Միացեալ Նահանգներ դադրեցուցած են Ազրպէյճանին տրամադրուող զինուորական եւ այլ տեսակի օգնութիւնը, չեղեալ յայտարարած են բարձր մակարդակի որոշ այցելութիւններ, իսկ Ուաշինկթըն Պաքուին ազդարարած է, որ երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորում պիտի չըլլայ, այնքան ատեն որ տակաւին Հայաստանի հետ խաղաղ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց չէ արձանագրուած: ԹԱՍՍ լրատու գորակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ Արցախի նիւթով լսումներու ժամանակ յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ճէյմս Օ՛Պրայընը:
«Մենք յստակ հասկցուցած ենք, որ 19 սեպտեմբերի իրադարձութիւններէն ետք Ազրպէյճանի հետ ոչինչ բնական պիտի ըլլայ, քանի տակաւին խաղաղութեան ճամբուն վրայ յառաջընթաց չենք տեսած: Այսպիսով, մենք չեղեալ նկատած ենք բարձր մակարդակի շարք մը այցելութիւններ, դատապարտած Պաքուի քայլերը», ըսած է բարձրաստիճան դիւանագէտը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնականին համաձայն, իրենք բազմիցս ազդարարած են, որ Հայաստանի մէջ ուժի կիրարկումը կտրականապէս անընդունելի է: Ան խոստովանած է, որ Ազրպէյճանը Միացեալ Նահանգներու ուշադրութեան ներկայացուցած է նման ծրագիրներու բացակայութեան մասին տեղեկութիւն:
«Պաքուի իշխանութիւնները մեզի հաւաստած են, որ իրենք նման մտադրութիւն չունին: Եւ մենք շատ ուշադիր կը հետեւինք զօրքերու տեղաշարժին եւ որեւէ նշանի, որ անոնք կրնան այլ ծրագիրներ ունենալ: Ինչպէս նշեցի, մենք անոնց ըսած ենք` սովորականին պէս գործերուն վերադառնալու կարելիութիւն չկայ, որովհետեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը կնքուած չէ», աւելցուցած է ան:
Ըստ դիւանագէտին, Միացեալ Նահանգներ, ամրապնդելով իր ներկայութիւնը, պէտք է հասնի անոր, որ ռուս խաղաղապահները հնգամեայ ժամկէտի աւարտէն ետք հեռանան:
«Ներկայիս այնտեղ ռուսական զօրքերն են: Եթէ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը այլընտրանք ունենան, ռուս խաղաղապահներու կարիքը այլեւս չ՛ըլլար», ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնականը:
Ան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզեն, որ Հայաստանը մերձենայ անդրատլանտեան դաշնակիցներուն, եւ ծրագիր կը մշակեն ատոր ապահովման համար:
«Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյեն հրապարակաւ յայտարարած է, որ մտադիր է հանդիպում կատարել մեր եւ Հայաստանի միջեւ` Երեւանը մեր համայնքին մօտեցնելու նպատակով: Այս մասին քանի մը օր առաջ խօսած եմ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Մենք կը քննարկենք, թէ ատիկա ի՛նչ տեսք կրնայ ունենալ», յայտարարած է դիւանագէտը:
Անոր համաձայն, հաշուի առնելով աշխարհագրական դիրքը, առաջարկը, որ Եւրոպական Միութիւնը կրնայ ընել առեւտրական նախապատուութիւններու, տնտեսական համագործակցութեան եւ միասնական շուկայ մուտք գործելու առումով, չափազանց կարեւոր է, իսկ Միացեալ Նահանգներ կրնան այդ հարցին մէջ օգնել:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնականը նաեւ աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպան նաեւ կ՛աշխատին Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման յաւելեալ միջոցներու վրայ:
«Մենք կը քննենք մեր ունեցած բոլոր գործիքները: Ես չեմ պատրաստուիր պատժամիջոցներու վերաբերեալ որոշումներու մասին կանխատեսումներ ընելու, սակայն ատիկա, ի հարկէ, մեր զէնքերէն մէկն է», ընդգծած է ան:
Ան յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները` արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի յանձնարարութեամբ, համապարփակ եւ թափանցիկ զեկուցում կը պատրաստեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցածին վերաբերեալ:
Բարձրաստիճան դիւանագէտը շեշտած է, որ զեկուցումը ոչ միայն Արցախի դէմ ազրպէյճանական յարձակումին օրը տեղի ունեցածը պիտի ներառէ, այլ նաեւ ատոր նախորդած ամիսներու իրադարձութիւնները: Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի օգտագործեն այն տեղեկութիւնը, որ ստացած են միջազգային հասարակական կազմակերպութիւններէն:
«Մենք կ՛աշխատինք Հայաստանին աջակցելու վրայ: Ես շատ տպաւորուած եմ Հայաստանի կառավարութեան բարեփոխումներու եւ քաղաքական, ուժանիւթային, անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ յարաբերութիւնները բազմազանեցնելու յանձնառութեամբ, եւ ես կը կարծեմ, որ մեր պարտքն է օգնել Հայաստանի ժողովուրդին դիմանալու այս դժուար կացութեան մէջ, որպէսզի այն խիզախ որոշումները, որ անոնք տուած են, անոնց օգնեն հասնիլ աւելի անվտանգ եւ բարգաւաճ ապագայի», յայտարարած է ան:
Օ՛Պրայըն յայտարարած է, որ ամերիկեան վարչակազմին կարծիքով` Հայաստանի եւ Ազրպէյճան` խաղաղութեան համաձայնութեան հասնիլը այժմ կախեալ է Պաքուէն: Ակնարկելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին` ան յայտնած է. «Կը թուի, թէ ան պատրաստ է ռիսքի դիմելու յանուն խաղաղութեան»:
Ըստ Օ՛Պրայընի, իրականութեան մէջ հարցումը այն է, թէ արդեօք Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պատրա՞ստ է նոյն ձեւով վարուելու: «Ան յայտարարեց, թէ պատրաստ է», աւելցուցած է ան: