղ արաբական արտակարգ վեհաժողով պիտի գումարուի»: «Արտակարգ նիստին նպատակը Պաղեստինեան դատի ընդհանուր պարունակին մէջ Կազայի մէջ կացութեան քննարկումն է», աւելցուց ան:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ յայտարարեց. «Չենք ուզեր, որ այս պատերազմը ընդլայնի եւ ներառէ շրջանին մէջ դրացի այլ երկիրներ»:
Ֆիտան Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն ԷԱմիր Ապտոլլահեանի հետ Անգարայի մէջ տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ Անգարան պատրաստ է դառնալ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի տագնապը լուծելու առումով երաշխաւոր:
«Ուքրանիոյ եւ Կազայի համար տարբեր չափորոշիչներ չեն կրնար ըլլալ, եթէ կ՛ուզենք հաստատել արդար խաղաղութիւն, ապա պէտք է գործենք սկզբունքային եւ հաւասարակշռուած», յայտարարեց թրքական դիւանագիտութեան պետը:
Ան ըսաւ, որ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին «մօտիկ ապագային» Թուրքիա պիտի այցելէ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին յայտնեց. «Ամերիկան եւ Իսրայէլը սուղ գին պիտի վճարեն, եւ եթէ Կազայի մէջ տագնապը շարունակուի, շրջանին մէջ նոր զարգացումներ տեղի պիտի ունենան, եւ տագնապը կրնայ դէպի այլ շրջաններ ընդլայնիլ»:
«Հըզպալլայի անուան միայն նշումը, այլեւս թշնամիին մօտ վախ կը յառաջացնէ», նշեց ան: